Մարտակերտի Վանք Գիւղի Դպրոցին Մէջ Կայացաւ «Նրանք» Գիրքին Շնորհահանդէսը

Այլեւայլ, Հայաստան

Նոյեմբեր 12-ին, Մարտակերտի Վանք գիւղի դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ նոյն դպրոցի աշակերտ, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամ Անի Լազարեանի «Նրանք» խորագրով առաջին գիրքին շնորհահանդէսը: Այս մասին կը հաղորդէ «ԱՊԱՌԱԺ»-ը։

Շնորհահանդէսին ներկայ էին դպրոցի ուսուցիչներն ու աշակերտները, համայնքի ղեկավարն ու Անիի հարազատները, ինչպէս նաեւ` ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութենէն խումբ մը ընկերներ:

«Նրանք» գիրքին հերոսները յանուն հայրենիքի մահուան հետ առճակատուած քաջորդիներն են, որոնք նահատակուեցան արցախեան 44-օրեայ պատերազմին:

Horizon Weekly Newspaper

Վանքի դպրոցի տնօրէն Արամայիս Բալայեան նշեց, որ այսօր տօն է, որովհետեւ հաւաքուած ենք ողջունելու մեր դպրոցի աշակերտուհիներէն Անի Լազարեանի «Նրանք» գիրքի անդրանիկ հեղինակութիւնը:

«Անին մեր դպրոցի գրագէտ եւ դաստիարակուած աշակերտուհիներէն է, անոր յիշողութիւններուն մէջ տակաւին կայ այդ չարաբաստիկ պատերազմը, որ հետք ձգեց բոլորիս վրայ:

«Նրանք» գիրքը մեր հերոսներուն, պատերազմի ու այդ սեւ յիշողութիւններուն մասին է, որ աշակերտական մակարդակով առաջինն է թէ՛ դպրոցին եւ թէ՛ գիւղին մէջ: Ես շատ ուրախ եւ հպարտ եմ, այո՛, հպարտ եմ, որ ունինք այսպիսի աշակերտուհի` շնորհաշատ, համեստ ու հայրենասէր:

«Շնորհակալ ենք նաեւ Անիի ծնողներուն` Արցախի արժանի զաւակ դաստիարակելնուն համար», եզրափակեց Ա. Բալայեան:

Նշենք, որ շնորհահանդէսի աւարտին կազմակերպուած էր նաեւ գիրքի նիւթին համապատասխան բեմական ներկայացում` զինուորներու մասնակցութեամբ: