Մենք Պիտի Հեռացնենք Նիկոլը Հաստատ, Բայց Ատիկա Պիտի Ընենք Անարիւն. Իշխան Սաղաթելեան

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ փոխնախագահ Իշխան Սաղաթելեանի ելոյթը Ֆրանսայի հրապարակին վրայ, Յունիս 14-ի «Դիմադրութիւն» շարժման հանրահաւաքին․

Ողջոյն, սիրելի՛ հայրենակիցներ

Այսօր այստեղ ենք շարք մը կարեւոր հարցերու պատասխանելու, որոշումներ ընդունելու համար։ Միասին։

Այդ որոշումները պէտք է ապահովեն մեր Շարժման յետագայ ընթացքը, զարգացումը, նպատակներու վերջնական իրագործումը։ Նպատակը նոյնն է՝ կանխել Արցախի հայաթափումը եւ Հայաստանի թրքացումը, չէզոքացնել Հայաստանի ինքնիշխանութեան սպառնացող վտանգները, իսկ ատոր հասնելու համար նախ պէտք է հեռացնել չարիքի իշխանութիւնը, ձեւաւորել ազգային իշխանութիւն, որ պիտի կասեցնէ պետականութեան կործանման այս ընթացքը, որ պիտի ապահովէ երկրի սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը, պիտի հաստատէ արժանապատիւ խաղաղութիւն, պետականութիւնը պիտի վերադարձնէ ժողովուրդին, Հայաստանը պիտի դարձնէ արժանապատիւ եւ բարեկեցիկ երկիր: Ուստի շարժման նպատակը եւ առաքելութիւնը սրբազան են, ու քանի դեռ վերը նշուած հարցերը չեն լուծուած, շարժումը դադար չունի:

Բայց սկիզբի համար պէտք է հասկնանք, թէ ինչ ունինք այս փուլին, ուր հասած ենք, ինչ բացթողումներ եւ ձեռքբերումներ կան, որոնք են ստեղծուած իրավիճակին առանձնայատկութիւնները։

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, կարեւոր է հասկնալ, թէ այս ընթացքին ինչ ըրած է այս հրապարակին վրայ կանգնած իւրաքանչիւր արժանապատիւ քաղաքացի։ Ես այստեղ կ՝ուզեմ շատ անկեղծ ըլլալ։

2021թ. ընտրութիւններէն ետք Հայաստանի մէջ ստեղծուած էր վիճակ մը, երբ երկրի գլխաւոր պաշտօնը զբաղցնող անձը երկրի թիւ մէկ քաղաքական ամպիոնէն շարունակ կը նուաստացնէր Հայաստանն ու Արցախը, կը նուաստացնէր հայ մարդը, բայց ատոր չէր հետեւեր հանրային արձագանգ, աւելին` ան կ՝ըսէր, որ ատոր համար ժողովուրդէն իրաւագիր ունի:

Մենք ունէինք վիճակ մը, երբ միջազգային գործընկերները կը կարծէին, թէ Հայաստանի մէջ վարուող քաղաքականութեան հանդէպ չկայ դիմադրութիւն։

Մենք ունէինք վիճակ մը, երբ Հայաստանէն կը լսուէր միայն ամօթի եւ պարտութեան ձայնը։

Եւ ի՞նչ ունեցանք մենք հիմա, մեր այս օրերուն արձանագրած արդիւնքները՝

1. Լաոն /հասարակութիւնը/ արթնցաւ։ Միայն պետական կուրութեամբ տառապողը կրնայ ասիկա չնկատել։

2. Վերջնականապէս փակուեցաւ այն հարցը, թէ Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգութիւնը կը հետաքրքրէ հանրութեան փոքր շերտերուն: Մենք այդ հարցին յստակ պատասխանեցինք: Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ եկան փողոց: Եթէ մինչ այդ մարդիկ յուսահատած էին, որ իրենք քիչ են, համախմբուած չեն՝ շարժումը համախմբեց մեր հանրութեան տարբեր շերտերը, մենք ապահովեցինք համախմբման, միասնութեան ու համերաշխութեան մթնոլորտ, մենք, բոլորս միասին, համոզուեցանք, որ մենք հզօր ուժ ենք եւ կրնանք իրավիճակ փոխել։

3. Միջազգային հանրութիւնը հասկցաւ, որ այստեղ կայ արժանապատիւ ժողովուրդ, որուն կարելի չէ ցանկացած լուծում ու զիջում պարտադրել։

4. Ձեւաւորուեցաւ ազգային գաղափարի շուրջ լայն համախմբում՝ հանրային տարբեր շերտերու եւ շրջանակներու աջակցութեամբ։ Այս հրապարակը դարձաւ գործօն։

5. Թէ՛ երկրէն ներս, թէ՛ արտաքին աշխարհի համար փաստուեցաւ, որ օրուան իշխանութիւնները չունին երկիրը նոր զիջումներու տանելու` ժողովուրդի իրաւագիրը:

6. Ամբողջութեամբ կազմաքանդուեցան գործող իշխանութեան քաղաքական եւ հասարակական հիմքերը։ Իշխանութեան միակ յենարանը մնացած է ՔՊ-ական նեղ շրջանակը եւ ոստիկական բիրտ ուժը։

7. Հանրային խօսոյթին մէջ վերջնականապէս ձեւաւորուեցան այն առաջնահերթութիւնները, որոնք պէտք է ինկած ըլլան հայկական պետականութիւններու հիմքին մէջ։

8. Որքան ալ վարչախումբը յետպատերազմական ժամանակաշրջանին փորձեց հանրութիւնը տրամադրել նոր պարտութեան եւ աշխարհին համոզել, թէ հայերը հաշտուած են տեղի ունեցածին հետ, մենք մեր շարժումով ապացուցեցինք հակառակը: Մենք ցոյց տուինք, որ ունինք մեր 5000-ամեայ երթը շարունակելու կամք, վճռականութիւն եւ ներուժ։

9. Հայ ժողովուրդը սկսաւ յաղթահարել պատերազմին մէջ ջախջախիչ պարտութեան հոգեբանական հետեւանքները եւ կրկին բարձրաձայնել իր ազգային պահանջները։

10. Գծուեցաւ յստակ ջրբաժանը, մեր ժողովուրդի 90 տոկոսը բացայայտ յայտարարած է՝ Արցախը չի կրնար ըլլալ Ազրպէյճանի կազմին մէջ։

11. Շարժումը առնուազն այս պահուն կանխեց եւ խախտեց նոր դաւադրութիւն ստորագրելու ժամանակացոյցը, եւ ատով պայմանաւորուած է Ալիեւի անհանգստութիւնը:

12. Մեր շարժումը սկսաւ ոտքի հանել արցախահայութիւնը, Սփիւռքը եւս ոտքի կանգնեցաւ: Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը վերականգման փուլի մէջ է:

13. Քաղաքական ճգնաժամը դրսեւորուած է եւ փաստ, որքան ալ փորձեն զայն քօղարկել: Նիկոլի հեռացման համար կայ ձեւաւորուած յստակ հանրային պահանջ:

Կարեւոր ձեռքբերում մը եւս, որուն մասին քիչ կը խօսինք։

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, այս բոլոր օրերուն ընթացքին, այս իսկ պահուն, մեր աչքին առջեւ, մեր մասնակցութեամբ, ձեր նուիրուածութեան եւ կամքի շնորհիւ կը ձեւաւորուի եւ կը բիւրեղանայ ազգային ու պետական կորիզը։ Այս կորիզը պիտի դառնայ նոր որակի հայկական պետականութեան հիմքը, այս կորիզը պիտի դառնայ մեր պետութեան դիմադրողականութիւնը, որ պիտի պաշտպանէ մեզի ամէն տեսակ վարակներէ ու հիւանդութիւններէ։

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, ասոնք բոլորը ձեր ձեռքբերումներն են։ Ընդամէնը երկու ամիս առաջ շատ քիչերը կը հաւատային, որ մենք կրնանք այսքան բան ընել միասին։ Ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր հաւատքով, նուիրուածութեամբ, պայքարի ոգիով, ինքնազոհաբերութեամբ ու վճռականութեամբ իրավիճակ փոխեց ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլեւ՝ տարածաշրջանի, աշխարհասփիւռ հայերու մէջ։ Ասիկա մեծ աշխատանք է, որ դուք ըրած էք։

Սակայն, մեր գլխաւոր խնդիրը կը շարունակէ մնալ չլուծուած։ Հայաստանը դեռ կը ղեկավարէ մեր բոլորի համար գոյաբանական վտանգ ներկայացնողը։

Այս օրերուն ընթացքին մենք ըրած ենք ամէն ինչ, որ ան վերջապէս հեռանայ` ատով հնարաւորութիւն տալով Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին ապրելու։

Ցանկացած այլ իշխանութեան համար եղածը աւելի քան բաւարար պիտի ըլլար, որ հեռանար։ Սակայն ասոնք կրկին փաստեցին, որ իրենց աթոռին համար պատրաստ են նոր արիւն թափելու։

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, մենք այս ողջ ընթացքին առաջնորդուած ենք բացառապէս խաղաղ ցոյցեր իրականացնելու սկզբունքով։ Մենք յայտարարած ենք, որ պիտի չերթանք արիւնահեղութեան ճանապարհով։ Մենք յայտարարած ենք, որ մեր հոգին չի փառաւորուիր ոստիկանին մահակներով հարուածելէն, արիւնահեղութիւն կազմակերպելէն։

Եթէ ոեւէ մէկը մեզի ասոր համար պէտք է մեղադրէ վճռականութեան բացակայութեան մէջ, ուղիղ կը յայտարարեմ` այո՛, մենք չունինք հայ սպաննելու վճռականութիւն։ Մենք պիտի հեռացնենք նիկոլը, պիտի հեռացնենք հաստատ, բայց ատիկա պիտի ընենք անարիւն։

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, առաջին օրէն մենք յստակ դրած էինք մեր նպատակը եւ ընտրած մարտավարութիւն, որ մեզի թոյլ կու տար յստակ ժամանակամիջոցի մէջ հասնելու այս նպատակին։ Ես պէտք է արձանագրեմ, որ մեր ծրագրաւորած քայլերը մենք իրականացուցած ենք ամբողջովին։

Սակայն, այս իշխանութիւններուն բացառիկ լպիրշութիւնը, ցինիզմը, աշխարհաքաղաքական իրավիճակը իրենց ազդեցութիւնը կը ձգեն մեր ծրագիրներուն վրայ եւս։

Ուստի, մենք հիմա կանգնած են մարտավարութեան փոփոխութեան անհրաժեշտութեան առաջ։ Մեզի հարկաւոր է ստեղծուած նոր իրավիճակին համապատասխան մարտավարութիւն, որ թոյլ պիտի տայ հասնելու մեր առջեւ դրուած նպատակին։

Բայց, մինչ այդ, կ՝ուզեմ խօսիլ նաեւ Շարժման բացթողումներուն մասին։

Առաջինը. պէտք է արձանագրել, որ Նիկոլը չընդունող եւ մերժող մարդոց թիւը շատ աւելի մեծ է, քան այս հրապարակին վրայ գտնուողներունը։ Մենք դեռ չենք կրցած այդ բոլոր մարդոց փողոցային պայքարի հանել, բերել այս հրապարակ։ Ասիկա շատ կարեւոր խնդիր է, որ անպայման պէտք է լուծել։

Երկրորդը. դեռ կան մարդիկ, որոնք կը կարծեն, թէ ասիկա պայքար է իշխանութեան համար, պայքար է նախկինի վերադարձի համար։ Ասիկա կը վկայէ, որ մենք չենք կրցած երկրին սպառնացող վտանգները յստակ բացատրել մեր քաղաքացիներուն։ Ի հարկէ, մենք պէտք է նաեւ գիտակցինք, որ գործ ունինք պետական հսկայ միջոցի, օտարերկրեայ ցանցերու քարոզչական համակարգերու հետ, որոնք անընդհատ կը խաբեն եւ կը մոլորեցնեն մեր քաղաքացիները։ Բայց, միեւնոյն է, մենք պէտք է կարենանք յաղթահարել նաեւ այդ արգելքը եւ ժողովուրդի այն հատուածին, որ կը կարծէ, թէ ասիկա իշխանութեան պայքար է, յստակ հասցնենք մեր շարժառիթները, բացատրենք, որ երկիրը իսկապէս կործանման վտանգի առջեւ է։

Ունեցած ենք նաեւ կազմակերպական բնոյթի խնդիրներ։ Ճիշդ է, այստեղ բաւական լուրջ աշխատանք տարուած է, բայց ակնյայտ է, որ թերացումներն ալ շատ եղած են։ Անոնք եւս յառաջիկայ օրերուն պէտք է արագ շտկենք։

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, շարժման ներուժը մեծցնելու, աշխարհագրութիւնը ընդլայնելու, գործիքակազմը հարստացնելու, նոր մօտեցումներ որդեգրելու, հարթակը ընդլայնելու, յստակ գործողութիւններու ծրագիրով պայքարը շարունակելու նոր հանգրուանի առջեւ ենք։

Նախ անհրաժեշտ է որոշ վերափոխման ենթարկել «Դիմադրութիւն» շարժման կառուցուածքը եւ մարտավարութիւնը՝ միաժամանակ քափիթալիզացնելով արձանագրած ձեռքբերումները։

Ըստ այդմ`

1. Անհրաժեշտ է օրինական բնոյթ հաղորդել շարժման՝ քաղաքական, կազմակերպական, քարոզչական աշխատանքները աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու համար։

2. Շարժման պէտք է ցանցային բնոյթ հաղորդել՝ կեանքի կոչելով տարածքային եւ ճիւղային կառուցուածքային միաւորներ։

Ասիկա կ՝ենթադրէ, որ շարժումը պիտի ունենայ ենթակառուցուածքներ, այսինքն` կոմիտէներ, ոլորտային յանձնախումբեր, ասով մենք պիտի լուծենք քաղաքական, կազմակերպական, քարոզչական ուղղութիւններով մարդուժի ներուժը մեծցնելու, նորանոր խումբեր եւ կարող անհատներ ընդգրկելով՝ շարժումը աւելի ընդլայնելու եւ նոր ուժ տալու հարցը:

Իսկ հիմա, սիրելի՛ հայրենակիցներ, Շարժման յառաջիկայ ընելիքներուն մասին։ Նախ` այս հրապարակին վրայ տեղադրուած վրաններու մասին։ Գիտեմ, որ այս թեմայով հարցադրումները շատ են, կարծիքներն ալ՝ տարբեր։ Բայց պարզ իրողութիւններ կան, որ պէտք է հաշուի առնենք։ Եւ անոնցմէ ամենակարեւորը այն է, որ ամէն բան պէտք է շատ յստակ նպատակի ծառայէ։

Մենք վրանային աւանը հիմնեցինք՝ մշտական գործող հաւաքատեղ, հասցէ եւ դիմադրութեան առաջին օճախ ունենալու համար։ Մենք այդ խնդիրը լուծած ենք գիշեր-ցերեկ այստեղ հերթապահութիւն իրականացնող մեր գաղափարակից ընկերներու, բոլորիս համատեղ ջանքերուն շնորհիւ։

Ֆրանսայի հրապարակը այլեւս կը պատկանի դիմադրութիւն շարժման։ Անկախ անկէ՝ այստեղ վրաններ կ՝ըլլան, թէ՝ ոչ: Եւ ոչ միայն Ֆրանսայի հրապարակը։ Մեր ժողովուրդը արդէն նուաճած է Հայաստանի բոլոր քաղաքներու փողոցներն ու հրապարակները։ Այս ողջ ընթացքին մենք ցոյց տուինք, որ մեզի համար փակ փողոցներ գոյութիւն չունին, այս պահուն կրնանք վստահ պնդել, որ վրանային այս աւանը լիարժէք կատարած է իր գործը, որուն համար շնորհակալ եւ երախտապարտ եմ այստեղ հերթապահած մեր բոլոր արժանապատիւ ընկերներուն։ Դուք նուիրեալներ էք եւ անգնահատելի գործ ըրած էք, բայց հիմա ձեր ներուժը մեզի այլ տեղեր պէտք է:

Մենք կ՝առաջարկենք, հաշուի առնելով նաեւ մեր յառաջիկայ մարտավարութիւնը, վաղունէ հաւաքել այս վրանները, բայց միշտ նկատի ունենալով, որ անհրաժեշտութեան պարագաիյն վրանային աւանը կրկին կը վերականգնուի։ Մեր պայքարին ընթացքում մեր վրաններու աւանը լրջագոյն հարց լուծած է, բայց մեր պայքարի յետագայ արդիւնաւէտութիւնը վրաններով պայմանաւորուած չէ, անոնք որոնք հակառակը կը մտածեն, յառաջիկայ օրերուն կը համոզուին ատոր:

Շարժման ընելիքները եւ անոնց ուղղուած գործնական քայլերը պէտք է բխին յառաջադրուած նպատակներէն ու խնդիրներէն։

Շարժման յետագայ ծաւալման իբրեւ արդիւնք պէտք է պայմաններ ստեղծել, որպէսզի՝

ա) կանխենք կենսական զիջումներ պարտադրող դաւադրական նոր պայմանագրերու ընդունումը՝ բացառելով առանց ժողովուրդի անմիջական մասնակցութեան որեւէ համաձայնութեան կայացում,

բ) հասնինք Նիկոլի հեռացման՝ հրաժարականի կամ պաշտօնանկութեան միջոցով։

Պայքարը այս երկու ուղղութիւններով պէտք է ընթանայ զուգահեռ եւ ըլլայ փոխլրացնող։

Շարժման որակական եւ քանակական մակարդակն է, որ, ի վերջոյ, պիտի կանխորոշէ մեր պայքարի արդիւնաւէտութիւնը։ Հետեւաբար, թիրախային, յստակ ծրագրաւորուած քայլերով եւ գործողութիւններով պայքարը պէտք է շարունակուի՝ որոշակի փոփոխութիւններ կատարելով պայքարի ձեւերու եւ եղանակներու մէջ։

Այս առումով յառաջիկայ մեր ընելիքներն ու գործնական քայլերը միտուած պիտի ըլլան հետեւեալին.

Ամենշաբաթեայ ձեռնարկներ, ինչպէս՝ ցուցական փողոցային ցոյցեր, ոլորտային եւ թեմատիկ խնդիրներու մասնագիտական քննարկումներ, ժողովրդային հանդիպումներ, շաբաթական առնուազն 1 մարզային այց, 1 մեծ հանրահաւաք-երթ:

Շարժման տարածքային եւ ճիւղային ստորաբաժանումներու ձեւաւորում, ներառեալ` Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ:

Հանրութեան լայն շերտերու, ներառեալ` գիտական, կրթական, հոգեւոր-մշակութային, գիւղացիութեան, գործարար շրջանակներու, երիտասարդութեան հետ հետեւողական աշխատանք:

Յստակ չափորոշիչներու վրայ հիմնուած մարդուժի ձեւաւորում, յատկապէս` նոր սերունդէն, նաեւ Սփիւռքի մասնագիտական ներուժի ներգրաւմամբ։

Մարզերու մէջ շարժման համադաս խորհուրդներու ձեւաւորում:

Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերական աշխատանքներ։

Ապօրինաբար ձերբակալուած եւ կալանաւորուած` շարժման մասնակիցներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու ձեռնարկում։

Փողոցային պայքարը կը շարունակուի քիչ մը այլ անմիջականութեամբ, բայց, անոր զուգահեռ, տեղի կ՝ունենան Շարժման կառուցուածքային վերափոխման եւ ընդլայնման աշխատանքներ, որ պիտի յանգեցնէ Շարժման առաւել ընդլայնման:

Սակայն, պէտք է պատրաստ ըլլանք, որ յառաջիկային կպնան տեղի ունենալ շատ վճռորոշ զարգացումներ, եւ Շարժումը պէտք է ունակ ըլլայ արդիւնաւէտ արձագանգելու եւ հակազդելու, ունենայ համապատասխան լծակներ ու հնարաւորութիւններ: Ըստ այդ զարգացումներուն` մենք կրնանք կրկին վերադառնալ 24 ժամուայ տարբերակին:

Միաժամանակ, մեր հիմնական օրակարգին վրայ պահելով Նիկոլի հրաժարականի հարցը, հարկ է նկատի ունենալ, որ Օգոստոս 2-ին կը լրանայ անոր պաշտօնավարման մէկ տարին, եւ զինք աթոռէն հեռացնելու մեր գործիքակազմին կ՝աւելնայ եւս մէկը։ Հետեւաբար, երկու ուղղութիւններով նախապատրաստական աշխատանքներ սկսելու հարց ունինք՝

պաշտօնանկութեան հիմքերու ամբողջացում (իրաւական-քաղաքական), անոր հանրային համաժողովրդական պահանջի դրսեւորում,
ժողովուրդին կողմէ վարչապետի թեկնածուի յառաջադրում՝ ի բաւարարումն օրէնքով սահմանուած` անվստահութիւն յայտնելու նախապայմանի։
Այս մասին, սակայն, աւելի մանրամասն ու հանգամանալից խօսելու առիթ դեռ կ’ունենանք:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, պատասխանատւութեան մասին։ Շատ կը խօսուի` ով կամ ովքեր պիտի կրեն այս շարժման պատասխանատւութիւնը չյաջողելու պարագային:

Նախ` չյաջողելու տարբերակ չունինք, եւ բոլոր անոնք, որոնք արդէն նշանակած են մեղաւոր եւ պատասխանատու, անոնց խոր հիասթափութիւն կը սպասուի, պատռեցէք այդ թուղթերը եւ ուրիշ բան մտածեցէք:

Առաջին օրէն ըսած ենք, որ մենք այս Շարժման ե՛ւ զինուորն ենք, ե՛ւ յառաջամարտիկը, ամբողջական պատասխանատւութիւն կը կրենք այս գործընթացներուն համար, այդ պատասխանատւութիւնը մեզի բերած է այս հրապարակ։ Այդ պատասխանատւութիւնը ունի հասցէ եւ անուն-ազգանուն, մենք, իսկ տուեալ պարագային` ես ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ անձնական պատասխանատւութիւն ունիմ այս շարժման ելքի համար:

Ես պատասխանատու եմ ամէն օր այս հրապարակ եկող 80-ամեայ դոկտոր փրոֆէսըր Գուրգէն Մելիքեանի առջեւ։ Ամէն անգամ, երբ կը նայիմ անոր աչքերուն, կը տեսնեմ անոր պայքարը… Ի հարկէ, պատասխանատու եմ անոր առջեւ, անոր նման հարիւրաւորներու առջեւ։ Ատկէ մեծ պատասխանատւութիւն չկայ։

Պատասխանատու եմ մեր նահատակ հերոսների ծնողների առջեւ։ Պատասխանատու եմ երիտասարդների առջեւ, որոնց ընկերներն այսօր բանտերում են, բայց նրանք աննկուն պայքարում են։ Սրանից աւելի մեծ պատասխանատուութիւն չկայ։ Բայց ամենակարեւորը՝ պատասխանատու եմ մեր զաւակների ու սերունդների առջեւ։ Ու թող սրանից յետոյ ոչ ոք պատասխանատուութեան դասեր չտայ։ Պատասխանատուն ես եմ, այս հարթակում կանգնած մարդիկ են։ Մենք այդ պատասխանատուութիւնը ծայրից ծայր հասկանում ենք։ Այդ պատասխանատուութիւնն է մեզ բերել հրապարակ։

Սիրելի՛ ժողովուրդ, մեր գաղափարակից տասնեակ ընկերներ այսօր բանտարկուած են։ Ի հարկէ, մեր փաստաբանները, պատգամաւորները մշտական կապի մէջ են անոնց հետ։ Յաճախ դուք ալ կը ստանաք բանտախուցերէն յղուած անոնց կոչերը՝ շարունակել պայքարը, օր առաջ մաքրելու երկիրը դաւաճան իշխանութիւններէն։ Անոնց ոգին անկոտրում է։ Անոնք մեր պայքարի ուժն ու ոգին են։ Եւ մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք, որպէսզի օր առաջ բոլոր քաղբանտարկեալները ազատ արձակուին, կրկին գան այս հրապարակ, միասին տօնենք յաղթանակի բերկրանքը։

Այո՛, ճիշդ է, նրանք այսօր բանտարկուած են, բայց ձեզ կը վստահեցնեմ՝ անոնք շատ աւելի ազատ են, քան ԱԺ-ի մէջ նստած` Նիկոլի որոշ ուսապարկերը, կառավարական շէնքերուն մէջ դրուած նախարարները եւ նոյնիսկ իրենց վրայ ճաղավանդակի դուռ փակող քննիչները, դատաւորներն ու ոստիկանները։

Այս հրապարակէն բոլորին կոչ կ՝ընեմ, բոլոր անոնց, որոնք կը կիսեն մեր օրակարգը, բայց մեզի հետ չեն՝ միացէ՛ք մեր պայքարին։ Կամ ստեղծեցէք պայքարի ձեր օճախները։ Մենք ձեզի միայն պիտի աջակցինք։ Մենք պատրաստ ենք օգնելու ցանկացած նախաձեռնութեան, ցանկացած խումբի կամ ուժի, որ կը կիսէ ժողովուրդի օրակարգը՝ հայ մնալու օրակարգը, Արցախը հայկական պահելու օրակարգը, Հայաստանը ինքնիշխան պահելու օրակարգը։ Այո՛, մենք պատրաստ ենք աջակցելու բոլոր անոնց, որոնք կրնան պայքարիլ առանց Նիկոլ Հայաստան ունենալու համար, բայց որեւէ պատճառով այս հարթակին վրայ չեն։

Սիրելի՛ հայրենակիցներ

Ասիկա նաեւ լոյսերու շարժում է։ Կը վսհահեցնեմ՝ լոյսը պիտի յաղթէ չարիքին ու խաւարին։ Ժողովուրդը պիտի յաղթէ, նիկոլիզմը պիտի սրբուի մեր երկրէն։ Մենք պիտի վերագտնենք մեր արժանապատւութիւնը։ Հայաստանը, ինչպէս այս հրապարակին վրայ է, պիտի դառնայ ձեր նման եղբայրներու եւ քոյրերու երկիր։ Հայաստանը պիտի դառնայ ուժեղ, արդար երկիր։

Իսկ հիմա կը սկսինք լոյսերու մեր երթը։ Յաջորդ հանրահաւաքը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ օրը` Յունիս 18-ին, ժամը 19։30-ին Ֆրանսայի այս հրաշալի հրապարակին վրայ։

Իշխան Սաղաթելեան

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ

ԱԺ փոխնախագահ