«Փթիթ»-ի Կայքին Բարեփոխումը Եւ Փթթումը. Հաղորդագրութիւն

Սփիւռք

Համաճարակին պարտադրած նոր ապրելակերպը եւ առցանց ուսուցումի կիրարկումը ապացուցեցին, որ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին (ԳԿՀ-ՀԲ) որդեգրած ուղղութիւնը՝ արեւմտահայերէնի զարգացումը իրականացնել զանազան առցանց նորարար ծրագիրներով, տեղին եւ իրաւացի էր։ Կրթական նոր ծրագիրներու եւ մանաւանդ երիտասարդներու նորարար մօտեցումներով արեւմտահայերէնով ստեղծագործելու ջանքերը քաջալերելու քաղաքականութեան մէջ ներառուեցաւ նաեւ «Փթիթ» մանկապատանեկան կայքի վերանորոգումը եւ աշխուժացումը։

2010ին, թիւ 0 փորձառական թիւով հրապարակ իջած «Փթիթ» մանկապատանեկան պարբերաթերթը 2015ի վերջաւորութեան ունեցաւ իր ելեկտրոնային առաջին տարբերակը՝ կայքը, իսկ 2016ին երկրորդը՝ բջիջային հեռախօսներու յաւելուածը, շնորհիւ ԳԿՀ-ՀԲի պատասխանատուներուն ամբողջական նեցուկին։ Եռամսեայ հերթականութեամբ եւ անվճար՝ հայ մանուկին եւ պատանիին հասանելի կը դառնայ «Փթիթ»ի կայքը՝ www.e-ptit.com եւ յաւելուածը՝ PTIT-ՓԹԻԹ։

«Փթիթ»ը իր փորձառական թիւին լոյս տեսած օրէն նպատակադրած էր սփիւռքահայ նոր սերունդին մէջ քաջալերել հայերէն ընթերցասիրութիւնը եւ հարստացնել անոր առօրեայ խօսակցութեան բառամթերքը՝ մատուցելով բարոյական բովանդակութեամբ պատմութիւններ, առակներ, առողջապահական գիտելիքներ, իրենց տարիքին յարմար կատակաբանութիւններ, հանելուկներ եւ  մանաւանդ  լեզուական, թուաբանական եւ այլ բնոյթի խաղեր։

Ելեկտրոնային «Փթիթ»ը, տպագիր տարբերակին առընթեր՝ շարունակեց փթթիլ, կիրարկումովը փոխներգործօն խաղերու՝ լսատեսողական յաւելեալ հնարքներով։  ԳԿՀ-ՀԲի շարունակական նիւթաբարոյական քաջալերանքով բազմացան հերթական թարմացումները եւ «Փթիթ»ը վերածուեցաւ զոյգ Ամերիկաներէն մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելք փնտռուած կայք մը։  Ըստ համակարգչային վիճակագրական տուեալներու՝ «Փթիթ»ի կայքի այցելուներու թիւը հասած է շուրջ 122,000ի, իսկ «Փթիթ»ի յաւելուածի ներբեռնողներու թիւը՝ շուրջ 48,000ի։  Համաճարակի օրերու առցանց ուսուցումի ժամանակամիջոցին «Փթիթ»ի կայքը եւ մանաւանդ լեզուական խաղերը եւ պատմուածքները յաճախ օգտագործուեցան բազմաթիւ սփիւռքահայ վարժարաններու հայերէնաւանդ ուսուցիչներուն կողմէ՝ իբրեւ առցանց ուսուցումի յարմար միջոց։

Համաճարակի տարածումին եւ շարունակումին առընթեր, «Փթիթ»ի խմբագրութիւնը եւ ԳԿՀ-ՀԲի պատասխանատուները, յարմարելու համար նոր զարգացումներուն՝ նախաձեռնեցին «Փթիթ»ի կայքի աշխուժացումին ծրագրելով հիմնական բարեփոխումներ՝ գլխաւորաբար  պարունակական (երեք նոր բաժիններու յաւելում), որակային եւ ձեւաւորումի բարեփոխումներ, որոնք մեկնարկեցին 5 Մայիսին։ Այսուհետեւ, «Փթիթ»ի կայքի իւրաքանչիւր թարմացում պիտի ունենայ յատուկ նիւթ մը, եւ այդ նիւթին վերաբերեալ ամբողջական գիտելիքներ պիտի պարգեւէ իր այցելուներուն։

Մինչ այդ, «Փթիթ»ի տպագիր  տարբերակը, որ դադրած էր 2020ին, թիւ 17ի հրատարակումով, նոր շունչ մը ստացաւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութենէն ստացուած պաշտօնական հրաւէրով՝ Երեւանի մէջ լոյս ընծայելու յատուկ թիւ մը, հայրենիք հաստատուած եւ արեւմտահայերէնով արտայայտուող մասնաւորաբար սուրիահայ եւ լիբանանահայ պատանիներուն ուղղուած։ Խանդավառութեամբ եւ ոգեւորութեամբ  սկսած աշխատանքը զուգահեռ ընթացաւ արցախեան 44օրեայ պատերազմին հետ։ Նոյն նախարարութեան հովանաւորութեամբ եւ Յովհաննէս Թումանեանի անուան տուն-թանգարանի տնօրէնութեան գործակցութեամբ հրատարակուած «Փթիթ»ի այդ յատուկ թիւը լոյս տեսաւ Նոյեմբեր 2020ին, տխուր եւ ճնշիչ մթնոլորտի մը մէջ։ Ոչ ծանուցում, ոչ ալ արժանի շնորհահանդէս կատարուեցաւ։ Սակայն մնաց յոյսը՝ շարունակելու կատարուած յաջող այս փորձը։

«Փթիթ»-ի խմբագրութիւնը կը հաւատայ ազնիւ նախաձեռնութիւններու յարատեւումի ջանադրութեան։ Կը յուսանք, որ «Փթիթ» պարբերաթերթը կարելիութիւնը պիտի ունենայ շարունակելու իր առաքելութիւնը Սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ։ Նաեւ կը մաղթենք, որ ԳԿՀ-ՀԲի ամբողջական հովանաւորութեամբ հրապարակուած ելեկտրոնային յաւելուածը եւ բարեփոխուած կայքը կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը՝ իբրեւ փոքրիկ օղակ մը այն մեծ շղթային, զոր ԳԿՀ-ՀԲը իր այլազան ծրագիրներով կազմած է՝ ի խնդիր արեւմտահայերէնի պահպանումին ու զարգացումին։