Թշնամին Ճարտարագիտական-ամրաշինական, Աշխատանքներ Սկսած է ՀՀ-էն Գրաւած Նոր Տարածքներուն Վրայ. Ալվինա Աղաբաբեան

Աշխարհ, Հայաստան

Թշնամին այսօր կրակի ուժգնութիւնը տկարացուցած է Գեղարքունիքի, Վայոց Ձորի ու Սիւնիքի ուղղութեամբ նաեւ այն պատճառով, որ ճարտարագիտական-ամրաշինական աշխատանքներ սկսած է ՀՀ-էն գրաւած նոր տարածքներու վրայ։ Թշնամին հիմա մեր հողին վրայ, մեր տան մէջ նոր դիրքեր կը սարքէ, դէպի այդ դիրքերը տանող նոր ճանապարհներ կը կառուցէ, որ մեզմէ խլուած նոր տարածքներուն մէջ դիրքաւորուելէ ու ամրանալէ ետք արդէն այդտեղէն շարունակէ պատերազմն ու իր յառաջխաղացումը։

Քանի մը ժամ, հնարաւոր է քանի մը օր կրակի տկարացումով ուրախանալ ու հանգիստ զգալ պէտք չի։

Թշնամին մեր տունէն դուրս չէ եկած։

Թշնամիին նպատակներուն մէջ բան չէ փոխուած։

Ալվինա Աղաբաբեան

Անվտանգային հարցերով փորձագէտ

«Արմսես» գիտակրթական կեդրոն ՀԿ նախագահ