Ֆրանսայի Ծերակոյտին Ընդունած Բանաձեւը Ունի Բացայայտ Սադրիչ Բնոյթ․ Ազրպէյճանի ԱԳՆ

Աշխարհ, Հայաստան

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Ֆրանսայի Ծերակոյտին ընդունած բանաձեւին վերաբերեալ.

«Ֆրանսայի Ծերակոյտին ընդունած բանաձեւը լիովին հեռու է իրականութենէն, կ՝արտացոլէ կեղծ ու զրպարտչական դրոյթներ եւ կը ծառայէ խաթարելու Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը՝ ունենալով բացայայտ սադրանքի բնոյթ։

Ծերակուտականներուն մէկ անգամ եւս կը յիշեցնենք, որ Ղարաբաղի տարածաշրջանը, որ Ազրպէյճանի միջազգայնօրէն ճանաչուած տարածքն է, Ազրպէյճանի անբաժանելի մասն է»։

Ազրպէյճանի ԱԳՆ-ն յայտարարած է, որ այս «բանաձեւը չի ծառայեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ յառաջընթացին»:

Յիեցնենք, որ Նոյեմբեր 15-ին Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ծերակոյտը ընդունած է Հայաստանին աջակցող եւ Ազրպէյճանի հանդէպ պատժամիջոցներ առաջարկող բանաձեւ։