Աւստրալիոյ Ազատական Կուսակցութիւնը Ճանչցած է Արցախի Հանրապետութեան Անկախութիւնը. Դաւիթ Բաբայեան

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Օգոստոս 11-ին, Աւստրալիոյ Ազատական կուսակցութիւնը Նոր Հարաւային Ուելսի մէջ կայացած համաժողովին ընթացքին ճանչցած է Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած՝ հայերու, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնները՝ դիմելով Աւստրալիոյ դաշնային կառավարութեան՝ նոյնպէս ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի ԱԳ նախարար Դաւիթ Բաբայեան:

«Օրերս Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի յարձակողական քաղաքականութիւնը դատապարտող յայտարարութեամբ հանդէս եկած է նաեւ Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի խորհրդարանի հայ-աւստրալիական բարեկամութեան խումբը։

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Աւստրալիոյ Ազատական կուսակցութեան եւ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի խորհրդարանի հայ-աւստրալիական բարեկամութեան խումբին նման նախաձեռնութիւններու համար։ Ասիկա քաղաքական եւ բարոյական կարեւոր աջակցութիւն է Արցախի ժողովուրդին եւ մարդասիրութեան ու բարեկամութեան օրինակելի դրսեւորում։

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ աւստրալահայ համայնքին՝ Արցախին մշտապէս աջակցելու համար։ Աւստրալահայ համայնքը մեր Սփիւռքի ամենակազմակերպուած օճախներէն մէկն է, որ մշտապէս ներգրաւուած է համահայկական հարցերու լուծման եւ մեր ազգային շահերու պաշտպանութեան գործին»,- գրած է ան: