Ամերիկայի Հայ Դատի Գրասենեակը ԱՄՆ Իշխանութիւններուն Կոչ Կ՝ընէ Ընդլայնելու Արցախին Յատկացուող Աջակցութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակը ամերիկեան իշխանութիւններուն կոչ կ՝ընէ ընդլայնելու Արցախին յատկացուող աջակցութիւնը 2024-ին՝ զայն հասցնելով 75 միլիոն տոլարի՝ հաշուի առնելով արդէն գրեթէ երեք ամիս երկարող շրջափակումը, 2020-ի պատերազմին հետեւանքները։

ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբի մամուլի քարտուղար Էլիզապէթ Չուլճեանի տեղեկութիւններով՝ արդէն յաջորդ շաբաթ ԱՄՆ Քոնկրեսը պիտի սկսի 2024-ի պիւտճէի քննարկումները:

«Դժբախտաբար, Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կրճատած է մարդասիրական օժանդակութիւնը դէպի Արցախ, միայն փոքր բաժին մը կը տրամադրէ ականազերծման աշխատանքներուն համար։ Նկատի ունենալով շրջափակումը, հաշուի առնելով 2020-ի պատերազմը, նկատի ունենալով ազրպէյճանի կառավարութեան շարունակական ճնշումը եւ յարձակողական կեցուածքը Արցախի հանդէպ, այդ գումարը պէտք է բարձրանայ»,- «Ազատութիւն» ռատիոկայանին ըսած է Չուլճեանը։

Միացեալ Նահանգները այս տարուան պիւտճէով Հայաստանին նախատեսած է 60 միլիոն տոլարի աջակցութիւն՝ տնտեսական զարգացման, մասնաւոր հատուածի արդիւնաւէտութեան, ուժանիւթի անվտանգութեան, ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան ծրագրերուն համար։

Պայտընի վարչակազմը 24 միլիոն տոլար նախատեսած էր նաեւ 2022-ի համար, սակայն Քոնկրեսը, ի վերջոյ, այդ գումարը կրկնապատկած էր՝ հասցնելով 45 միլիոն տոլարի, միաժամանակ, օրէնսդիրները նաեւ 2 միլիոն տոլար յատկացուցած էին Արցախին՝ ականազերծման համար։

Հայ Դատի յանձնախումբը կը կարծէ, որ ակնկալուող 75 միլիոն տոլարով հնարաւոր պիտի ըլլայ նպաստել տեղահանուածներու, Արցախի ուժանիւթի անվտանգութեան, կրթութեան, առողջապահութեան, սնունդի, ինչպէս նաեւ ականազերծման խնդիրներու լուծման։

«Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը արդէն սկսած է աշխատիլ թէ՛ քոնկրեսական ղեկավարներու հետ, թէ՛ անշուշտ կը շարունակենք երկխօսութիւնը Ամերիկայի գործադիր մարմնին հետ, որպէսզի ընդլայնենք օժանդակութիւնը դէպի Արցախ եւ շարունակենք օժանդակութիւնը դէպի Հայաստան, որ կարենան վերացնել թուրքիոյ եւ ազրպէյճանի շարունակական ճնշումները»,- ըսած է Չուլճեան։

Ըստ անոր՝ Հայ Դատի գրասենեակը այսչափ մեծ գումար կը խնդրէ ԱՄՆ իշխանութիւններէն՝ հաշուի առնելով անցեալ տարիներուն կրճատումները, ինչպէս նաեւ ազրպէյճանի յարձակողական կեցուածքը, պարբերական ճնշումները Արցախի հանդէպ։