Ազերիական Զօրաշարժ․․․ Սփիւռքի Տարուան Առթիւ․ «Հայրենիք»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Տարիներէ ի վեր, Ազրպէյճան իր փեթրոտոլարները կը մսխէ լոպիինկի եւ քարոզչական նպատակներու համար:

Քարոզչական նոյն դիտաւորութեանց ծիրին մէջ, վերջերս, Նոյեմբեր 8-ին, Ատրպէյճանի դրօշը ծածանելով անկարգելորդ մը շրջած էր Պէյրութի վերեւ, նշելու համար Նոյեմբեր 8-ի յաղթանակն ու Ատրպէյճանի դրօշակի օրը․․․անշուշտ «կոկիկ» գումար մը ստանալով։

Իսկ Լիբանանի հիւսիսային Աքքար շրջանի հեռաւոր Քաուշրա գիւղին մէջ, յուշարձան մը կանգնեցաւ «ի յիշատակ Ատրպէյճանի համար զոհուած նահատակներուն»։

Այդ գիւղը Սուրիոյ սահմանամերձ է եւ ունի շուրջ երկու հազար բնակիչ։ Անոնք մեծ մասամբ Թուրքիայէն եկած սիւնիի թուրքեր են, որոնց միացած են սիւննի թուրքմէններ։

Քիչ մը ետ երթանք: 2010-ին, երբ Էրտողան դեռ Թուրքիոյ վարչապետն էր եւ ամէն գնով նախագահ  ըլլալու երազ կը հետապնդէր (աշուշտ նաեւ՝… սուլթան), այցելած էր այդ շրջանը՝ Լիբանանի հիւսիսային այլ շրջաններու կողքին: Եւ այդ օրերէն՝ շրջանին մէջ սկսած էին տարածուիլ համաթուրանական շարժումին «բոյրեր»-ը։

Քաուշրան աւելի քան տասը տարիէ ի վեր հետեւողականօրէն օժանդակութիւն կը ստանայ Անգարայէն, թէ՛ տնտեսական, թէ՛ ուսումնական մարզերուն մէջ։

Մարգարէ պէտք չէ ըլլալ, եզրակացնելու՝ թէ առիթը օգտագործելով, եւ համաթուրանական իրենց հորիզոններէն կնիք մը բերելով՝ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան «դասաւորում մը ըրին» եւ կանգնեցուցին այս յուշարձանը։ Յիշեցում մը. Խորհրդային Միութեան քայքայումէն ետք, Թուրքիա շատ աւելի լայնածաւալ արշաւանքներով թափանցեց կեդրոնական ասիական երկիրներ:

Փակագիծ մը բանալով, կ’արժէ արձանագրել, թէ տասնեակ տարիներէ ի վեր, Իլհամ Ալիեւ, իր հօր՝ Հայտարի յիշատակին, բազմաթիւ մայրաքաղաքներու մէջ արձաններ կանգնեցնել տուած էր, սկսելով դրացի Թիֆլիսէն, մինչեւ Թաշքենտ, Ասթրախան, Քիեւ, Պուքրէշ, Պելկրատ եւ տակաւին՝․․․Մեքսիքօ Սիթի։ Կրնանք ենթադրել, որ Շուշին, Ստեփանակերտն ու Երեւանն ալ կ’ուզէ անցընել այդ ցանկին…

Արձանագրենք նաեւ այլ՝ գոհունակութիւն պատճառող երես մը. Մեքսիքայի մէջ, արձանը հազիւ քանի մը ամիս կրցաւ «շնչել ու ապրիլ» հանրածանօթ զբօսայգիներէն մէկուն մէջ, յետոյ, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան համար պայքարող ցուցարարներու ճնշումին տակ, այդ արձանը վերցուեցաւ: Նոյն ճակատագիրին մատնուեցաւ այլ հրապարակի մը մօտ տեղադրուած՝ «Խոճալուի ցեղասպանութեան» յիշատակին կանգնած յուշարձանը:

Օրին, այսինքն 2013-ին, արձանը տեղադրելու համար, Իլհամ Ալիեւ հինգ միլիոն տոլար տրամադրած էր, վերանորոգման ենթարկելով նաեւ շրջանին մօտակայ այգիները։ Նկատի ունենալով բռնատէրի մը արձանին դէմ բարձրացած բողոքի ալիքը`Մեքսիքայի խորհրդարանը, Հայտար Ալիեւի յուշարձանը տեղափոխելու հարցը քննարկելու համար, կազմեց յատուկ յանձնաժողով մը, որ իշխանութիւններուն խորհուրդ տուաւ  արձանը տեղափոխել այլ վայր մը: Պաքուի արձագանգը չուշացաւ. Ատրպէյճանի դեսպանատունը բողոք ներկայացուց:

Լիբանանի մէջ կանգնած յուշարձանի պարագան կը տարբերի վերը նշուած արձանին պատմութենէն։ Թէեւ անիկա հեռաւոր եւ աննշան գիւղի մը մէջ տեղադրուած է, սակայն իր կառոյցով, գաղափարով եւ ժամանակի ընտրութեամբ լրջօրէն կը մտահոգէ հայորդին, որ այս տարի իւրայատուկ պայմաններու տակ կը տօնէ…Սփիւռքի տարին։

Իսկ Սփիւռքի տարիին մեկնարկը տրուած է նոյնինքն Լիբանանէն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին կոչով։

Հեռաւոր ու «կորսուած» աւանի մը մէջ կանգնած յուշարձան մը կարելի չէ բաղդատել Փարիզի մէջ, Սէնի ափին կանգնած Կոմիտասի յուշարձանին, կամ նոյնիսկ վերջերս, Քաննի մէջ կառուցուած՝ «Ազնաւուր» ճեմուղիին հետ։ Այսուամենայնիւ, լրջութեամբ, մտահոգութեամբ, ընդվզումով եւ ցասումով պէտք է մօտենալ հարցին։ Չմոռնանք, որ Նոյն օրերուն, Էրտողան եւ իր ձեռքի շարժումներուն հետեւողները կրկին կը հնչեցնեն այն մաշած եւ անհիմն յանկերգը, թէ «Սփիւռքը կը խոչընդոտէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ (իմանալ նաեւ՝ Ատրպէյճանի) միջեւ խաղաղութեան հաստատման քայլերը»:

Մտահոգիչ եւ ձաղկելի է այն, որ պետական ներկայացուցիչներ ներկայ եղած են «ի յիշատակ Ատրպէյճանի համար զոհուած նահատակներուն» յուշարձանին բացման հանդիսութեան, հաւանաբար շօշափելի նիւթական «սրսկում» մը ստանալով։ Ձաղկելի՝ որովհետեւ յայտնապէս Լիբանանի մէջ ալ հասակ առած է (կամ՝ սնուցուած) սերունդ մը, որ մոռցած է, թէ այս փոքր երկրին ԲՈԼՈՐ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐԷՆ՝ ԻՍԼԱՄ ԵՒ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ, բազմաթիւ նահատակներ ինկած են թրքական բռնադատութեանց հետեւանքով, մոռցած են, որ Պէյրութի կեդրոնական հրապարակը կը կոչուի ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՀՐԱՊԱՐԱԿ, ի յիշատակ այդ զոհերուն, մոռցած են կամ չեն ուզեր տեսնել, որ Թուրքիա մինչեւ այսօր ալ ուղղակի եւ անուղղակի միջամտութիւններ կը խաղայ Լիբանանի մէջ, թրքական դրօշներով ցոյցեր կը սարքուին առաւելաբար հիւսիսային աւաններու մէջ: Չանտեսենք սակայն, որ կայ դրական կէտ մը, որովհետեւ լիբանանցի կարգ մը ղեկավարներ չեն ծածկեր իրենց դժգոհութիւնը: Սպասելի է, որ Լիբանան եւս հետեւի Մեքսիքայի օրինակին:

Սփիւռքի տարուան ընթացքին ալ, թուրք-ատրպէյճանական ոտնձգութիւնները պիտի շարունակուին։ Փարիզի մէջ, Ֆրանսայի ատրպէյճանական համայնքը Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ «հակա-ատրպէյճանական բանաձեւ»-ի քննարկման օրը բողոքի ցոյց կատարեց: Վաւերացուած բանաձեւ մը, որ պարզ ու մեկին՝ կը դատապարտէ Հայաստանի վրայ Պաքուի զինեալ յարձակումը եւ երկրի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ պատժամիջոցներ որդեգրելու Ալիեւի վարչակազմի դէմ:

Թուրք-ազերիական սպառնալիքները եւ ոտնձգութիւնները միայն Սփիւռքին չեն ուղղուած: Գործնապէս՝ Հայաստանն ու Արցախն են անմիջական թիրախները: Կը մնայ, որ ամբողջ հայութիւնը՝ Հայաստանով, Արցախով եւ բոլոր սփիւռքներով, միացնեն ձեռքերը եւ կազմակերպութեանց եւ պետութեան միջոցներով պայքարին՝ ձախողութեան մատնելու մեծ ու փոքր դաւերը:

Մեր նորագոյն ձախորդութիւնները պէտք չէ քողարկեն, որ բազմաթիւ յաջողութիւններ եւ յառաջխաղացքներ կերտած ենք համաթուրանականներու արշաւներուն դէմ: