Տերսիմի Մէջ 500 Տարուան Հայկական Գերեզմանաքար Գտնուած Է

Աշխարհ, Էրկիր

Այժմեան Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ գտնուող Տերսիմ (թրք․ պաշտօնական անուանումը՝ Թունճելի) նահանգին մէջ գտնուած է անցեալ տարի պատմական վայրէ մը գողցուած եւ որոնման մէջ գտնուող հայկական գերեզմանաքարը։

Այս մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդէ ռուսական «Սփութնիք» լրատուականի թրքերէն ծառայութեան կայքէջը։

Աղբիւրին համաձայն՝ խոյի գլխով պատկերը կրող այդ գերեզմանաքարը գողցուած էր Տերսիմի կեդրոնին ենթակայ Չըլկա գիւղի՝ մօտ 500-ամեայ հնութեամբ գերեզմանոցին մէջ, անցեալ տարուան Նոյեմբերին։ Անոր մասին Տերսիմի թանգարանային տնօրինութեան յայտնած էին տեղի բնակիչները։ Թանգարանի իրաւասուները, իրենց հերթին, դիմած էին Թանգարանային գլխաւոր տնօրինութեան, դատախազութեան եւ անվտանգութեան ուժերուն։

Մօտ 200 քկ ծանրութեամբ այդ գերեզմանաքարը նկատուած էր Տերսիմի Պուզլուփընար գիւղին մէջ, լքուած տան մը ետին։ Անիկա ծածկուած էր այլ քարերով, որպէսզի աննկատ մնար։ Համապատասխան մարմինները զայն գտնելէ անմիջապէս ետք տեղափոխած են թանգարան։

Ի դէպ, թրքական եւ թրքալեզու լրատուամիջոցները չեն նշեր գերեզմանաքարի հայկական ըլլալուն մասին։ Սակայն, գերեզմանաքարին վրայ փորագրուած պատկերները կ՝ապացուցեն անոր հայկականութիւնը։

Յիշեցնենք, որ այժմեան Թուրքիոյ ամենամեծ նահանգներէն մէկը եղող Տերսիմը կ՝ընդգրկէ պատմական Հայաստանի Ծոփաց աշխարհը։ Պատմական Տերսիմը բաժնուած էր 2 մասի՝ Դաշտային եւ Լեռնային։ Առաջին աշխարհամարտէն առաջ Տերսիմը ընդգրկուած էր Խարբերդ նահանգի կազմին մէջ։

Այս տարածքին լեռնածածկ ըլլալուն եւ յատկապէս հայ, զազա եւ քիւրտ ալեւի բնակչութեամբ բնակեցուած ըլլալուն շնորհիւ՝ 1915 թ․ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին հայերու զանգուածային կոտորածներ չեն եղած այստեղ։ Շատ հայեր Տերսիմի մէջ ապաստան գտած են ալեւիներու մօտ եւ պահպանած հայկական ինքնութիւնը։ Վերջին տարիներուն նկատելի է նման հայերու վերադարձ դէպի ինքնութեան եւ որոշակի գործունէութիւն հայկական արմատները պահպանելու ուղղութեամբ։

Աղբյուր՝ https://tr.sputniknews.com/20220527/kirmizi-bultenle-aranan-500-yillik-tarihi-mezar-tasi-bulundu-1056753883.html

Թարգմանութիւնը՝ Մելինէ Անումեանի

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը