Մայր Հայաստան Հասկացութիւնը Կենսունակութեան Աղբիւր Է․ «Յուսաբեր»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Սեպտեմբեր 2022-ի սկիզբ կարծես մեր ըմբռնողութեան մէջ ճիգ կը կատարուի հիմնաւորելու Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր ներկայ սահմաններով կոչելու մայր Հայաստան, որմէ դուրս կը պահուի Արցախը՝ հանրապետութիւն թէ այլ կարգավիճակով։ Առնուազն երկու անգամ տարբեր կողմեր այս եզրը օգտագործած են օրերս։

Նկատի առնելով որ մեր օրերուն նման եզրեր պատահական չեն օգտագործուիր ու տարածուիր, պիտի ուզէինք յստակեցնել հասարակութեան թէ այդ եզրերը տարածելու լծուած շրջանակներուն եւ յիշեցնել՝ որ մայր Հայաստան հասկացութիւնը արդի պետական սահմաններէն շատ աւելի լայն է, որուն մէջ ներկայիս կը մտնէ Արցախը՝ մնացած եւ բռնագրաւուած հողերով, Արցախի ժողովուրդը՝ բռնագաղթուած թէ կառչած իր հողին ու ջուրին։

Կարեւոր չէ թէ հայ իրականութեան մէջ գործող այս կամ այն շահակցական խմբակը ինչպէ՞ս կը դատէ, երբ նման ընդարձակ հասկացութիւն մը կը փորձէ փոքրացնել եւ յարմարցնել Հանրապետութեան չափերուն եւ բնականաբար իր շահերուն՝ իշխանական թէ տնտեսական, քաղաքական թէ արտաքին-յարաբերական իր նկատումներուն։ Կարեւոր է որ գտնուի առողջ բանականութեամբ եւ անմիջական հաշիւներէն անդին անցնող առաջնորդող միտքը, թէկուզ չկազմակերպուած եւ ցիր ու ցան, սակայն արթուն, հակազդելու համար նման խեղաթիւրուած գաղափարներու տարածման եւ արմատաւորման։
Խորհրդային կայսրութենէն անջատուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը անցած երեսունմէկ տարիներուն երբեք չթօթափեց նախկին վարչակարգի օրերուն արտասահմանի հայութեան զգացականօրէն ներգործելու համար որդեգրուած մայր Հայաստան եզրի օգտագործումէն․ գիւտ՝ որուն հեղինակային իրաւունքը չենք կրնար ճշդել այսօր։ Քաղաքական նպատակայարմարութիւնն այսօր պէտք չէ վերակենդանացնէ նոյն եզրը, այս անգամ Արցախի պարագային, որ ինքնին մայր Հայաստանի մէկ մասնիկն է, ինչպէս ներկայ հանրապետութիւնը։
Աւելի՛ն, մեզ համար ակնյայտ է, որ հանրապետութեան անցած թէ ներկայ ղեկավարութիւնները միացնող լարը մնաց խորհրդային սահմաններու անքննելիութեան եւ անփոփոխութեան մտապատկերը, որ ինքնին հերքումն է ճիգերուն՝ թէ՛ իսկական անկախութեան հասնելու երկար երթին, թէ՛ պետականութեան հիմերու ամրացման, թէ՛ ազգային միասնականութեան ենթահողի վրայ համախմբելու առարկայական ուղեգիծին։

Մենք առիթ ունեցած ենք ասկէ առաջ դիտել տալու, որ վերջին հաշուով, 1987-էն սկսած Արցախեան շարժումը ազատ, անկախ պետականութեան վերականգնման նպատակ չհետապնդեց սկիզբէն, չեղաւ 1965-ի՝ Մեծ Եղեռնի յիսնամեակի ըմբոստութեան շարունակութիւնը։ Հետեւանքը՝ տխեղծ ներկան է։

Սրբագրելու համար այս վիճակը՝ հիմքին զգուշօրէն պիտի դնել ուղիղ եւ մեր ազգային շահերը սպասարկող գաղափարներ ու հետեւողականօրէն հետապնդել անոնց իրագործումը՝ հարկաւոր դերաբաշխումներ կատարելով ընդմէջ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի, որպէսզի երազային չմնան՝ գաղափարները միս ու արիւն ստանան եւ հետզհետէ գործուն դառնան ընթացիկ քաղաքական պայքարին մէջ։

Մենք մեզ պէտք չէ խաբենք ու ժողովուրդ քնացնենք կամայական որակումներ գտնելով եւ կիրառելով․ ընդհակառակը՝ պէտք է գաղափարներ եւ անոնց մէջ խտացուած նպատակները կենսունակ եւ ներգործօն պահենք, թէկուզ Փաշինեան մը կամ ուրիշը անմտօրէն ազգային համախմբման եւ ինքնուրոյնութեան ջանքերը փաստացի կացինահարէ։

Հայ ազգի հաւաքական պատգամը բարեկամ, թշնամի թէ դիտող պետութիւններուն եւ անոնց ղեկավարներուն, սկսելով Ալիեւէն ու Էրտողանէն՝ տեւական խաղաղութիւնը կամ իրենց շահերը չեն կրնար իրագործուիլ ոչ միայն Արցախի, Սիւնիքի, Գեղարքունիքի, Արարատեան դաշտի թէ այլ երկրամասներու հայոց իրաւունքները ոտնակոխելով, այլ ընդհանրապէս Ցեղասպանութեամբ բռնագաղթի ենթարկուած հայ ժողովուրդի իրաւազրկումը պէ՛տք է սրբագրուի, ո՛րքան շուտ, ա՛յնքան լաւ։ Ու այս պատգամը պէտք է հիմնենք իսկական եւ աճող, ամրապնդուող կարողութեան վրայ, ռազմական ըլլայ այն, տնտեսական, ընկերային թէ ժողովրդագրական, մշակութային թէ բարոյական։

Ազգային օրակարգն ա՛յս է, իսկ մնացեալը ածանցեալ։

Մենք պարտաւոր ենք դիւանագիտութեան սեղանները շուռ տալու թէ՛ տեսլական զարգացնել, թէ՛ բծախնդրօրէն աշխատանքները կազմակերպել, թէ հնարաւորութիւններ՝ ռեսուրսներ մէկտեղել, թէ՛՝ ամենակարեւորը՝ մարզուիլ հետեւողական յանդգնութիւն եւ արիութիւն ցուցաբերել։ Այս բոլորի արագութիւնը եւ շօշափելիութիւնը կարեւոր ազդակ է օրհասական հարցերը լուծելու եւ գործնական կարեւորութիւն ունի։

Մայր Հայաստանի գաղափարը նսեմացնելը չի խօսիր մեր սրտին եւ ոչ ալ ազգի փորը կը կշտացնէ եկող-գացող իշխանաւորներու ոչխարի պահուածքը գայլերուն դիմաց։