Թրքական Կայքը Համեմատած է Հայկական, Յունական, Հրէական եւ Թրքական Սփիւռքները

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Թրքական իշխանամերձ «Yeni Şafak» լրատուական կայքը «Ինչո՞ւ թուրքերը սփիւռք չունին» վերնագիրով յօդուածով մը համեմատած է ԱՄՆ-ի ու Եւրոպայի մէջ հայկական, յունական, հրէական սփիւռքներու եւ թրքականի գործունէութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Հեղինակը նախ իր տեսանկիւնէն ներկայացուցած է 3 սփիւռքներու ձեւաւորման պատմութիւնը, ապա անդրադարձած անոնց կողմէ յաջողութեամբ իրականացուող «անթիւ հակաթրքական արշաւներ»-ուն:

Այնուհետեւ, անդրադարձած է 60-ականներէն ի վեր Եւրոպա գաղթած աւելի քան 6 միլիոն թուրքերու առկայութեան, որոնց մեծամասնութիւնը կ՝ապրի Գերմանիա: Կը նշուի, որ միայն 2021-ին Գերմանիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ խորհրդարան անցած է 18 թրքական ծագումով պատգամաւոր, թուրք պատգամաւորներ կան նաեւ Եւրոխորհրդարանին մէջ, թուրք պաշտօնեաներ կան նաեւ դաշնութեան նահանգներուն մէջ:

Հեղինակը նաեւ յիշեցուցած է, որ հակառակ այս պատկերին՝ 2016-ին Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ ընդունուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրինագիծը: Օրինագիծին աջակցած է թրքական ծագում ունեցող 11 պատգամաւոր, իսկ օրինագիծին հեղինակը եղած է Թուրքիայէն արտագաղթած Ճէմ Օզտեմիրը:

Ըստ յօդուածագիրին՝ նմանատիպ պատկեր է նաեւ Զուիցերիոյ մէջ, ուր 2020-ի ընտրութիւններով խորհրդարան անցած թրքական ծագումով 4 պատգամաւոր աջակցեցան նոյն թուականին խորհրդարան բերուած «Քիւրտ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը» անուանումով օրինագիծին։

Կը նշուի, որ գրեթէ նոյն վիճակն է եւրոպական այլ երկիրներու մէջ՝ Հոլանտա, Պելճիքա, Դանիա, Աւստրիա եւ Զուիցերիա, ուր կան թուրք պատգամաւորներ ու այլ պաշտօնեաներ։

«Եթէ Թուրքիոյ վերաբերող հարցերուն մէջ թուրք պատգամաւորները կ՝ուզեն Հռոմի պապէն աւելի կաթոլիկ երեւնալ ու Թուրքիոյ դէմ օրինագիծերուն աջակցութիւն ցոյց կու տան, կը նշանակէ, որ այս գործին մէջ բան մը կայ»,- գրած է հեղինակը եւ աւելցուցած, որ այս հարցին լուծումը հնարաւոր է թրքական պետութեան ու ժողովուրդի, Եւրոպայի թրքական կազմակերպութիւններու ղեկավարներու, թուրք գործարարներու եւ սփիւռքի թուրքերու՝ Թուրքիոյ մէջ բնակող ազգականներուն համագործակցութեամբ միայն: