«Թուֆէնքեան» Բարեգործական Հիմնադրամը Վերակառուցեց Կարմիր Շուկայի Մէջ Բնակող Բազմազաւակ Ընտանիքի Մը Տունը

Հայաստան, Սփիւռք

«Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամին կողմէ վերակառուցուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Մարտունի շրջանի Կարմիր Շուկայ համայնքի բնակիչ, բազմազաւակ ընտանիքի հայր, 44-օրեայ պատերազմին վիրաւորուած Արտակ Շահնազարեանին առանձնատունը:

Նոյեմբեր 14-ին տեղի ունեցաւ Շահնազարեաններու ընտանիքի վերակառուցուած առանձնատան բնակարանամուտը:

Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Արտակ Շահնազարեան պատմեց, որ 44-օրեայ պատերազմին թշնամիին կողմէ Կարմիր Շուկայի հրթիռակոծութեան պատճառով մասնակի վնասուեցաւ նաեւ իրենց տունը:

«Աշխարհազօրայիններու կազմին մէջ մասնակցելով հայրենիքի պաշտպանութեան` 2020 թուականի Հոկտեմբեր 28-ին ոտքերէս վիրաւորուեցայ: Տան պայմանները այդքան ալ բարւոք չէին: Մեզի համար այսօր մեծ ուրախութիւն է, որովհետեւ կարելիութիւն ընձեռուեցաւ ապրելու այսպիսի յարմարաւէտ պայմաններու մէջ», ըսաւ Ա. Շահնազարեան: Սահմանամերձ գիւղի բազմազաւակ` 5 երեխայ ունեցող ընտանիքի հայրը իրենց ապագան հայրենի ծննդավայրին մէջ կը տեսնէ: «Ուր ալ ըլլանք, մէկ է` մեր տունն ու տեղը ուրիշ է: Այստեղ մենք բոլորս ալ հոգեպէս ուժեղ ենք»,- ընդգծեց Ա. Շահնազարեան:

Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին «Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամի հասարակական կապերու տնօրէն Ռուբէն Ճանպազեան նշեց, որ իրենց համար նոյնպէս մեծ ուրախութիւն է փոքր լումայ ներդնելը սահմանամերձ գիւղերու մէջ, եւ այս թիւին մաս կը կազմէ Կարմիր Շուկան եւս:

«Մենք մեր կարելին կ՛ընենք, որպէսզի ժողովուրդին դէմքին վրայ ժպիտ ըլլայ: Շինարարները ջանք չխնայեցին տունը գեղեցիկ տեսքի բերելու համար: Շնորհակալ ենք աշխարհի տարբեր ծագերուն մէջ գտնուող մեր այն նուիրատուներուն, որոնք աջակցեցան այս ծրագրի իրականացման»,- աւելցուց Ռ. Ճանպազեան` հաւաստիացնելով, որ հիմնադրամը պիտի շարունակէ ամուր կանգնիլ արցախցիի կողքին եւ տարբեր ծրագիրներ իրականացնել Արցախի մէջ: