Ազրպէյճանի Երկու Բանտի Մէջ Այսօր 226 Գերի Ունինք. Վոլոդիա Յովհաննիսեան

Աշխարհ, Հայաստան

Ազրպէյճանի երկու բանտի մէջ այսօր ունինք 226 գերի։ Նման յայտարարութեամբ, ըստ «Երկիր»-ի, հանդէս եկած է պահեստազօրի սպայ Վոլոդիա Յովհաննիսեան։

«Պաշտօնական տուեալներով գերիներուն թիւը Ազրպէյճանի մէջ 130 է, իսկ իմ ունեցած տուեալներով, որ քաղած եմ մամուլէն, 226 գերի ունինք այսօր Ազրպէյճանի երկու բանտի մէջ»,- ըսած է Վլ. Յովհաննիսեան։

Ըստ անոր՝ միայն Սիսիանէն ունինք 16 անհետ կորսուած, որոնց ճակատագիրը անյայտ է եւ ոչ մէկուն կը հետաքրքրէ։

Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով.