Հայոց Լեզուի Համշէնեան Բարբառը եւ Արեւմտահայերէնը՝ Մէկ Տեսահոլովակի Մէջ

Աշխարհ, Էրկիր, Սփիւռք

Թուրքիոյ մէջ գործող «Քալան միւզիք» ձայնագրման անկախ ընկերութիւնը Յուլիս 19-ին հրապարակած է նոր տեսահոլովակ, ուր, առաջին անգամ, մէկտեղուած են արեւմտահայերէնը եւ հայոց լեզուի համշէնեան բարբառը։ Այս մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը՝ հիմնուելով «Քալան միւզիք» ընկերութեան Facebook-ի էջին վրայ հրապարակուած տեղեկութեան վրայ։

Աղբիւրին համաձայն՝ «Լոյսի հատիկ» երգը կը կատարեն պոլսահայ յայտնի երգչուհի Սիպիլը եւ համշէնահայ Այշէնուր Քոլիվարը։

Թրքերէնէ թարգմանեց՝ Մելինէ Անումեան