«Մատենադարանի Ղաջարական Արուեստի Նմուշները» Գիրք-ալպոմին Շնորհանդէսը՝ Թեհրանի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Յունիս 28-ին, Թեհրանի «Արտակ Մանուկեան» ազգային թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ Երեւանի Մատենադարանի Արեւելագիտութեան բաժնի աւագ գիտաշխատող Իւէթ Թաճարեանի՝ «Մատենադարանի ղաջարական արուեստի նմուշները» գիրք-ալպոմին շնորհանդէսը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ալիք»-էն։

Աշխատանքը կ՝ընդգրկէ 20 ձեռագրի մօտ 100 մանրանկար եւ խեժապատ ստեղծագործութիւն: Արուեստի ներկայացուած նմուշները լիովին կ՝ընդգրկեն եւ լաւագոյնս կը պատկերեն ղաջարական ժամանակաշրջանի իրանական մանրանկարչութեան ինքնատիպութիւնը:

Ձեռնարկը մեկնարկեց ազգային թանգարանի տնօրէն Ալիս Շահմուրադեանի ողջոյնի խօսքերով, որ անդրադարձաւ նաեւ թանգարանի աշխատանքներուն: Գիրքի մասին համապարփակ բացատրութիւն փոխանցեց հեղինակ Իւէթ Թաճարեան՝ ընդգծելով, որ հայերէնով, անգլերէնով եւ պարսկերէնով լոյս տեսած եռալեզու սոյն աշխատանքին մէջ հաւաքագրուած են Մատենադարանին առկայ Իրանի ղաջարական ժամանակաշրջանի նկարազարդ լաւագոյն ձեռագրերէն ծաղկաքաղ մը: Ան ընդգծեց, որ գիրքը հրատարակուած է Ռուսիայէն «Վիկտորիա» հիմնադրամի հովանաւորութեամբ եւ Գայիանէ Գէորգեանի ջանքերով, շատ քիչ տպաքանակով եւ մտադրութիւն կայ վերահրատարակել աշխատութիւնը, քանզի գիրքը կը յուշէ Իրան-Հայաստան սերտ կապերու մասին: Ան նշեց. «Ես փորձել եմ, որպէս իրանահայ իմ ներդրումը ունենալ այս գրքի կազմաւորման մէջ, ձեռագրերի հաւաքագրման եւ ուսումնասիրման հարցով»:

Գիրքի շնորհանդէսին ելոյթներով հանդէս եկան՝ Իրանի մէջ ԻԿՕՄ-ի պատասխանատու Մոհիթ Թաբաթաբային, Իրանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան դիւանագէտ Գարիկ Գրիգորեանը, Թ.Հ.Թ. Թեմական խորհուրդի փոխատենապետ Վահէ Թարոյեանը, իսկ եզրափակիչ խօսքով Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեանը: Իր ելոյթին ընթացքին Սրբազան Հայրը կարեւոր համարելով կատարուած աշխատանքը եւ բարձր գնահատելով հեղինակին, գիրքը բացայայտ օրինակը համարեց Իրան-Հայաստան մշակութային եւ պատմական սերտ կապերու եւ կարեւոր համարեց Իրանի մէջ հայկական կոթողներու նկատմամբ Իրանի կառավարութեան անվերապահ ուշադրութիւնը, ընդգծելով, որ թէ՛ արեւմտեան Հայաստանի մէջ, եւ թէ՛ այսօր Արցախի մէջ ցաւօք թուրքերն ու ազրպէյճանցիները կ՝աւերեն հայկական կոթողները: Սրբազան Հայրը գնահատանքով անդրադարձաւ Իրանի նման բարեացակամ մօտեցման մասին եւ հրատարակուած գիրքը համարեց երկու ժողովուրդի հոգեկան, մշակութային, մտաւորական կապը եւ գովեստով անդրադարձաւ գիրքի հեղինակ Իւէթ Թաճարեանի մասին: