Ակնարկ. 6-րդ Կէտը Չէ Նախատեսած Տարածքներու Յանձնում. «Ազդակ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Հայաստանի վարչապետը մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պարզ դարձուց, որ Հայաստան-Արցախ կապող Լաչինի միջանցքի փոփոխութեան կը նախապատրաստուին կողմերը: Իր այս հաստատումը հիմնաւորելու համար ան յղում կատարեց 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան ներառած համապատասխան կէտին` այլընտրանքային երթուղիի կառուցման համաձայնութեան: Ըստ իրեն, նոր կառուցուող երթուղային ճանապարհը պիտի ըլլայ աւելի յուսալի, եւ անիկա նպատակ ունի ամուր կապ, աւելի որակեալ ճանապարհ ապահովելը: Իբրեւ երաշխիք Փաշինեանը նշած է, որ ճանապարհային փոփոխութիւնը տեղի կ՛ունենայ միայն այն ատեն, երբ ռուս խաղաղապահները վերահսկողութիւն կը հաստատեն նոր երթուղիին վրայ:

Հիմա տեսնենք  9 նոյեմբերի յայտարարութեան համապատասխան կէտը.

6-րդ կէտ.

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ազրպէյճանի Հանրապետութեան կը վերադարձնէ Քելբաջարի շրջանը մինչեւ 2020 թուականի Նոյեմբերի 15-ը, իսկ Լաչինի շրջանը` մինչեւ 2020 թուականի Դեկտեմբերի 1-ը: Լաչինի միջանցքը (5 քմ լայնութեամբ), որ պիտի ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի կապը Հայաստանի հետ, ընդ որում շրջանցելով Շուշի քաղաքը, կը մնայ Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի վերահսկողութեան ներքոյ:

«Կողմերուն համաձայնութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ կապը ապահովելու համար յառաջիկայ երեք տարիներուն ընթացքին պիտի հաստատուի Լաչինի միջանցքի երկայնքով նոր երթուղիի կառուցման նախագիծ, որմէ ետք ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը կը վերատեղակայուի` այդ երթուղին պաշտպանելու համար:

«Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը կ՛երաշխաւորէ Լաչինի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրական եւ բեռնատար միջոցներու երթեւեկութեան անվտանգութիւնը երկու ուղղութիւններով»:

Այստեղ փաստօրէն կը խօսուի նոր երթուղիի մասին.

նշում չկայ ներկայ միջանցքը չգործարկելու եւ աւելին` Բերձորը յանձնելու մասին: Բերձորի կամ ԼՂԻՄ-եան տարածքներէն դուրս գտնուող տարածքներու յանձնման մասին ակնարկ կայ «մենք այս ընթացքին երթուղիի փոփոխութեան շուրջ քննարկում ունեցած ենք Ռուսիոյ մեր գործընկերներուն հետ» յայտարարութեամբ:

Այս ծրագիրի իրականացման համար կայ ազրպէյճանական շտապողականութիւն: Արագացուած կարգով կը շարունակուի Լաչինը շրջանցող 32 քիլոմեթրնոց ճանապարհի շինարարութիւնը. Հայաստանը Արցախին կապող ու Լաչինի միջանցքը փոխարինող նոր ճանապարհը Սիւնիքի Տեղ, Կոռնիձոր գիւղերով կը մտնէ Արցախ` Բերդաձորի ենթաշրջանի Հին Շէն, Մեծ Շէն գիւղերով: Նոր երթուղիի հայկական հատուածին վրայ տակաւին աշխատանքներ չեն նշմարուիր: Կը թուի, որ Փաշինեան այս յայտարարութեամբ այդ աշխատանքներու մեկնարկը յայտարարեց, նկատի ունենալով համաձայնութեան մէջ նշուած ժամկէտը` երեք տարի:

Անկախ անկէ, որ Բերձորի կամ արտալղիմեան տարածքներու յանձնման մասին որեւէ համաձայնութիւն չկայ, արդարացման համար յղում կը կատարուի 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան: Պարտուած կողմին պարտադրուող միակողմանի զիջումներու տրամաբանութեան մէջ կ՛ընկալուի այս յանձնուողականութիւնը:

Այնուամենայնիւ նոր երթուղիի հայկական հատուածին աշխատանքները կը սկսին ռուսական կանաչ լոյսով: Մեծ խաղը «միջանցք միջանցքի դիմաց» կանոնին կը վերաբերի: Ազրպէյճանը նոր երթուղիի տրամադրումով պիտի ստանձնէ Սիւնիքի կապը: Առաջին հայեացքով երկուքն ալ ռուսական վերահսկողութեամբ: Երկուքն ալ սակայն խառն բաժին ունին: Նախիջեւան-Ազրպէյճան կապի պարագային 9-րդ կէտը կը նշէ, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛երաշխաւորէ փոխադրական կապերու անվտանգութիւնը: Իսկ 6-րդը` Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը

կ՛երաշխաւորէ Լաչինի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրական եւ բեռնատար միջոցներու երթեւեկութեան անվտանգութիւնը երկու ուղղութիւններով:

Աւելիով համոզիչ կը դառնայ, որ պարտուած կողմը ներկայացնողները պէտք չէ շարունակէին բանակցութիւնները: Առնուազն կարենալ ըսելու համար, որ կարեի չէ անցնիլ համաձայնութեան այլ կէտերու, այնքան ատեն որ`

Ա.- Փառուխի նախկին կարգավիճակը չէ վերականգնած,

Բ.- Ազրպէյճանական զօրքերը չեն քաշուած Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներէն,

Գ.- Ռազմագերիները, պահուող անձերն ու աճիւնները չեն յանձնուած հայկական կողմին,

Դ.- Տուժածներն ու գաղթականները չեն վերադարձած իրենց բնօրրանը:

Ե.- Նոր երթուղին չ՛ենթադրեր նոր տարածքներու յանձնում:

Թէ՛ Նախիջեւան-Ազրպէյճան կապին եւ թէ՛  նոր երթուղիին բացման համար տեսանելի է ազրպէյճանական շտապողականութիւնը: Լաչինի նորացուած միջանցք` Զանգեզուրեան միջանցքի դիմաց. ա՛յս է Պաքուի բանաձեւը: Գործընթացը կրնայ դանդաղիլ, առկախուիլ կամ արագանալ: Լաչինի նոր երթուղին կամ Նախիջեւան-Ազրպէյճան ճանապարհը համաձայնեցուած են ռուսական միջնորդութեամբ: