Նիկոլ Փաշինեանը Յայտարարեց, Թէ Բերձորի Մէջ Ընտանիքներ Չեն Ապրիր՝ Մինչդեռ Մօտ 50 Ընտանիք Կ՝ապրի. Բերձորի Համայնքապետ

Հայաստան

Բերձորցիներու համար այսօրուան ամենակարեւոր հարցը այն է, թե նոր երթուղիի կառուցման պարագային ի՞նչ կարգավիճակ պիտի ունենան իրենք: Այս մասին, NEWS.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին, ըսաւ Բերձորի համայնքապետ Նարեկ Ալեքսանեան:

«Նիկոլ Փաշինեանի վերջին ասուլիսի ժամանակ հնչեցուած արտայայտութիւնները մեզի համար անակնկալ կամ նորութիւն չէին՝ վերջին ամիսներու խօսակցութիւններու ծիրէն ներս։ Բերձորցիներու տրամադրութիւնը նոյնն է՝ ինչ որ էր յայտարարութենէն առաջ: Մարդիկ հանգիստ են, խուճապ չկայ, կ՝ապրին իրենց սովորական կենցաղով: Սակայն, վրդովմունք յառաջացած է, երբ որ Նիկոլ Փաշինեանը ըսաւ, թէ Բերձորի մէջ մարդիկ չեն ապրիր: Մինչդեռ Բերձորի մէջ կ՝ապրի մօտ 50 ընտանիք՝ 180 մարդ»,- նշեց Նարեկ Ալեքսանեան:

Նարեկ Ալեքսանեանի խօսքով՝ պատերազմը եւ յաջորդած ամիսները ցոյց տուած են, որ հնարաւոր չէ կանխատեսել, թէ ինչ կը սպասուի յաջորդ օրը, հետեւաբար՝ յետագայ իրավիճակը կախուած է երթուղիի փոփոխութենէն:

«Ես այս հարցով կրնամ միայն իմ անունով խօսիլ, եւ չեմ կրնար ըսել, որ եթէ յանկարծ որոշում կայացուի դուրս գալու՝ ինչ կ՝որոշեն մարդիկ՝ դուրս կու գա՞ն, թէ՞ կը մնան եւ կը պայքարին: Բացի այս, բազմաթիւ են անպատասխան հարցերը: Ի՞նչ կը սպասուի մեզի նոր երթուղիէն ետք: Մենք ի՞նչ կարգավիճակ պիտի ունենանք: Մենք ինչպէ՞ս պիտի ապրինք: Բայց մէկ բան պէտք է յստակ արձանագրել՝ այդ միջանցքը չի կրնար վերահսկուիլ թշնամիին կողմէ, քանի որ այդ պարագային կը բացառուի խաղաղ երթեւեկութիւնը: Բնականաբար, պէտք է ըլլան խաղաղապահներ, որոնց 100 % վերահսկողութեան տակ պէտք է ըլլայ միջանցքը: Այս պահուն յստակ կրնամ ըսել, որ ռուս խաղաղապահները իրենց տեղն են»,- ընդգծեց Ալեքսանեան:

Նարեկ Ալեքսանեանի խօսքով՝ այժմ «Արցախգազ»-ը կը կազմաքանդէ Նոյեմբեր 9-էն Բերձորի մէջ չգործող կազի խողովակները:

«Իմ տեղեկութիւններով՝ անոնք կը տեղափոխուին Հին Շէն եւ Նոր Շէն գիւղեր: Շատ են խօսակցութիւնները, որ հնարաւոր է բերձորցիները վերաբնակեցնեն այդ գիւղերուն մէջ: Ես նման առաջարկ չեմ ստացած: Ամէն պարագայի կրնամ ըսել, որ Արցախի Հանրապետութիւնը տեղահանուած բոլոր մարդոց հնարաւորութիւնը կու տայ վերադառնալու մեր տիրապետութեան տակ մնացած հատուածները»,- նշեց Ալեքսանեան:

Համայնքապետին խօսքով՝ թէեւ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն կողմէ կը յայտարարուի, թէ բերձորցիներու բնակարանային հարցերը լուծուած են, սակայն այդպէս չէ:

«Առհասարակ Քաշաթաղի ոչ մէկ շրջանի ոեւէ բնակիչի բնակարանային հարց լուծուած չէ: Որոշումը, ի հարկէ, կայ, բայց այս պահուն դեռ միայն որոշում է, քանի որ շատ խնդիրներ կան: Կը տեսնենք յայտարարութիւններ, որ այդ հարցը լուծուած է, բայց, իբրեւ խնդիրի կողմ, կը տեսնենք, որ այդպէս չէ: Լուծման գործընթացին մէջ շատ խնդիրներ կ՝առաջանան: Իւրաքանչիւր անձ կորսնցուցած է շատ աւելին, քան իրեն կ՝առաջարկէ Կառավարութիւնը: Բայց գոնէ այդ առաջարկածն ալ պէտք է ողջամիտ ըլլայ: Օրինակ՝ նոյն չափի գումարը կ՝առաջարկուի ե՛ւ երկու հոգինոց, եւ տասը հոգինոց ընտանիքին, որ, ի հարկէ, սխալ է»,- աւելցուց Նարեկ Ալեքսանեան:

Յիշեցնենք, որ Նիկոլ Փաշինեան Յունիս 27-ի իր ասուլիսին ընթացքին նշեց, որ երթուղիի փոփոխութեան պարագային այն տարածքները, որոնք չեն գտնուիր նախկին ԼՂԻՄ տարածքին մէջ, պիտի անցնին Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ։

Ան, մասնաւորապէս, նշեց․

«Լաչինի բնակիչներուն հարցերը Կառավարութիւնը կը լուծէ, բնակիչները բնականաբար պէտք է ապահովուին բնակարաններով։ Ըստ էութեան՝ Լաչինի մէջ այսօր ընտանիքներ չեն բնակիր, իսկ Աղաւնօ գիւղի բնակիչներուն խնդիրները Արցախի կառավարութեան միջոցներով պիտի լուծուին, Սուսի մասին այս պահուն յստակ ոչինչ կրնամ ըսել։ Խնդիրը այն է, թէ այդ տարածքները ԼՂԻՄ սահմաններէն նե՞րս, թէ՞ դուրս կը գտնուին։ Ամենայն դէպս, երբ այս հարցը քննարկած ենք Արցախի իշխանութիւններուն հետ, Սուս գիւղի անունը չէ քննարկուած»։

Իսկ այսօր՝ Յունիս 30-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը Արցախի ԱԺ-ի մէջ յայտարարեց, որ Հայաստանը Արցախին կապող այլընտրանքային երթուղիին Ստեփանակերտը տուած է իր համաձայնութիւնը: