Թուրքը Մնաց Թուրք, Մենք Փոխուեցանք․ Տէր Յովհաննէս Քհնյ․ Յովհաննիսեան (նկարներ)

Հայաստան

Պատերազմէն, այսքան կորուստներէ ետք, ես վստահ էի, որ մարդիկ պիտի սկսին զիրար սիրել, քաջալերել, մէկ բռունցք դառնալ ու վրէժ լուծել թշնամիէն: Բայց ես սխալուեցայ այդ հարցով. մեր ժողովուրդը գնաց նիւթի ետեւէն, օգնութիւններու ետեւէն, մարդիկ սկսան զիրար ատել, նախանձիլ, չարութեամբ լեցուիլ: Այս մասին, «Ապառաժ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին, նշած է Յակոբավանքի հոգեւոր հովիւ Տէր Յովհաննէս քահանայ Յովհաննիսեան՝ խօսելով պատերազմէն ետք եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուելու, քրիստոնէական հաւատքի ամրապնդման մասին:

«Շատերը կը խօսին հաւատքի, Աստուծոյ մասին, բայց անոնք լոկ խօսքեր են. ներսէն, հոգիէն չի բխիր այս ամէնը: Հաւատքը միայն գործով պէտք է ապացուցել: Միասնական ըլլալ, մարդոց թեւէն բռնել, ինկածը վեր բարձրացնել, կարիքաւորին օգնել: Այս է հաւատքը: Պէտք չէ ըսել՝ կը սիրեմ երկիրս, բայց ԱՄՆ-ի մէջ ապրելով եւ այնտեղէն 100 տոլար նուիրատւութիւն ընելով համարել հայրենիքի հանդէպ պարտքը տուած: Այդ պարագային Արցախի մէջ մինչեւ հիմա իր ընտանիքով ապրող արցախցիին պարտքը ե՞րբ կը վերջանայ: Քուկդ 100 տոլարով վերջացաւ: Եթէ մենք հայ քրիստոնեայ ենք, արդէն պարտքի մէջ ենք ազգի համար, մինչեւ վերջին շունչը պարտական ենք մեր երկրին, մեր ժողովուրդին, մեր Աստուծոյ»,- ըսած է Տէր Յովհաննէսը՝ աւելցնելով, որ այս հողէն մեծ օրհնութիւն, զօրութիւն կը հաղորդուի այն մարդոց, որոնք այստեղ կ՝ապրին: Եթէ այստեղ չես քալած, այդ զօրութիւնը չես կրնար գիտնալ:

Յակոբավանքի հոգեւոր հովիւը տրուող անտեղի օգնութիւնները չարիք կը համարէ, քանի որ անոնք կը ծուլացնեն մարդը ու կը հեռացնեն իր բնոյթէն: Կարիքաւորին կարելի է օգնել, բայց եթէ մարդը կրնայ արարել, ստեղծել, ուստի անոր պէտք է տալ կարթը, ո՛չ թէ ձուկը:

Անդրադառնալով թուրքերու հետ հաշտութեան մասին խօսակցութիւններուն՝ Դադիվանքի նախկին վանահայրը համոզուած է, որ թուրքը չ՝ուզեր հաշտուիլ. «Մեզ պիտի ոչնչացնեն, եթէ հաշտութեան երթանք, թուրքը չ՝ուզեր հաշտուիլ: Թուրքը մնաց թուրք, մենք փոխուեցանք»: