Տաւուշի Մարզի Գիւղերն ու Տիգրանաշէնը Խորհրդային Հայաստանի Անբաժան Մասը Եղած Են. Արման Թաթոյեան

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեանը անդրադարձած է «անկլաւային գիւղեր»-ու յանձնման.

«Ազրպէյճանական այսօրուան յայտարարութիւնները, թէ Տաւուշի 7 գիւղեր ու Տիգրանաշէնը «պիտի վերադարձուին Ազրպէյճանի կազմ տելիմիդացիայի գործընթացով», մեզի համար բացարձակ անընդունելի են:

Այդ հեռանկարը լի է կործանարար վտանգներով. իրաւունքներու զանգուածային խախտումներ, պիտի խաթարուի մեր ողջ բնակչութեան ֆիզիքական անվտանգութիւնն ու հոգեկան անդորրը, ճանապարհներու անվտանգութիւնն ու կապը համայնքներու միջեւ, առաջ պիտի գան նոր ներքին տեղահանուածներ կամ կենցաղային լեզուով` փախստականներ եւ այլն:

Տաւուշի մարզի նշուող գիւղերն ու Տիգրանաշէնը եղած են Խորհրդային Հայաստանի անբաժան մասը: Անոնք պատմական հայկական հողեր են:

«Անկլաւային» տրամաբանութիւնը ինքը մարդու իրաւունքներու իսկ անտեսման, պատմութեան կործանարար էջերէն դասեր չքաղելու հետեւանք է, որ անթուլատրելի, դատապարտելի կերպով տեւական ժամանակ կը զարգացնէին նաեւ Հայաստանի շարք մը անպատասխանատու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

Առհասարակ, «անկլաւ» արհեստագիտական-քաղաքական ձեւակերպումը պէտք է դուրս գայ բոլոր քննարկումներէն:

Տեսանիւթին մէջ մանրամասն ներկայացուած է անցեալ տարուան` 2021թ. փաստահաւաք աշխատանքներուս արդիւնքները, այսպէս կոչուած, «անկլաւային գիւղեր»-ուն վերաբերեալ»: