Արցախի Գոյութիւնը Տարածաշրջանային Եւ Համաշխարհային Աշխարհաքաղաքական Հաւասարակշռութեան Պահպանման Կարեւորագոյն Գործօն է. Արցախի ԱԳ Նախարար

Հայաստան

Արցախը, անոր գոյութիւնը տարածաշրջանային եւ նոնյնիսկ համաշխարհային աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութեան պահպանման կարեւորագոյն գործօնն է։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան:

Ան նշած է, որ եթէ չըլլայ Արցախը՝ արմատապէս պիտի փոխուի աշխարհաքաղաքական լանտշաֆտը Անդրկովկասի մէջ, իսկ անկէ ետք՝ նաեւ յարակից շրջաններու մէջ, որմէ ետք աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութեան պահպանումը աւանդական միջոցներով (աշխարհառազմավարական հակակշիռներու համակարգ եւ այլն) գործնականօրէն անհնար պիտի դառնայ։

«Ասիկա պիտի բերէ ուժային կեդրոններու բաց, կոշտ եւ անմիջական առճակատման։ Իսկ ի՞նչ կրնայ ըլլալ, երբ անհնար է աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութիւնը պահպանել աւանդական միջոցներով, եւ երբ համաշխարհային եւ տարածաշրջանային մեծ տէրութիւնները բացայայտ հակադրուին իրարու։ Կը կարծեմ՝ պատասխանը շատ պարզ է. աշխարհը նոյնիսկ կրնայ յայտնուիլ միջուկային պատերազմի շէմին»,- նշած է նախարարը: