Վարչապետին Նորագոյն «Կաֆ»-ը. «Հայրենիք»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Մեր խորագիրը դիպուկ է։ Լաւապէս կը ցոլացնէ խորքը այդ դէպքին, որ արձանագրուեցաւ Չորեքշաբթիէն Հինգշաբթի (13-14 Յուլիս) լուսցող ժամերուն, Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ։

Ընթերցողին ներողամտութիւն կը հայցենք, որովհետեւ դիտումնաւոր կերպով դիմած ենք  ֆրանսերէն (կամ այլ լեզուներու մէջ գործածուող) «կաֆ» բառին (այսինքն ապիկար  սխալ):

Դէ՞պքը: Ֆրանսայի անկախութեան տօնի առաջին ժամերուն,  ֆրանսահպատակ Մուրատ Փափազեանի քմայականօրէն արգիլուեցաւ մուտք գործել իր հայրենի երկիրը: Այդքանը բաւարար չըլլար կարծէք, եւ ահա անկէ խլուեցաւ նաեւ այդ ՀԱՅՐԵՆԻՔի հպատակութիւնը։

Մուրատ Փափազեան անծանօթ մը չէ։ Տարիներ շարունակ ան եղած է Հայ Դատի գործիչ եւ մինչեւ օրս Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահն է։ Հ.Յ.Դ. ընտանիքէն ներս եղած է գործօն, իր պատանութենէն մինչեւ Ֆրանսայի Կեդրոնական Կոմիտէի ղեկավարի պաշտօն ստանձնելն ու հուսկ՝ Բիւրոյի անդամ ընտրուիլը։ Անձնական ասպարէզին մէջ ալ օրինակելի եւ յաջող տիպար է, մաս կը կազմէ սփիւռքահայերու այն փաղանգին, որ ոգի ի բռին կը գործէ ի խնդիր եւ ի սպաս հայութեան եւ Հայ Դատին։ Ներկայ փուլին, ան ալ մաս կը կազմէ ընդդիմադիր ճակատին, գործնապէս նշելով, որ երկիր մը առանց ընդդիմադիր հոսանքի չի կրնար բնականոն կերպով ղեկավարուիլ։

Աշխարհի սիրտին՝ Փարիզի մէջ գործող նմանօրինակ անձնաւորութիւններ բնականաբար անընդունելի, անհանդուրժելի եւ նոյնիսկ անտանելի կը նկատուին թէ՛ Պաքուի եւ թէ՛ Անգարայի կողմէ։ Վերջինը տարիներ առաջ մինչեւ իսկ որոշած էր այլ միջոցներու դիմել՝ ձերբազատելու համար Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի «վտանգաւոր» համանախագահէն։ Ֆրանսայի պետութիւնը քաջատեղեակ էր եւ դեռ ալ է պատահածէն։  Պարզ խօսքով, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ հանդուրժելի չնկատուող Մուրատ Փափազեանը ահաւասիկ նման վերաբերմունք կը գտնէ Երեւանի այսօրուան իշխանաւորէն. այսինքն՝ երկու առաւել մէկ…։

…Անախորժ դէպք մըն ալ պատահած էր ամիսներ առաջ, երբ Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Հիտալկօ ժամանած էր Երեւան, եւ զարմանալիօրէն, վարչապետը չէր տեսակցած, որովհետեւ պատուիրակութեան մաս կը կազմէր «փերսոնա նոն կրաթա» Մուրատ Փափազեանը։ Վերջինին Երեւան մեկնելէն ժամեր առաջ, «Ոսկի Ծիրան»-ի ծիրին մէջ, Փաշինեան ընդունած էր հանրահռչակ վեթերան բեմադրիչ Քոսթա Կաւրասը, որովհետեւ Մուրատ Փափազեանի կամ անոր նման անձնաւորութիւններ չկային պատուիրակութեան մէջ։ Ծանօթ է, որ Կաւրասի մասնագիտութիւնն է նմանօրինակ քաղաքական կացութիւններ սպիտակ պաստառ հանելը։ Հետաքրքրական բեմագրութիւն մը (սցենար)՝ փորձառու բեմադրիչին համար։

Յամենայնդէպս, «Քէ Տ՛Օրսէյ»-ը տեղեակ չէր, թէ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանը Պաքուի ու Անգարայի հետեւողութեամբ նոյնքան անհանդուրժելի, վտանգաւոր անձնաւորութիւն մըն էր Երեւանի աչքին։ Այսուհանդերձ, վեցանկիւն յիշեցնող քարտէսով երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան համար հաւանաբար յստակ է, թէ երեւանեան այս որոշումին ետին ինչ դրդապատճառներ կան։  Վարչապետ Փաշինեան, որ խորհրդարանական դրութեամբ ընթացող երկրի մը  ղեկավարն է, դժբախտաբար նոր ապացոյց մը տուաւ, թէ անկարող է իշխանութենէն զանազանել պետութիւնն ու պետականութիւնը, անգամ մը եւս ոտնակոխեց մարդկային ամէնէն տարրական իրաւունքը, արգելք հանդիսանալով, որ հայութեան ու հայրենիքին ծառայող հայորդի մը ոտք կոխէ իր հողին վրայ։ Եւ սա այն երկիրն է, որ իր կողմէ հռչակուած է «ժողովրդավարութեան, խօսքի ազատութեան պասթիոն»…

Բան չէ փոխուած։ Տիրական կը մնայ «հին» եւ «նոր» հասկացութիւն, նմանապէս՝ «սեւ»-ն ու «սպիտակ»-ը: Բացակայ է անգոյն թափանցիկութիւնը։

«Իմ քա՞յլ»․․․ Չէ՛, վստա՛հաբար «Ետ քայլ»․․․։

Ղեկավար մը իրաւունք չունի նման ապիկար որոշում տալու: Ան պարզապէս  նոր «կաֆ» մը աւելցուց «կաֆ»-երու իր վաստակին վրայ։ Ղեկավարները գնայուն են, իսկ ՀԱՅՐԵՆԻՔը՝ մնայուն։ Ափսոսանքով ու դառնութեամբ կը տեսնենք, որ վերջին շրջանին փորձ կը կատարուի հայրենի՛քն ալ գնայուն դարձնել՝ պատառ-պատառ թշնամիին յանձելով: Ու ժամանակն է, որ «Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն» կոչուած կառոյցը, եթէ իստկապէս հաւատարիմ է հայրենիքի անվտանգութեան իր կոչումին, անյապաղ հեռացնէ այդ ղեկավարը, նախքան նոյնինքն կառոյցին փլուզումը եւ յանձնումը թշնամիին։

Մուրատ Փափազեան մը ի վերջոյ անհատ մըն է, դաշնակցակա՛ն անհատ մը, որ մէկ խորհրդանիշն է հայրենիքի ծառայութեան ու մեր Դատի հետապնդման: Անոր նման բիւրաւորներ ունինք բարեբախտաբար: Այդ բիւրաւորներն են, որ պիտի իրականացնեն հայրենիքի հականեխումը՝ թշնամիին ծառայող ցեցերէն, երկիրը նորարարութիւններով կողոպտողներէն, որովհետեւ անոնք կը հաւատան հայրենիքին ու անոր արժէքներուն մնայուն ըլլալուն: Խորհրդային օրերէն մնացած հակադաշնակցական մոլուցքը չէ կրցած իր նպատակին հասնիլ. Վկա՛յ մեր հին ու ժամանակակից պատմութիւնը: