Մի Հաւատաք Անոնց, Որոնք Կ՝ըսեն Ձեզի, Որ Ամէն Ինչ Որոշուած է Նախօրօք եւ Մեր Տեղը. Դաւիթ Բաբայեան

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է․

«Մի հաոատաք անոնց, որոնք կ՝ըսեն ձեզի, որ ամէն ինչ որոշուած է նախօրօք եւ մեր տեղը։ Ուրիշի տեղ որոշումը կը կայացուի միայն այն պարագային, երբ որ ան թերհաս է եւ չունի արժանապատւութիւն, որ կը դրսեւորուի փոքրոգութեամբ կամ այլասերուածութեամբ։

Միայն փոքրոգին եւ այլասերուածը կրնան անհայրենիք ըլլալ, պատրաստ ըլլալով  նիւթական բարիքներու դիմաց հրաժարիլ անկէ։

Նման պարագայի ամենամեծ եւ հզօր պետութիւնները անգամ կը կործանուին, եւ պատմութեան մէջ նման օրինակներ շատ են։

Միեւնոյն ժամանակ, ամենափոքր իսկ պետութիւնը ու ժողովուրդը, նոյնիսկ գտնուելով ամենաբարդ վիճակի մէջ, կրնան յաղթահարել ցանկացած դժուարութիւն, եթէ ունին արժանապատւութիւն, հաւատք եւ բանականութիւն, պարզապէս՝ խելք»։

Դաւիթ Բաբայեան

Արցախի ԱԳՆ