Հայաստան-Արցախ Երիտասարդական Ֆորումի Մասնակիցները Հանդէս Եկած են Համատեղ Յայտարարութեամբ

Հայաստան, Սփիւռք

Սոյն թուականի Նոյեմբեր 12-ին, Ստեփանակերտի մէջ կայացած է Հայաստան-Արցախ երիտասարդական ֆորում, որուն աւարտին մասնակիցները հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութեամբ.

Արձանագրելով՝ ՀՀ իշխանութիւններուն կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած «խաղաղութեան դարաշրջան» գաղափարին, որ արժանապատիւ խաղաղութեան հետ ընդհանրապէս որեւէ աղերս չունի եւ իրականութեան մէջ Արցախն ու Հայաստանը կը տանի նոր պատերազմի ճանապարհով,

Հաշուի առնելով՝ ՀՀ իշխանութիւններուն յարմարուողական, զիջողական, կրաւորական կեցուածքը, որոնք իրենց գործողութիւններով խուճապ եւ պարտուողական տրամադրութիւններ կը սերմանեն հասարակութեան՝ մասնաւորապէս երիտասարդութեան մէջ,

Փաստելով, որ այս օրհասական ժամանակահատուածին անհրաժեշտ է միաւորուիլ եւ համախմբել համայն հայութեան միջոցները՝ յանուն միասնական նպատակներու ու պայքարի, որ մէկ անգամ կը կը վերահաստատէ, որ Արցախն ու Հայաստանը ունին կարմիր գիծեր, որոնց հատումը նոր ողբերգութիւններու պիտի յանգեցնէ, որուն մասին բազմիցս յայտարարուած է, նաեւ Ապրիլ 14-ի եւ Հոկտեմբեր 30-ի ԱՀ Ազգային Ժողովի եւ Արցախի բոլոր ուժերուն կողմէ ընդունուած եւ հաստատուած յայտարարութիւններով, ինչպէս նաեւ Արցախի ժողովուրդին աննախադէպ միասնական հանրահաւաքով, համոզուած ըլլալով, որ ՀՀ իշխանութիւնները ի զօրու չեն հայանպաստ քայլեր եւ գործողութիւններ իրականացնելու, ականատես ըլլալով՝ ՀՀ իշխանութիւններու՝ Արցախը յանձնելու եւ ՀՀ տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը զիջելու քաղաքականութեան՝ կը յայտարարենք.

1. Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը եւ անոր սպասարկող վարչախումբը պարտաւոր են անյապաղ եւ ամբողջութեամբ դադրեցնել թուրք-ազրպէյճանական տանդեմի յաւակնութիւնները բաւարարելուն ուղղուած ստորացուցիչ գործընթացը:

2. Կը դատապարտենք հայ ժողովուրդը պառակտող հակազգային բոլոր գործողութիւնները: Ստեփանակերտի մէջ կայացած բազմահազարանոց հանրահաւաքը մէկ անգամ եւս ընգծեց Արցախի պետականութեան պահպանման եւ հզօրացման հարցով հասարակութեան եւ քաղաքական ուժերու միանսականութիւնն ու անոր անհրաժեշտութիւնը:

3. Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է վերջ դնեն Հայաստանն ու Արցախը տարածաշրջանային, աշխարհաքաղաքական աւանտիւրաներու մէջ ներքաշելու գործողութիւններուն:

4. Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները պարտաւոր են յստակ գնահատական տալու Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի եւ իշխանութիւններու ոչ հայանպաստ գործողութիւններուն եւ այնպիսի կեղծ օրակարգին ինչպէս՝ «Արցախը յանձնելով փրկում ենք Հայաստանը» թեզը, քանզի Հայաստանը եւ Արցախը անվտանգային առումով մէկ ամբողջականութիւն են եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին ուղղուած հարուածը հաւասարազօր է միւսի թիրախաւորման:

5. Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւոր կը հանդիսանայ Արցախի պաշտպանութեան բանակը, ուստի անընդունելի է որեւէ գործողութիւն, որ ուղղուած է ԱՀ ՊԲ-ի հիմքերու տկարացման ու կազմաքանդման: Կ՝արձանագրենք, որ այսօր Արցախի մէջ խաղաղութիւնը եւ ԱՀ ժողովուրդի անվտանգութիւնը կ՝ապահովուի ԱՀ ՊԲ-ի եւ Արցախի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահ զօրախումբի համատեղ ջանքերով:

6. Միջազգային հանրութենէն կը պահանջենք տէր կանգնիլ իր իսկ կողմէ հռչակուած համամարդկային արժէքներուն եւ դատապարտել Ազրպէյճանի հայասպան, հայերու հանդէպ ատելութիւն սերմանող, յարձակողական պահուածքը, միջազգային տարբեր գործիքակազմերով, նաեւ՝ պատժամիջոցներու կիրառումով, սանձելու Ազրպէյճանը:

7. Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը պէտք է վերադարձուի բանակցութիւններու սեղան, քանզի արցախահայութեան կեանքի, արժանապատւութեան, ազատութեան, իր ապագան ինքնուրոյն տնօրինելու իրաւունքները սակարկման ենթակայ չեն:

8. Արցախը եղած է, կայ ու պիտի մնայ հայկական: Արցախը երբեք պիտի չըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ եւ յանուն այս նպատակին մենք պատրաստ ենք պայքարի:

Կը դիմենք.

1. Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքական ուժերուն՝ եղած հնարաւորութիւններն ու միջոցները համախմբել յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան, որուն առաջին քայլը պէտք է ըլլայ իշխող վարչախումբին հեռացումը:

2. Աշխարհասփիւռ հայութեան կը խնդրենք եւ կը յորդորենք ներդնել իրենց բոլոր միջոցներն ու կարողութիւնները՝ աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ բարձրացնելու ու առաջ մղելու յանուն արժանապատւութեան, ազատութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի պայքարող Արցախի հայութեան արդար պահանջները:

3. ԱՀ իշխանութիւններուն՝ առաջնորդուիլ ԱՀ Սահմանադրութեամբ իր վրայ դրուած Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան պարտաւորութիւններով, ինչպէս նաեւ ԱՀ ԱԺ կողմէն ընդունուած յայտարարութիւններով արձանագրուած եւ Արցախի հանրութեան կողմէ ընդունուած կարմիր գիծերով:

1. ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւն

2. ՀՀԿ երիտասարդական կազմակերպութիւն

3. «Հայրենիք» կուսակցութեան երիտասարդական կազմակերպութիւն

4. ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւն

5. Արցախի «Արդարութիւն» կուսակցութեան երիտասարդական կազմակերպութիւն

6. «Ազգային արժէքներ»ու պաշտպանման ճակատ հասարակական կազմակերպութիւն

7. «Յաղթանակի 5-րդ բրիգադ» հասարակական կազմակերպութիւն

8. «Արարատ» միջազգային համգործակցութիւն հասարակական կազմակերպութիւն

9. «Վերնատուն» երիտասարդական վերլուծական կեդրոն

10. «Կանանց եւ երեխաների աջակցման կեդրոն» հասարակական կազմակերպութիւն

11. «Քաղաքացիական ՀԱԲ» հասարակական կազմակերպութիւն

12. «Միացեալ Հայաստան» հայրենասիրական հասարակական կազմակերպութիւն

13. «Ազգային Արցախ» հասարակական կազմակերպութիւն

14. ՀԱԵ Արցախի թեմի Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ երիտասարդաց միութիւն

15. Յանուն Արցախի Պաշտպանութեան շարժում

16. Արցախի պետական համալսարանի ուսանողական խորհուրդ

17. «Գրիգոր Նարեկացի» համալսարանի ուսանողական խորհուրդ

18. Սայաթ Նովայի անուան երաժշտական քոլէճի ուսանողական խորհուրդ

Սոյն յայտարարութիւնը բաց է եւ անոր կրնան միանալ բոլոր ազգային ուժերը: