«Դիմադրութիւն» Շարժման Բողոքի Ցոյցը` Ի Պաշտպանութիւն Քաղբանտարկեալներուն (լուսանկարներ)

Հայաստան

«Դիմադրութիւն» շարժումը այսօր, Յուլիս 19-ին, ի պաշտպանութիւն ապօրինի ձերբակալուած քաղբանտարկեալներուն, բողոքի ցոյց իրականացուցին Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութեան դիմաց, ապա երթով շարժեցան դէպի Կառավարութեան շէնք:

Երթի մասնակիցներու ձեռքին կար «Նիկոլ մարդասպան», «Նիկոլ դաւաճան», «Բանտը Նիկոլի տեղն է», «Ազատութիւն քաղբանտարկեալներուն», «Քաղաքական հայացնքները դատավճիռ չեն» եւ այլ գրութիւններով պաստառներ։

«Շարժման նապատակն է ՄԱԿ-ի հայաստանեան ներկայացուցչութեան մօտ մեր ձայնը բարձրացնել Հայաստանի մէջ քաղբանտարկեալներու, ապօրինի անազատութեան մեջ պահուող անձերուն վերաբերեալ։ Այս ընթացքին, շուրջ 5 տասնեակ քաղաքական բանտարկեալ եղած է Հայաստանի մէջ, վստահաբար իշխանական կեդրոններէն եղած են այն հրամանները, որ այս մարդիկ պէտք է գտնուին անազատութեան մէջ»,- ՄԱԿ-ի գրասենեակին մօտ յայտարարեց ՀՅԴ անդամ Սեւակ Նազարեան։

Ցոյցի աւարտին, մասնակիցները քաղբանտարկեալներուն վերաբերող պաստառները փակցուցին ՄԱԿ-ի գրասենեակի մուտքի ճաղավանդակներուն եւ երթով շարժեցան դէպի Կառավարութեան շէնք, ուր կանգնած էին մեծ թիւով ոստիկաններ:

ՀՅԴ անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պտգամաւոր Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց, որ իրենց պահանջն է, որ ՄԱԿ-ը իր յտակ դիրքորոշումը արտայայտէ ՀՀ-ի մէջ քաղաքական հետապնդումներուն նկատմամբ, որպէսզի այս իշխնութիւնը չկարենայ ամէն անգամ հպարտանալ, արդարանալ, թէ իրենց վրայ միջազգային որեւէ ճնշում չկայ:

Կառավարութեան շէնքին մօտ, ցոյցի ժամանակ, ընդդիմադիր պատգամաւորները պատասխանեցին լրագրողներու հարցերուն։