Սփիւռքի Գործօնը` Անգարայի Նախնական Թիրախ․ «Ազդակ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Թուրքիոյ նախագահին կատարած վերջին յայտարարութիւնը` ուղղուած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքին, քանի մը դիտարժան ուղերձներ կը բովանդակէ:

Նախ մէջբերենք յայտարարութիւնը` «Թուրքիան Հայաստանէն կ՛ակնկալէ տարածաշրջանին մէջ դրական քայլեր: Ներկայ պահուն մենք բաւարար քայլեր չենք տեսներ Երեւանի կողմէ Անգարայի եւ Պաքուի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ: Չեմ կրնար ըսել, որ այս փուլը արդէն անցած է: Սփիւռքի մէջ կ՛աշխատին անոնց դէմ, ինչ որ բացասաբար կ՛անդրադառնայ գործընթացին վրայ: Հայաստանի ղեկավարութիւնն է, որ կ՛ուղղէ գործընթացը դէպի դրական ուղղութիւն: Մենք կը փորձենք ընկերանալ, ոչ թէ թշնամիներ ձեռք բերել»:

Այսպէս. նախ պէտք է արձանագրել, որ նախավերջին յայտարարութեան համեմատ Թուրքիոյ նախագահը գաղջ գնահատական տուած է հայկական կողմին: Հայաստանի վարչապետին հետ ունեցած հանդիպումին առիթով ան ջատագոված էր Փաշինեանի մօտեցումներն ու ջանքերը` յարաբերութիւններու բարելաւման ուղղութեամբ:

Հիմա փորձենք նկատել այս «յետքայլ»-ի տրամաբանութիւնը: Թուրքիան Հայաստանէն կ՛ակնկալէ դրական քայլեր: Այս կը նշանակէ, որ հայկական կողմէն կը սպասուին Թուրքիոյ համար ընդունելի քայլեր, որոնք տակաւին չեն առնուած:

Ապա քիչ մը աւելի  կը բացուի փակագիծը` հաստատելու համար, որ Երեւանը Անգարայի եւ Պաքուի ուղղութեամբ կարգաւորման նպատակով թուրքեւազրպէյճանական կողմէն սպասուած քայլերը չէ առած տակաւին: Այդ քայլերը չեն մանրամասնուիր, այդուհանդերձ պարզ է, որ անոնք կը վերաբերին միջանցքի տրամադրումին եւ սահմանազատման գործընթացի մեկնարկին: Այստեղ եւս կը շեշտուի Հայաստան-Ազրպէյճան եւ Հայաստան-Թուրքիա բնականոնացման գործընթացներու փոխկապակցուածութիւնը:

Այս ակնկալութիւնները նշելէ ետք, Թուրքիոյ նախագահը վերստին դրական ազդակ կ՛ուղղէ Երեւանին` ընդգծելով, որ Երեւանը գործընթացը կը փորձէ ուղղել դէպի դրական ընթացք, սակայն սփիւռքն է, որ բացասական կ՛ազդէ այս բոլորին վրայ` խոչընդոտելով գործընթացը:

Թիրախները թէ՛ Երեւանը, թէ՛ սփիւռքն են: Բանաձեւը հետեւեալն է. Երեւանը չ՛իրականացներ Անգարայի եւ Պաքուի ակնկալութիւնները, որովհետեւ սփիւռքը կ՛արգելակէ գործընթացը:

Իսկ վերջին նախադասութիւնը ուղղուած է միջազգային հանրութեան, թէ Թուրքիան ոչ թէ թշնամիներ, այլ բարեկամներ կ՛ուզէ ձեռք ձգել: Ագուցելով յայտարարութեան մասերը` Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան բարեկամներ ձեռք բերելու այս գերակայ ուղղութիւնը չ՛արդիւնաւորուիր սփիւռքին պատճառով:

Համանման յայտարարութիւններ կը հնչեն նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին կողմէ: Թուրքիոյ դիւանագիտութեան ղեկավարին սեպտեմբերին կատարած յայտարարութեան վերջին բաժինը այժմէական նշանակութիւն ունի: Ան կը մեղադրէր Միացեալ Նահանգներու հայկական սփիւռքի որոշակի շրջանակները, որոնք, իր կարծիքով, դէմ են Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու  կարգաւորման:

Այստեղ արդէն խաղի կանոններու նուրբ փոփոխութիւն կայ, եւ խնդիրը չի վերաբերիր միայն միջազգային հանրութեան ցոյց տալու, որ գործընթացները խանգարողը հայկական կողմն է, յատկապէս սփիւռքը: Ընդգծելով յատկապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական գործօնի դերը, քննադատութիւնը կ՛ուղղուի պաշտօնական Ուաշինկթընին, որուն հետ  լարուածութեան մագլցողականութիւն կը գրանցուի:

Գործընթացի խանգարման պատասխանատուութեան բաժին կայ Ուաշինկթընին: Այս անուղղակի պատասխանատուութիւնը այլ ճակատներու վրայ ուղղակի է. Անգարայի պատասխանատուները չեն վարանիր նոյնիսկ խօսելու  Անգարա-Ուաշինկթըն դաշինքի վերանայման մասին:

Լարուածութիւնը այս պահու դրութեամբ յայտարարողական մակարդակի վրայ է: Մինչ այժմ չեն հերքուած Անգարայի մէջ Մոսկուա-Ուաշինկթըն հետախուզական բաժանմունքներու ներկայացուցիչներու ձեւաչափով սկսուած բանակցութիւնները:

Վերադառնանք սփիւռքի դերին եւ Միացեալ Նահանգներու հայկական գործօնին: Ներկայ իրադարձութիւնները նկատի ունենալով` Անգարան հետզհետէ կը շրջանցէ սփիւռքը եւ կը սաստկացնէ իր քննադատութիւնները ուղղակի Ուաշինկթընին դէմ` մեղադրելով Միացեալ Նահանգները յարաբերութիւններու բնականոնացումը խոչընդոտելու յանցանքով: