­Քա­ղա­քա­կան Մեր­կու­թիւն՝ Վտան­գա­ւոր Հե­տե­ւանք­նե­րով. «Ազատ Օր»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ ընկ. ­Մու­րատ ­Փա­փա­զեա­նի ­Հա­յաս­տան մուտք գոր­ծե­լու ար­գի­լու­մը, քա­ղա­քա­կան ա­նու­ղեղ ա­րարք մը ըլ­լա­լէն ան­դին, ան­գամ մը եւս ցոյց կու տայ այ­սօ­րո­ւան վար­չա­խում­բի քա­ղա­քա­կան եւ գա­ղա­փա­րա­կան կա­խո­ւա­ծու­թիւ­նը տէր­պետ­րո­սեա­նա­կան սկզբունք­նե­րուն։
Ա­ռա­ջին նա­խա­գա­հի օ­րե­րը յի­շեց­նող ու ա­նոր քա­ղա­քա­կան սնանկ վար­քա­գի­ծին կառ­չած ըլ­լա­լու հա­մա­շունչ քայ­լե­րը ցոյց կու տան, որ ներ­կայ իշ­խա­նա­ւոր­նե­րուն մօտ ո՛չ միայն կը պակ­սի քա­ղա­քա­կան հա­սու­նու­թիւ­նը, այ­լեւ որ նոյ­նիսկ ի­րենց կող­մէ քա­րո­զո­ւած «ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան» կար­գե­րը իբ­րեւ թէ լիո­վին յար­գե­լու խա­բու­սիկ մթնո­լոր­տին մէջ կը սնա­նի հա­կա­ժո­ղովր­դա­յին եւ հա­կա­պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մը։
Ա­զատ սկզբունք­ներն եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան տար­րա­կան ըմբռ­նում­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ծանր հա­րո­ւած­ներ ստա­նալ հայ­րե­նի երկ­րի ղե­կին վրայ գտնո­ւող այ­րե­րէն, ո­րոնց քա­ղա­քա­կան ա­րարք­նե­րը հե­ռու են ար­դի աշ­խար­հի հա­մո­զում­նե­րէն ու ար­ժէք­նե­րէն եւ կը յի­շեց­նեն խորհրդա­յին տա­րի­նե­րու պատ­կե­րը։
­Պի­տի չմնանք հան­գու­ցեալ ըն­կեր Հ­րայր ­Մա­րու­խեա­նի եւ այժմ ըն­կեր ­Մու­րատ ­Փա­փա­զեա­նի վտա­րում­նե­րու ա­րարք­նե­րուն զու­գա­հեռ­նե­րը գծե­լու փոր­ձին վրայ։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դը եւ հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը շա­տոնց իր գնա­հա­տա­կա­նը ը­րաւ ­Լե­ւոն ­Տէր ­Պետ­րո­սեա­նի վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հա­մար եւ 1998-ին ազ­դու պա­տաս­խան տո­ւաւ ա­նոր ա­ռած վտան­գա­ւոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րուն դի­մաց։
Այ­սօր, ան­կախ ­Մու­րատ ­Փա­փա­զեա­նի ­Հայ դա­տին ու հա­յու­թեան շա­հե­րուն ի նպաստ ու­նե­ցած հան­րա­յին, ըն­տա­նե­կան ու անձ­նա­կան ծա­ռա­յու­թե­նէն, մուտ­քի ար­գի­լու­մը ու­նի խոր քա­ղա­քա­կան ի­մաստ, ա­պա ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վտան­գա­ւոր ընտ­րանք­նե­րը քօ­ղար­կե­լու ու զա­նոնք ժո­ղո­վուր­դին որ­պէս կա­տա­րո­ւած ի­րո­ղու­թիւն հրամց­նե­լու փոր­ձար­կում­նե­րու շղթա­յին մէկ օ­ղակն է այն։
Խն­դի­րը ­Մու­րատ ­Փա­փա­զեանն ու ա­նոր տա­րած ­Հայ դա­տի ի նպաստ ծա­ռա­յու­թիւ­նը չէ, այլ ընդ­հան­րա­պէս ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան այն­քան խօ­սո­ւած եւ քննար­կո­ւած զի­ջում­նե­րուն դէ՛մ կանգ­նող հայ­րե­նի քա­ղա­քա­կան միտ­քի տկա­րաց­ման ու ջլա­տու­մի փոր­ձերն են, ո­րոնք որ­պէս թի­րախ ընտ­րած են ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րը՝ խորհր­դա­րա­նէն ներս ընդ­դի­մու­թեան պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը ի­րենց պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րէն զրկե­լու ար­հես­տա­կան օ­րա­կար­գէն մին­չեւ սփիւռ­քա­հա­յե­րուն քա­ղա­քա­ցիու­թիւն շնոր­հե­լու նոր սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րու օ­րէն­քի կի­րար­կու­մը։
­Հայ­րե­նիքն ու Ս­փիւռ­քը ի­րար­մէ ան­ջա­տե­լու, դրա­ցի­նե­րուն հետ խա­ղա­ղու­թեան փութ­կոտ պայ­մա­նա­գիր­ներ կնքե­լու շտա­պո­ղա­կա­նու­թեան դէմ կանգ­նող Ս­փիւռ­քի տե­սա­կէտն ու կե­ցո­ւած­քը խեղդե­լու տեն­դա­գին փոր­ձե­րով կը շա­րու­նա­կէ գոր­ծել ներ­կայ վար­չա­խում­բը, ո­րու ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ա­նըն­դու­նե­լի ընտ­րանք­նե­րուն դի­մաց կանգ­նած են «խո­չըն­դո­տող» պատ­նէշ­ներ։
Այդ պա­տե­րը քան­դե­լու ու դէ­պի «խա­ղա­ղու­թեան» դաշ­տը վա­զե­լու հեւ­քին մէջ, իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը ի­րենց ե­տին կ­՚ա­կա­նա­պա­տեն բո­լոր ճա­նա­պարհ­նե­րը, որ­պէս­զի ա­նոնք «ար­գելք» դառ­նան ընդ­դի­մու­թեան յա­ռաջ­խա­ղաց­քին, մոռ­նա­լով թէ վե­րա­դար­ձի ճամ­բան նոյն ու­ղի­նե­րէն պի­տի ըլ­լայ, ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն անց­նե­լով ի­րենց իսկ կող­մէ ա­կան­նե­րով լե­ցո­ւած ճա­նա­պարհ­նե­րէն։
­Ներ­կայ իշ­խա­նու­թեան ու­սա­պար­կե­րուն մէջ տե­ղա­ւո­րո­ւած օ­րա­կար­գը սկիզ­բէն ցոյց տո­ւաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ընտ­րան­քե­րը վտան­գա­ւոր ա­նե­լի մատ­նե­լու ի­րո­ղու­թիւ­նը։ Այ­սօ­րո­ւան իշ­խա­նա­կան խա­ւի քա­ղա­քա­կան մեր­կու­թիւ­նը մէկ կող­մէն ամ­բող­ջու­թեամբ կը խոր­տա­կէ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան սկզբունք­նե­րը, միւս կող­մէն՝ հայ­րե­նի­քը զի­ջե­լու թշնա­միի ա­խոր­ժակ­նե­րուն դէմ ժո­ղովր­դա­յին ըմ­բոս­տու­թիւ­նը խեղ­թե­լու ո­լո­րապ­տոյ­տին մէջ ին­կած ըլ­լա­լով, հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն կը հա­րո­ւա­ծէ հայ­րե­նի պե­տա­կան ու քա­ղա­քա­կան հի­մե­րը։
­Մու­րատ ­Փա­փա­զեան­նե­րու հե­րո­սա­ցու­մը չէ փնտռուա­ծը, ոչ ալ ա­նոր հայ­րե­նիք մուտք գոր­ծե­լու ար­գի­լու­մի ա­րար­քին մէ­ջէն քա­ղա­քա­կան շա­հար­կում­ներ կա­տա­րե­լու ո­րե­ւէ փորձ։
Այ­լեւս, հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ցա­սու­մը իր ար­ժա­նի տե­ղը գտնե­լու հրա­մա­յա­կան պա­հանջն է, որ պէտք է վա­նէ զի­ջո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը եւ հայ­րե­նի հո­րի­զո­նը պի­տի ա­զա­տէ հա­յու­թեան ճա­կա­տա­գի­րին վրայ այս­պէս կո­չո­ւած «ար­ժա­նա­պա­տիւ խա­ղա­ղու­թիւն» խա­ղա­ցող­նե­րէն։