Հիասթափուած Եմ Միջազգային Հանրութեան Արձագանգէն. Արցախի Թեմի Առաջնորդ

Աշխարհ, Հայաստան

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) հայաստանեան Կլոր սեղան հիմնադրամին հրաւէրով Հայաստան գտնուող  ԵՀԽ պատուիրակութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ հանդիպած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի հետ:

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի հայաստանեան Կլոր սեղան բարեգործական հիմնադրամի գրասենեակէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ կազմակերպութեան ներկայացուցիչները Հայաստան կը գտնուին «Արդարութեան եւ խաղաղութեան ուխտագնացութիւն» առաքելութեան ծիրէն ներս:

Հանդիպման մասնակցած են ԵՀԽ ներկայացուցիչներ Սիւզան Տարպերը՝ Մեծ Բրիտանիայէն, Գոռնելիա Ֆիւլգրուկ-Վայցելը՝ Գերմանիայէն, Գառլա Խիջոյեանը՝ Զուիցերիայէն, Անի Ղազարեան-Տրիսին՝ Զուիցերիայէն: Հանդիպման կը մասնակցէր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժինի տնօրէն Տ. Շահէ վարդապետ Անանեան:

Հանդիպման սկիզբը ԵՀԽ հայաստանեան Կլոր սեղան հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Կարէն Նազարեան ներկայացուցած է Արցախի հարցի նախապատմութիւնը եւ ներկայ իրավիճակը:

Սրբազան հայրը ներկայացուցած է 2020թ. 44-օրեայ պատերազմի մարդկային աղէտալի հետեւանքները, ներկայ իրավիճակը Արցախի մէջ, եւ Ազրպէյճանի իրագործած պատերազմի յանցանքներն ու մշակութային-կրօնական կոթողներու աւերածութիւնները պատերազմի ժամանակ: Կը նշուի, որ պատուիրակութեան ներկայացուցիչներուն կը հետաքրքրէր Արցախի բնակչութեան ներկայ ընկերային-հոգեբանական վիճակը:

Վրթանէս սրբազանը տեղեկացուցած է, որ պատերազմի հետեւանքները յաղթահարելու համար աշխոյժ կերպով կ՝աշխատին երեխաներու, երիտասարդներու եւ հարազատներ կորսնցուցած կիներու հետ: Թեմակալ առաջնորդը յայտնած է, որ հարազատներ կորսնցուցած կիներուն համար կը գործէ յատուկ վերականգնողական ծրագիր: Նաեւ ըսած է, որ իբրեւ հոգեւորական՝ հիասթափուած է միջազգային հանրութեան արձագանգէնց Արցախի պատերազմին՝ տեսնելով, թէ ինչպէս հիմա կը լուսաբանուի Ուքրանիոյ ճգնաժամը, եւ ինչպէս կ՝արձագանգեն անոր: Ան նաեւ նշած է, որ Արցախի մէջ գործող ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմը արժանապատւօրէն կ՝իրականացնէ իր առաքելութիւնը:

Պատուիրակութեան անդամները պատմած են, որ ուխտագնացութեան նպատակն է տեղւոյն վրայ՝ եկեղեցիներու եւ համայնքներու մէջ, ծանօթանալ հաւատակից քրիստոնեաներու ցաւերուն, մտահոգութիւններուն: Անոնց խօսքով՝ իրենք կ՝այցելեն յատկապէս այն վայրերը, ուր բնակիչները ցաւ եւ տառապանք կրած են: Հաւաքագրած տեղեկութիւնները կը ներկայացնեն ԵՀԽ կեդրոնական կոմիտէին, որուն հիման վրայ կը կազմուի համապատասխան զեկոյց Նոյեմբերին կայանալիք համաժողովին ներկայացնելու եւ անոր ընթացքին անդրադարձ կատարելու նպատակով:

Պատվիրակութիւնը նաեւ պիտի այցելէ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր, պիտի մասնակցի Սրբազան Պատարագի՝ Երեւանի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ: