Մենք Թոյլ Չենք Տար Ոեւէ Մէկուն Ներխուժել Մեր Համայնք եւ Փորձել Պառակտել Մեր Միասնութիւնը. Միշիկընի Հայ Համայնքի Յայտարարութիւնը Զարեհ Սինանեանի Վերջին Այցին Վերաբերեալ

Հայաստան, Սփիւռք

Անցեալ շաբաթ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը հրապարակեց իր պաշտօնական այցին մասին Միշիկըն, որուն մասին չէ յայտարարուած ողջ համայնքին։ Փոխարէնը, մենք տեղեկացանք Սինանեանի՝ Միշիկընի հասարակաութեան հետ կապ հաստատելու ջանքերուն մասին մեր նահանգի ընկերային ցանցերուն մէջ տարբեր գրառումներու եւ Սինանեանի գրասենեակին կողմէ հրապարակուած մամուլի հաղորդագրութիւններուն միջոցով: Այդ մամուլի հաղորդագրութիւնները կեղծ կերպով կը նշէին, որ ան հանդիպած է «Մեծ Տիթրոյտի տարածքին մէջ գտնուող տարբեր հայկական եկեղեցիներու, կրթական եւ մշակութային կազմակերպութիւններու համայնքի ղեկավարներուն հետ»։ Փաստօրէն, Սինանեանի պաշտօնական գրասենեակի մամուլի յայտարարութիւնները չեն արտացոլեր իրականութիւնը, թէ իրականութեան մէջ ինչ տեղի ունեցած է Սինանեանի հետ կապուած Միշիկըն ​​նահանգին մէջ։

Մենք հզօր համայնք ենք՝ բազմաթիւ կազմակերպութիւններով եւ հայկական չորս եկեղեցիներով: Այնուամենանիւ, Միշիկըն ​​կատարած այցին ընթացքին՝ Սինանեանը այցելած է միայն մէկ եկեղեցի, ուր հանդիպած է համայնքի քանի մը ընտրուած անդամներու հետ: Սինանեանի գրասենեակէն ոչ մէկ պաշտօնական յայտարարութիւն կամ հանդիպման պաշտօնական հրաւէր չէ ուղարկուած Միշիկընի երեք այլ հայկական եկեղեցիներուն եւ համայնքային կազմակերպութիւններուն:

Ամօթալի է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը Սինանեանի պաշտօնական գրասենեակին միջոցով կեղծած է Սինանեանի Միշիկըն ​​կատարած այցին ճշմարտութիւնը։ Հասկնալի է, որ Սինանեանի այցին վերը նշուած ձեւով վարուելու պատճառը այն է, որ ան կը փորձէր Միշիկընի հայ համայնքին այցելութիւնը ներկայացնել իբր թէ այստեղ Փաշինեանի վարչաձեւի օրակարգը ընդունելի եղած է։ Սինանեանը գործած է գաղտնի՝ մեր համայնքը մեկուսացնելու եւ պառակտելու ձախողուած ջանքերով՝ հետեւելով Փաշինեանի վարչաձեւին եւ անոր պառակտիչ ռազմավարութեան ու քաղաքականութեան։ Հայկական Սփիւռքը հայ ազգի էական սիւնն է. Մենք թոյլ չենք տար ոեւէ մէկուն, ներառեալ՝ Փաշինեանի վարչաձեւի ոեւէ ներկայացուցիչի, ներխուժել մեր համայնք եւ փորձել պառակտել մեր միասնութիւնը:

Հակառակ Սինանեանի գրասենեակի մամուլի հաղորդագրութիւններուն մէջ ներկայացուած պատկերին, Սինանեանը չէ կրցած առաջ տանիլ Նիկոլ Փաշինեանի օրակարգը Միշիկընի մէջ եւ իր դաւաճանական օրակարգին համար կողմնակիցներ ձեռք բերել, օրակարգ որ կու տայ Արցախը, կը կարգաւորէ յարաբերութիւնները Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ՝ ի հաշիւ Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան եւ ինքնիշխանութեան եւ վտանգի տակ կը դնէ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու լիակատար արդարութեան համար մղուող պայքարը։

Սինանեանը չի ներկայացներ հայկական Սփիւռքը եւ, անշուշտ, չի ներկայացներ Միշիկընի հայկական համայնքը.

Ս. Սարգիս Հայոց առաքելական եկեղեցի

Սուրբ Վարդան կաթողիկէ եկեղեցի

ՀՅԴ Ազատամարտ Կոմիտէ

Տիթրոյտի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան եւ Պատանեկան Մասնաճիւղեր

ՀՕՄ — Միջին Խորհուրդ Ցոլիկ, Մարօ, Շաքէ, Սիպիլ եւ Զապէլ Մասնաճիւղեր

Տիթրոյտի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն

Միշիկընի Տիթրոյտի Հ.Մ.Ը.Մ

Արցախի բարեկամներ