Համա-ՀՄԸՄ-ական Խաղերը Միասնականութեան Խորհրդանիշ Են. Տիգրան Ճինպաշեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հայոց Ցեղասպանութեան յիսնամեակին յաջորդող երկու տասնամեակները հայկական սփիւռքի վերակազմակերպման ու գործունէութեան ծաւալման տարիներ դարձան: Բազմացան սփիւռքի գաղութներուն միջեւ յարաբերութիւնները եւ անոնք հետզհետէ համագաղութային կազմակերպութեան կերպարանք ստացան: Նոյնանման նպատակներ ունեցող գաղութային կազմակերպութիւններ միաւորուեցան եւ ստեղծեցին համագաղութային միութիւններ: Հայաստանի անկախութենէն ետք- հաստատուելով նաեւ հայրենիքի մէջ, անոնք վերածուեցան համահայկական կառոյցներու, ճշմարտութիւն դարձնելով «Մէկ ազգ, մէկ հայրենիք» լոզունգը:

Համահայկական կարեւորագոյն կազմակերպութիւններէն մէկն է ՀՄԸՄ-ը (Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւն): Անոր համամիութենական մարզախաղերն ու սկաուտական բանակումները կը համախմբեն հազարաւոր հայորդիներ աշխարհի չորս ծագերէն:

Համամիութենական նման համախմբումները կ՛իրականանային սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ: Սկզբնապէս յատուկ Մերձաւոր Արեւելքին, այդ համախմբումները տարածուեցան դէպի Եւրոպա ու հեռաւոր այլ շրջաններ: Հայաստանի անկախութիւնը զանոնք բերաւ իրենց բնական հաւաքավայրը, աշխարհացրիւ հայութեան հայրենիքը` Հայաստան:

Ահա, համաճարակի կաշկանդումներէն հազիւ, ու ոչ ամբողջականօրէն, ազատուած ՀՄԸՄ-ական մարզիկները կրկին հաւաքուած են քաղաքամայր Երեւանի մէջ, ուր տեղի կ՛ունենան 11-րդ Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերը: Սփիւռքի զանազան գաղութներէն հաւաքուած 645 մարզիկ-մարզիկուհիներ նախ այցելեցին Եռաբլուր, ուր թաղուած են, հազարաւոր հայրենիքի պաշտպան մարտիկներու կողքին, նաեւ ՀՄԸՄ-ական մարզիկներ ու սկաուտներ:

Ուրբաթ, 22 յուլիսի մարզախաղերու բացման արարողութեան նախորդող տողանցքին միացան «Հրաշք» կազմակերպութեան 200 հաշմանդամ մարզիկներ, իրենց 50 կամաւոր օգնականներով: Ծիծեռնակաբերդէն վառուած ջահը փոխանցավազքով հասաւ, Ազատութեան հրապարակ, ուր Արցախի մէջ, պատերազմի ընթացքին իր երկու ոտքերը եւ աջ թեւը կորսնցուցած հետախոյզ մարզիկ Սարգիս Ստեփանեան բոցավառեց մարզախաղերու ջահը:

Ոգեւորիչ այս մթնոլորտը անխառն չէ դժբախտաբար: ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի հայաստանաբնակ մարզիկները եւս մասնակից են մարզախաղերուն: Սակայն, բացման հանդիսութեան, որուն մասնակցած են Արժանթինի, Իրաքի եւ Սուրիոյ դեսպանները, բացակայ է հայրենի պետութիւնը: Ո՛չ համապատասխան նախարարութենէն, ո՛չ ալ սփիւռքի գործերու կոմիսարութենէն ներկայացուցիչներ կային: Պէտք է ափսոսալ, որ ազգային միասնութեան խորհրդանիշ նման համախմբումները, ազնիւ պայքարի, նման առիթները չեն քաջալերուիր հայրենի ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ, պարզապէս այն պատճառով, որ կազմակերպողները «մերոնցից» չեն:

Մարզական խաղերը, իրենց ազնիւ մրցակցութեան մթնոլորտով, երբ պարտուողը կը շնորհաւորէ իր եղբայր կամ քոյր յաղթականը, կը պարզեն ազգային միութեան թերեւս սաղմնային, սակայն կարեւոր հանգամանք մը: Քաղաքական տարակարծութիւնները պէտք չէ առաջնորդեն ազգի բաժանման: Իշխանափոխումէն չորս տարի ետք, հանդուրժելի չէ «սեւ ու ճերմակի» բաժանարար վարքագիծը: Ազգը չի կրնար պառակտում հանդուրժել:

ՀՄԸՄ-ը իր քայլերգով ինքզինք կը բնորոշէ իբրեւ «հսկայ նուիրման տորմիղ հրաթեւ»: Մարդկային այս տորմիղին, որ հրաթեւ է, յատկանիշը հայրենիքին նուիրումն է:

Ամէն մրցող մարզիկ հայրենիքին նուիրուած զինուոր է, պատրաստ զայն պաշտպանելու ոսոխին դէմ: Ինչպէս իրարու դէմ մրցող մարզիկները, իբրեւ քոյր ու եղբայրներ, անբաժանելի համախմբում մը կը ներկայացնեն, այնպէս ալ ազգը անբաժանելի ամբողջութիւն է, իր տարակարծիք անդամներով հանդերձ:

Մաղթենք, որ ՀՄԸՄ-ական միասնական ոգին վարակիչ դառնայ ու օրինակ ծառայէ աւելի տարողունակ ազգային ընդհանուր միասնականութեան: