ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատը Վաւերացուց Հայանպաստ Չորս Բանաձեւ. Հայ Դատ (տեսանիւթեր)

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ ներկայացուցիչներու տան մէջ ներկայացուած 7 հայանպաստ յաւելուածներէն չորսը վաւերացուած են Չորեքշաբթի եւ Հինգշաբթի տեղի ունեցած լիագումար նիստերուն ընթացքին։

1-Թիւ 611 յաւելուածը, ներկայացուած քոնկրեսական Ադամ Շիֆի կողմէն, կը պահանջէ Ազրպէյճանէն անյապաղ ազատ արձակել բոլոր հայ ռազմագերիներն ու քաղաքացիները:

2-Թիւ 121 յաւելուածը ներկայացուած քոնկրեսականներ Թոնի Քարտենասի եւ Պրէթ Շէրմնի կողմէն՝ կը պահանջէ արտաքին գործերու եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններէն հետաքննել Ազրպէյճանի պատերազմական ոճիրները եւ Պաքուին տրամադրուած ամերիկեան արտադրանքներու ունեցած ազդեցութիւնը՝ 44-օրեայ պատերազմին:

3-Թիւ 337 յաւելուածը ներկայացուած Ճէքի Սփիրզի կողմէն, կը պահանջէ ԱՄՆ նախարարութիւններէն հետաքննել Ազրպէյճանին տրամադրուող ռազմական աջակցութիւններուն ունեցած ազդեցութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան խաղաղ լուծում գտնելու ջանքերուն վրայ: Այս յաւելուածի օգտին յատկանշական աշխատանք տարած էր նաեւ քոնկրեսի հայկական համախմբումի համանախագահ Ֆրէնք Փալոնը։

4-Թիւ 339 յաւելուածը, ներկայացուած Քրիս Փափաս եւ Կաս Պիլիրաքիսի կողմէն, կը պահանջէ արգիլել ամերիկեան «F.16» օդանաւերու արդիականացման անհրաժեշտ ճարտարարուեստի փոխանցումը Թուրքիոյ: Այս յաւելուածի վաւերացման մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ քոնկրեսական Փալոնը։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնած է քոնկրեսականներուն եւ համակիրներուն, որոնք իրականացուցին այս մեծ յաղթանակը։