Նշանաւորուեցաւ ՀՈՒՍԿ-ի Անցած 40-ամեայ Ուղին

Սփիւռք

Թեհրանի Հայ Դատի յանձնախումբ՝ Հայկական հարցերու Ուսումնասիրութեան կեդրոնը (ՀՈՒՍԿ) բոլորեց իր գործունէութեան 40-ամեակը: Հայ Դատ, հայկականութիւն եւ հայ ժողովուրդի գոյապայքարը իմաստաւորող եւ անոնց ուժ ու ոգի փոխանցող Հայրենիքի գաղափարով տոգորուած ձեռնարկը մեկնարկեց Տէրունական աղօթքով, Իրանի, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու պետական հիմներով:

ՀՈՒՍԿ-ի 40-ամեակին առիթով, Մարտ 1-ի երեկոյեան, հանդիսութիւն կազմակերպուած էր Հայ հասարակական միութեան (Հայ ակումբի) սրահին մէջ:

Հանդիսութիւն, որ զուգորդուած էր բանախօսութեամբ, շնորհաւորական ու 40-ամեայ աշխատանքները ներկայացնող արտայայտութիւններով ու տեսաֆիլմերու ցուցադրութեամբ: Ձեռնարկին բացման խօսքը փոխանցեց Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ եւ 40-ամեակի յանձնախումբի նախագահ Շաքէ Աւետեան, որմէ ետք, օրուան հաղորդավար Նայիրի Բալայեան բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօս՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Բիւրոյի քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը, որ՝ անդրադառնալով աշխարհասփիւռ ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակներու աշխատանքներուն, համապարփակ գիծերով անդրադարձաւ ՀՈՒՍԿ-ի գործունէութեան:

Հանդիսութեան իրենց խօսքը փոխանցելու հրաւիրուեցան՝ Իրանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արսէն Աւագեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ եւ ՀՀ Ազգային ժողովի «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան, ՀՅԴ Իրանի Հիւսիսային շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ ՀՈՒՍԿ-ի ժամանակի նախագահ Արամ Շահնազարեան, Իսլ. խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեան, Իսլ. խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան ժամանակի պատգամաւոր եւ ՀՈՒՍԿ-ի տարբեր շրջաններու վարչութիւններու անդամ Գէորգ Վարդանեան եւ Թեհրանի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայ նախագահ Իսիկ Իւնանէսեան, իսկ եզրափակիչ խօսքի համար՝ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեան: Ձեռնարկին ընթացքին ընթերցուեցան ուղերձներ:

Հանդիսութեան՝ երկու հատուածներով ցուցադրուեցաւ ՀՈՒՍԿ-ի 40-ամեայ արտաքին ճակատի ու ներհամայնքային ծաւալած աշխատանքները:

Ներկայ էին՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ ՀՈՒՍԿ-ի հիմնադիրներէն ճրտգ. Վիգէն Բաղումեան, Թեհրանի եւ հիւս. Շրջանի ՀՅԴ Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչը, «Հայ Դատն այսօր» 14-րդ խորհրդաժողովին իբրեւ բանախօս-զեկուցաբերներ հրաւիրուած հիւրեր, յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդները, Ատրպատականի եւ Սպահանի հայոց թեմերու, ազգային իշխանութեան, մարմիններու, մարզա-մշակութային ու հասարակական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ՀՈՒՍԿ-ի բարեկամներ: