Դեսպան Դոկտ. Նորա Արիսեան Նախագահ Ալ-Ասատի Դիմաց Իր Երդումը Տուաւ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Երեքշաբթի, 10 Մայիս 2022-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր նորընտիր դեսպան դոկտ. Նորա Արիսեան երդում տուաւ Նախագահ Պաշար ալ-Ասատի դիմաց: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Գանձասար»-էն։

Երդման արարողութենէն ետք, դեսպան դոկտ. Նորա Արիսեանին հետ հանդիպման ընթացքին, նախագահ ալ-Ասատ ողջունեց նորանշանակ դեսպանը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր: Նախագահը, երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւններու առնչութեամբ իր ցուցմունքներն ու թելադրանքները փոխանցեց դեսպան դոկտ. Արիսեանին:

Յայտնենք, թէ երդման արարողութեան ներկայ էին Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ Միքտատ եւ Սուրիոյ նախագահական պալատի նախարար տիար Մանսուր Ազզամ: