Ո՞ւր Սկսանք, Ո՛ւր Հասանք. Վեհանոյշ Թեքեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

1968 Յուլիս 14-ին, «Սփիւռք»-ի այն էջին մէջ ուր տպուած էր անյաջող բանաստեղծութիւն մը ինձմէ, էջին լայնքին-երկայնքին խոփ-խոշոր գիրերով Պարոյր Մասիկեան գրած էր.

«Չեղա՜ւ, չեղա՜ւ, չեղա՜ւ

Վեհանուշ, ինծի ասանկ «ռեզի՞լ» պիտի ընէիր,

ես որ առտու-գիշեր, հոս-հոն, եկողին-չեկողին,

Գահիրէ-Պէյրութ, ամէն տեղ, ամէնուն

Վեհանո՜ւշ, Վեհանո՜ւշ, Վեհանո՜ւշ

կ՚աղաղակէի զերթ Պէթհովէնի 9րդ սէնֆոնիի Recitatifը,

եւ Recitatifը դարձաւ՝

Չայգովսկիի Chanson triste-ը

Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ ինծի

այս հարուածը տուիր, ես քեզի

ի՞նչ ըրած էի որ ինծի ասանկ

բալտըր-գիւլտիւր զգետնեցիր,

Եղա՞ւ մի Վեհանուշ, շո՜ւտ, շո՜ւտ

տուն վազէ, գիշերը մի քնանար (փորդ անօթի

պահէ) առաւօտուն ժամը 3-4-ին, հայտէ՜,

բանաստեղծութիւն մը գրէ ու անունդ,

ու ինծի փրկէ… Պարոյր

Յ.Գ. Կերակուրէն առաջ, օրական երեք անգամ մեծ դգալով Arthur Rimbaud,

պառկելէ առաջ 2 «բիլիւլ» Paul Verlaine, առաւօտուն անօթի փորով՝ Պոտըլեր,

օրական մէկ հապ՝ Albert Camus. Այս դարմանումը՝ ամբողջ ամռան ընթացքին։

1 ամիս դադարէ վերջ՝ վեց ամիս նոյն traitement-ը. Radiographic-ի համար դիմել՝

բժիշկներ Սիմոնեան եւ Մասիկեանի։»

«Կապոյտ Ապրիլ»ը հրատարակուեցաւ 1969-ին, Մասիկեան հասաւ Գահիրէէն, պաշտօնական կնքահայր դարձած ելոյթ ունեցաւ քացախաձօնին, ուր չորս հեղինակներու նոր հրատարակուած գիրքը կը ներկայացուէր։

«ԿԱՊՈՅՏ ԱՊՐԻԼ»

Ի՞նչ է արժեքը Վեհանոյշ Թեքեանի՝

Շատ պարզ է, շատ պարզ՝

Բանաստեղծ է։

Բանաստեղծութիւնն է։

Օր մը հարցուցեր են Ռոսինիի.

– Որո՞նք են մեծագոյն երաժիշտները.

Պատասխանած է՝

Պեթհովեն, Պախ, Վակներ… եւայլն.

– Հապա Մոզա՞րը։

– Մոզարը երաժշտութիւնն է։

Վերջին քսան-երեսուն տարիներուն՝ ծնան, բուսան՝ շա՜տ, շա՜տ բանաստեղծներ։

Սակայն , հայ գրականութեան սեւ շուկային մէջ ուր ամէն տեսակի ապրանք կրնաս քշել, ուր հայ գրականութիւնը դարձած է պանդոկ մը, որուն դռները բաց են, ուր ամէն տեսակ մարդ կը մտնէ, կ՚ելլէ, ուզած սենեակը կը պառկի, ուզածը կ՚ուտէ, ուզածը կը խմէ, այո, այս սեւ շուկային եւ հայ գրականութեան պանդոկին մէջ, այդ ½ լիրա չարժողները ունեցան՝

Ա) Անուններ,

Բ) ճիճիլի- պիճիլի պալոններու պէս սաւառնեցան մեր գլուխներուն վրայ…

Գ) Գրուեցան գրախօսականներ,

Դ) Տպուեցան անոնց պատկերները…

Ե) Ունեցան տպաքանակներ՝ փոխանակ ունենալու տփաքանակներ,

Սակայն բանաստեղծ չեն։

Ու այդ ½ լիրա չարժողներըր գրեցին, քերթեցին (բա՛ռն է) դրին իրենց սիրտը (չդնէին ալ կ՚ըլլար), դրին իրենց հոգին (կրնային իրենց աղիքներն ալ դնել),

Դրին իրենց զգացումները (եթէ իրենց պահէին, աւելի լաւ կ՚ըլլար)…

Վեհանոյշը բանաստեղծ է։

Կը կարդաս քերթուած մը…

Կը կարծես թէ մտած ես բանաստեղծութեան կախարդական պարտէզին մէջ։

Անոր բանաստեղծութեան վերլուծո՞ւմը՝

Ոհ, մի սպասէք որ «պասմա-ղալիպ» բառեր գործածեմ կամ քերթուած մը արտասանեմ…

Ունի՛ք գիրքը՝ «Կապոյտ Ապրիլ»։

Թեքեանի բանաստեղծութեան մէջ՝

Միթէ չկա՞յ Շումանի «երազանք»էն մաս մը,

Շոփէնի «նոքթիւռն»էն երազ մը,

Շուպէրի «սերենատ»էն նոթեր…

Պիտի զգաք թէ կան։

Կան որովհետեւ Վեհանոյշը բանաստեղծ է։

Եւ ինչո՞ւ չէ, ինչո՞ւ չըսեմ, մեր ժամանակներու մեծագոյններէն մին։

Եւ դեռ՝ ան իր առաջին քայլերուն մէջն է եւ հոս հասած…

Ո՜հ, զգոյշ եղէք, չկոտրեք զայն…

Չփրցնէք՝ ինչպէս կոպիտ ձեռք մը՝ բացուած վարդ մը կը փրցնէ եղունգներու անգութ շարժումով մը…

Չկոխկռտէք անոր վրայ, ինչպէս վայրենի մը կը կոխկռտէ ծաղիկներու վրայ…

Կ՚ըսեմ այս որովհետեւ մեր հայ գրական շրջանակը, երբեմն ցաւալիօրէն ճահիճ կը դառնայ, ուր կան ատելութիւն, մաղձ, արհամարհանք, սեւ թոյն… ուր, ուր չի տեսնուիր՝ սիրոյ զգացում, ուր ամէն մէկը՝ միւսը կը քանդէ, կը կոտրէ՝ որպէսզի միայն ինքը մնայ։

Ոհ, չըլլա՜յ որ մաղձ, արհամարհանք թափէք՝

Սա՛ մէնուէդ աղջնակին վրայ,

Սա՛ երազանք աղջնակին վրայ,

Սա՛ նոքթիւռն աղջնակին վրայ,

Սա՛ սերենատ աղջնակին վրայ,

Որպէսզի ան, իր ճամբան շարունակէ, եւ անցնի այդ մէնուէթները, երազանքները, նոքթիւռնները եւ հասնի իր բանաստեղծութեան քոնչերթոներուն։

Պարոյր Մասիկեան

«Սփիւռք-Գարուն»

Ապրիլ 17, 1970

^^^

Կէ՜ս դար անցած է այդ օրէն ի վեր։ Աւելի քան կէս դար։ «Սա մէնուէդ աղջնակը» հասե՞ր է քոնչերթոներուն։

Տարիները մերթ օրօրով, մերթ փոթորիկով յառաջացեր են ալիք ալիք։ Սակայն քիչ է մեղեդին, տագնապը, տագնապները ճեղքեր են մեղեդիին հեզասահ ընթացքը։

Լաւ է որ մնացե՛ր է հակաշիռը, կշռոյթն ու թափը։ Իւրաքանչիւր նուագարան իր կարգին մեղմիկ, խստիւ, վերամբարձ կամ ինքնագալար։ Խաղաղութիւն չկար որպէսզի լարերը չխաղային։ Սակայն քանի մը օքթաւ ցատկռտելէ ետք՝ վերստին վերադարձած են իրենց վայրը։

Իսկ հիմա՝ դառն իրականութիւնը – մեր ազգին պարտադրուած նոր օրերու խաւարումին մէջ ահաւասիկ հասե՜ր է Մասիկեանին սարսափած այդ բալտըր-գիւլտիւրը….

Մարգարէ՛ն իսկ պիտի չգիտնար այս օրերուն մեր գլխուն գալիքը, երբ թոհուբոհով առլցուն գաղութի մը մէջ դար մը ամբողջ՝ Սփիւռք կը կառուցէինք, հայրենիք կը յաւերժացնէինք։ Դաւաճանը շանսատակ կ՚ընէինք, անվեհերութիւն կը սնուցանէինք։

Արիւն-քրտինքով շինեցինք ու շէնցուցինք։ Սերունդներ կամարեցինք։ Արեան գիտակցութիւն փոխանցեցինք ու պատմութեան տեսիլքով ոգեզինեցինք։

Հերոսապատո՛ւմ կերտեցինք։

Հիմա որ թեւաբախ արծիւի պէս կը մղկտանք, ըսէ՛ք խնդրեմ , հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած մատղաշ զոհուածները հազար-հազարաւոր ու սգապատար հոգեկիցները ինչպէ՜ս ննջեն անդորր։ Ինչպէ՞ս իր հայրենի օրրանին մէջ չգալարի թշնամիին յանձնուած հողը,, իր սուրբ հարստութիւնն ու աստուածային վսեմութիւնը։

Ո՞ւր են դիւցազունները։ Ինչո՞ւ չկայ համագործակցութիւն՝ ընդդիմադիրներներու միջեւ – զիջում Ես-երու վասն սահմանազանց փրկութեան։ Այսպիսով ոեւէ «գլուխ» պիտի չմնայ։ Նոյնիսկ վատթարագոյն վիճակը չէ փութացուցած մասսաները Կեդրոն։ Հարկ է ռազմավարութիւն մը որ կը տապալէ մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը բզկտողները։

Միջանցքներ, միջանցքնե՜ր, ուրկէ անագել պիտի մտնեն սողուններն ու տայնոզավրները… ու արծուեբոյնի հայը ստիպուած պիտի լքէ իր պապենական տունը, պիտի հեռանայ իր խարիսխէն։  Տեղ մը անկասելի խնճոյք մը տեղի կ՚ունենայ, գլուխէն մինչեւ ոտք ուռած պալարներով։

Ահաւասիկ Բառը դարձեր է ուժանիւթ, յոյսը՝ յարատեւ ոյժ կը հաւաքէ։

Ինչպէ՞ս ապրինք անխռով։

Ամէ՛ն օր։

Ամէն օ՛ր։