Կարսի Եղեգնամօրի Հայկական Վանքը Սկսած է Աւելի Մեծ Թիւով Զբօսաշրջիկներ Գրաւել

Աշխարհ, Էրկիր

Կարսի Կազուան գաւառին մէջ գտնուող Եղեգնամօրի վանքը, որ տեղի բնակիչները կը կոչեն նոյնինքն գիւղի թրքական անուանումով՝ Չենկիլլիի եկեղեցի, սկսած է աւելի մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ գրաւել։ Այս մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդէ թրքական «Անատոլու» պետական լրատուական գործակալութիւնը։

Աղբիւրին համաձայն՝ սոյն վանքը, որուն կառուցման տարէթիւը անյայտ է, կը գրաւէ տեղացի եւ օտարերկրացի զբօսաշրջիկներուն ուշադրութիւնը։ Չենկիլլի գիւղին ճիշդ մէջտեղը գտնուող սոյն եկեղեցին ունի խաչաձեւ գմբէթ եւ ուշագրաւ զարդաքանդակներ։

Կովկաս համալսարանի դասախօս եւ Անիի աւերակներուն մէջ պեղումներ իրականացնող խումբի ղեկավար, դոկտոր Մուհամմէտ Արսլանը «Անատոլու» գործակալութեան թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, թէ հիմնուելով եկեղեցւոյ առանձնայատկութիւններուն վրայ՝ կարելի է ենթադրել, որ անիկա կառուցուած է 10-11-րդ դարերուն՝ Բագրատունեաց արքայատոհմին կողմէ։ Ըստ անոր՝ եկեղեցւոյ վրայ կան 3 տարբեր արձանագրութիւններ, որոնք վրացերէն են։ Այստեղ հարկ է նշել, որ եկեղեցին ունեցած է նաեւ հայատառ արձանագրութիւն, որ իրականութեան մէջ չէ պահպանուած։

Թէեւ թուրք «գիտնական»-ը յայտնած է, որ եկեղեցին կառուցել տուած են Բագրատունիները, սակայն փորձած է տպաւորութիւն ստեղծել, թէ անիկա հայկական չէ, ուղղակի հայերը շրջան մը օգտագործած են այդ վանական համալիրը։ Ան նաեւ աւելցուցած է, թէ սելճուկեան արշաւանքներուն հետեւանքով, երբ Անին նուաճուեցաւ սուլթան Ալփ-Արսլանին կողմէ, Կարսը եւս՝ իր շրջակայքով հանդերձ՝ անցաւ սելճուկներու տիրապետութեան տակ։

«Անատոլու» գործակալութեան հարցազրոյց տուած թուրք զբօսաշրջիկներէն մէկն ալ ընդգծած է, թէ եկեղեցին պահպանուած է բաւական լաւ, բայց եւ այնպէս՝ վերանորոգման կարիք ունի։

Յիշեցնենք, որ սոյն վանական համալիրը կառուցուած է 10-11-րդ դարերուն, հայ Բագրատունիներուն կողմէ։ Եկեղեցին վեր կը բարձրանայ եռաստիճան հիմքի վրայ: Գլխաւոր մուտքը արեւմուտքէն է: Եկեղեցին ունի 20 x 15 մ երկարութիւն եւ 25 մ բարձրութիւն: Կառոյցը կը յիշեցնէ կոնաձեւ վրան: Խորանի վերին հատուածին վրայ նկատելի են սիմեթրիք ծառերու տերեւներու եւ խաղողի որթը ուտող օձի քանդակ: Այս հատուածին վրայ նաեւ առկայ են Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի եւ Յիսուս Քրիստոսի պատկերները: Շինութեան քանդակներուն մեծ մասը այսօր չէ պահպանուած: Պատերը կառուցուած են 1 մ հաստութեամբ սրբատաշ բազալտէ քարէ:

Թրքերէնէ թարգմանեց Մելինէ Անումեան


Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը