Յառաջիկայ Փուլին Հայեցակարգը․- Ինչպիսի՞ Հայաստան Եւ Ինչպէ՞ս

Հայաստան, Սփիւռք

Սիրելի՛ հայրենակիցներ

Արցախը, Հայաստանի անկախութիւնը վտանգուած են:

Ապազգային, ապիկար իշխանութեան պատճառով:

Այս վիճակը պարտաւոր ենք շտկել: Հնարաւո՞ր է, այո՛: Ինչպէ՞ս: Ելքը անվտանգութիւն-համերաշխութիւն-կայունութիւն-առաջընթաց շղթայով ուժեղ Հայաստանի կերտումն է:

Ուժեղ Հայաստան կերտելու համար նախ պէտք է հեռացնենք ասոնց: Եւ բերենք իշխանութիւն մը, որ`

Կ՛ապահովէ թուրք-ազրպէյճանական արտաքին յարձակումներուն զսպումը` արդիականացնելով Հայաստանի ու Արցախի միասնական անվտանգութեան համակարգը: Անիկա հիմնուած է ռազմավարական գործընկեր երկիրներու ներգրաւման, հայոց զինուած ուժերու վերակառուցման, նոր որակի միջազգային դիւանագիտութեան վրայ:

Կը վերահաստատէ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի երաշխաւոր ըլլալու` Հայաստանի Հանրապետութեան յանձնառութիւնը` բացառելով Արցախի որեւէ կարգավիճակ Ազրպէյճանի կազմին մէջ եւ առանց Հայաստանի հետ յուսալի ցամաքային կապի Արցախի անկլաւային վիճակ: Գործուն քայլերը ուղղուած պիտի ըլլան 1994 թուականի ԵԱՀԿ-ի ձեւաչափով եւ նպատակներով բանակցային գործընթացի վերականգնման:

Կը բացառէ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան հաշուին հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման անուան տակ միջանցքներու տրամադրումը:

Ազրպէյճանի կողմէ ուժի կիրառման եւ ուժի կիրառման սպառնալիքի ներքոյ չ՝իրականացներ սահմանազատում եւ սահմանագծում:

Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ կը բացառէ որեւէ համաձայնութիւն, որ հարցականի տակ կը դնէ հայ ժողովուրդի հայրենազրկման եւ ցեղասպանութեան իրողութիւնը, ինչպէս նաեւ հայութեան հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան կրողը ըլլալու իրաւունքը:

Առաջնահերթ կարեւորութիւն կու տայ պարենային անվտանգութեան եւ պետական պահուստի խնդիրներուն:

Կարեւորագոյն խնդիր կը դիտարկէ հայ ռազմագերիներու, պատանդառուածներու ու պահուող այլ անձերու վերադարձը:

Կը վարէ արհեստավարժ եւ յստակ չափորոշիչներով քատրային քաղաքականութիւն` ապահովելով կառավարման համակարգային ճգնաժամի յաղթահարումը: Պետութեան կառավարումէն ի սպառ պիտի բացառուին ամբոխահաճութիւնը, սուտը, կեղծիքը, անգործութիւնը, անպատասխանատւութիւնը, փտածութեան բացայայտ եւ թաքնուած ցանկացած դրսեւորում: Պիտի խրախուսուի աշխատասիրութիւնը, պետական եւ ազգային մտածելակերպը, անհատական եւ հաւաքական պատասխանատւութիւնը: Պիտի ձեւաւորուի գործունակ եւ արդիւնաւէտ պետական կառավարման նոր կառուցուածք: Առաջնահերթ կարգով պիտի վերականգնուին գիւղատնտեսութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւնները, պիտի վերակառուցուի իրաւապահ համակարգը` անոնք ամբողջութեամբ ծառայեցնելով քաղաքացիին: Քաղաքի եւ գիւղի մէջ բնակող մարդու բարեկեցութիւնը պիտի ըլլայ վարուող ոլորտային քաղաքականութեան, պաշտօնատար անձի գործունէութեան գնահատման չափանիշ: Տնտեսական աճը ուղղակիօրէն պէտք է արտացոլուի կենսամակարդակի վրայ` ապահովելով եկամուտներու կայուն աճ: Մարդոց վարկային եւ պարտքային բեռը պէտք չէ զրկէ զիրենք արժանապատիւ ապրելու հնարաւորութենէն:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Պիտի վերականգնենք ներքին համերաշխութիւնը, պիտի հասնինք համահայկական ներուժի մէկտեղման` վերացնելով խորացող ատելութիւնը, պառակտուածութիւնը եւ անտարբերութիւնը: Կը բացառուին մեր կեանքին մէջ անցեալի եւ ներկայի արատաւոր բարքերը` երկիրը զերծ պահելով ցնցումներէ:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, այս ծիրին մէջ կ՝ուզեմ անդրադառնալ հարցի մը` այս օրերուն յաճախ տրուող. շատ կը խօսուի` հանրահաւաքի վայրին մէջ կը յայտնուին մարդիկ, որոնք անընդունելի են եւ… զզուելի, նախապէս պաշտօն զբաղցուցած:

Սփիւռքի, Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ եւ ազգային միւս կառոյցներու անմիջական ներգրաւումով կը ձեւաւորեն ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համահայկական յստակ օրակարգեր:

Այդպիսի իշխանութիւն ձեւաւորելու համար անհրաժեշտ է.

Ազգային համաձայնութեան/ժամանակաւոր կառավարութիւն: Ասիկա կը նշանակէ` դերակատար քաղաքական ուժերը կը ստանձնեն հաւաքական պատասխանատւութիւն` ձեւաւորելով պետութեան կառավարման իւրայատուկ «ազգային հաւաքական», որ կը բացառէ մէկ անձի ներքոյ իշխանութեան կեդրոնացումը:

Ասոնց հեռացնելէ ետք կը հրապարակենք այն 250 բարձրակարգ մասնագէտներուն անունները, որոնք յառաջիկայ տարիներուն պիտի ըլլան մեր կառավարման համակարգի ու պետական վարչամեքենայի յենասիւնը: Անոնցմէ պիտի չի պահանջուի ո՛չ կուսակցականութիւն, ո՛չ հաւատարմութիւն ոեւէ մէկ անձի, ո՛չ ղազագիր: Անոնք ուսապարկի կարգավիճակ պիտի չունենան, այդ մարդիկ ունակ ալ չեն այդպիսի վարքագիծի: Անոնցմէ շատ-շատերը դուք կը ճանչնաք, անոնք մեր մէջ են: Անոնք արդէն 4 տարի ու այսօր ալ կը պայքարին յանուն մեր երկրի ազատութեան, յանուն ամուր պետականութեան, յանուն Արցախի, յանուն հզօրացման ու թուրքին մեր երկրէն քշելու: Անոնք գրեթէ բոլորը այստեղ են, պայքարի թոհուբոհին մէջ, հրապարակի վրայ, փողոցներուն մէջ կամ ազատ մամուլի եթերի վրայ: Անոնք իսկական հայրենասէրներ են, արհեստավարժներ, որոնց գործունէութեամբ կրնայ հպարտանալ ցանկացած պետական համակարգ, ցանկացած երկրի մէջ:

Բացառել կարեւորագոյն հարցերու վերաբերեալ վարչապետի միանձնեայ որոշումներու կայացումը: Վարչապետը պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերով կրնայ որոշումներ գործադրել միայն անվտանգութեան խորհուրդի հետ միաձայնութեամբ: Վարչապետի գերլիազօրութիւնները պիտի սահմանափակուին, պիտի ներդրուին իրական խորհրդարանական կառավարման մեքենականութիւններ: Պիտի ընդունուի նոր օրէնք անվտանգութեան խորհուրդի եւ կառավարութեան կառուցուածքի ու գործունէութեան վերաբերեալ:

Պէտք է արագ ձեւաւորել զինուած ուժերու բարձրագոյն հրամանատարական կազմ, զօրացնել դիւանագիտական անձնակազմը` համակարգ վերադարձնելով արհեստավարժ քատրերը, նուազագոյնի հասցնելով քաղաքական նշանակումները:

Ժամանակաւոր կառավարութիւնը

1.- Անմիջապէս կը ձեւաւորուի քաղաքական ու մասնագիտական իմաստով բարձրակարգ բանակցային խումբ, որ ոչ թէ վախի, պարտուողականութեան ու թրքամէտութեան դիրքերէն, այլ բացառապէս մեր ազգային-պետական շահերէն մեկնելով կը բանակցի Ազրպէյճանի, հարկ եղած պարագային` նաեւ Թուրքիոյ հետ: Կը բանակցի յստակ ու լաւ մշակուած հայեցակարգով: Խումբ, որ երբեք ոչ մէկ ազգային հարցի նշաձող կ՝իջեցնէ: Նշեմ նաեւ Արցախի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահներու դերի նուազեցումը անթոյլատրելի է:

2.- Հետեւողական քայլերով մենք կը վերացնենք ատելութեան մթնոլորտը երկրին մէջ, մարդիկ այլեւս չեն հետապնդուիր իրենց քաղաքական հայեացքներուն համար, իսկ օրէնքը հաւասար կ՝ըլլայ բոլորին համար` անկախ կարգավիճակէ:

.Հայաստանը կրկին կը դառնայ ներդրումներու համար գրաւիչ երկիր, իսկ Երեւանը կրկին կը դառնայ համայն հայութեան մայրաքաղաքը:

Իրավիճակի կայունացումէն ետք (ենթադրաբար 1-1.5 տարի ետք) կը կազմակերպուին ազատ, արդար, մրցակցային արտահերթ ընտրութիւններ: Ինչպէ՞ս հասնիլ անոր: Ազգակործան վարչախումբը իշխանութենէ զրկելը կ՝ենթադրէ երկու փուլ` երկիշխանութեան յառաջացում եւ գործող իշխանութիւններու հեռացում: Երկիշխանութիւնը արդէն կը կայանայ, որուն դրսեւորումներն են`

1.- ձեւաւորուած է լայն համախմբում` հանրային տարբեր շերտերու եւ շրջանակներու աջակցութեամբ: Այս հրապարակը դարձած է գործօն,

2.- թէ՛ երկրի մէջ, թէ՛ արտաքին աշխարհի համար փաստուած է, որ Նիկոլը երկիրը նոր զիջումներու տանելու համար օրինական իրաւագիր չունի,

3.- հանրային ճնշումով իշխանութիւնները ստիպուած արդէն կը փորձեն քողարկել իրենց հայրենադաւ ծրագիրները,

4.- իշխանութեան միակ յենարանը մնացած է ոստիկական բիրտ ուժը,

5.- երկրին մէջ քաղաքական ճգնաժամ է: 2021 թուականի ընտրութիւնները ոչ մէկ հարց լուծած են:

Յստակ կրնանք արձանագրել, որ իշխանութիւններու հեռացման համար անհրաժեշտ բոլոր պայմանները առկայ են`

Իշխանութիւնը անկարող է կասեցնելու ժողովրդային շարժումը.

Ըստ այդմ` մեր յառաջիկայ խնդիրներն են`

1.- Ի ցոյց դնել, որ փաստացի իշխանութիւնը հրապարակներու վրայ է:

2.- Ի ցոյց դնել, որ իշխանութիւնը անկարող է ժողովուրդի ցասումին առջեւ: Այլ խօսքով` ժողովուրդը պէտք է դառնայ իրողութեան լիարժէք տէրը, թելադրէ իր կամքը` փակելով ու բանալով ինչ ուզէ եւ երբ ուզէ: Ասիկա վերջնականապէս ակնյայտ կը դարձնէ Նիկոլի փաստացի իշխանազրկումը, որմէ ետք Նիկոլի հրաժարականը կը դառնայ անխուսափելի:

Ի՞նչ պէտք է ատոր համար: Ընդամէնը մէկ բան, սիրելի՛ հայրենակիցներ, մեծցնել անհնազանդութեան ցոյցերու ծաւալները, մասնակիցներուն քանակը եւ դառնալ իրադրութեան տէրը. այս է յառաջիկայ օրերուն մեր առջեւ դրուած խնդիրը:

Ես այստեղէն կը դիմեմ Հայաստանի, Արցախի, Սփիւռքի քաղաքական ուժերուն, հասարակական ուժերուն, ընկերային բոլոր շերտերուն, մասնագիտական շրջանակներուն, կարող անհատներուն, հոգեւոր-մշակութային-կրթական, գործարարական, Այ. Թի., ռազմական գործիչներուն, բոլորին` Հայաստանը բոլորինս է: Կանգնինք կողք-կողքի: Մենք կրնանք լուծել ցանկացած խնդիր:

Այստեղ կուսակցական պայքար չկայ, արտօնեալ խումբեր ու անհատներ չկան, այստեղ համաժողովրդական ընդվզում է` յանուն իւրաքանչիւրիս արժանապատւութեան, յանուն ազգային ինքնութեան, յանուն արդար, ուժեղ, համերաշխ պետութեան, յանուն Արցախի, Հայաստանի:

Վստահեցէ՛ք, մասնակցեցէ՛ք, մենք պիտի յաղթենք:

Իշխան Սաղաթէլեան

«Դիմադրութիւն» Շարժում