Լոս Անճելըսի Մէջ Եւս Կը Զարթնի Լաոն

Հայաստան, Սփիւռք

Մայիս 9-ի երեկոյեան հարիւրաւոր լոսանճելըսահայեր՝ մասնակցելով ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսարանի դիմաց կազմակերպուած հանրահաւաքին՝ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Հայաստանի ընդդիմութեան բողոքի ցոյցերուն: Այս մասին կը հաղորդէ oragark.com-ը։

Հանրահաւաքի մասնակիցներթ իրենց հետ ունէին Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները եւ Հայաստանի իշխանութիւններու հեռացումը պահանջող պաստառներ՝ վանկարկելով «առանց Նիկոլ Հայաստան», «առանց թուրքի Հայաստան»:

Հանրահաւաքին խօսք առին բազմաթիւ հասարակական գործիչներ եւ Արցախեան պատերազմներուն մասնակցած հերոսներու զաւակներ: Բանախօսները իրենց ելոյթներուն մէջ ընդգծեցին, որ Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները տէ ֆաքթօ կը տանին թրքամէտ քաղաքականութիւն, պատրաստ են բարեկամութիւն ընելու նոյն պետութեան հետ, որ մինչեւ այսօր կալանքի տակ կը պահէ մեր ռազմագերիները:

Անոնք նաեւ կոչ ըրին այն բոլոր հայերուն, որոնք կը գիտակցին, որ Արցախը չի կրնար ըլլալ Ազրպէյճանի կազմին մէջ, որ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը անձեռնմխելի է, որ Հայաստանի պետականութիւնը անսակարկելի արժէք է, պէտք է իջնեն փողոց եւ մասնակից դառնան հայ ժողովուրդի ապագայի կերտման: Ելոյթներուն ընթացքին նաեւ ընդգծուեցաւ, որ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնը արդէն իսկ քաղաքական դիակ է եւ անոր կը մնան հաշուած օրեր, իսկ իշխանութիւններու կազմակերպած սադրանքները ոչ միայն որեւէ արդիւնք պիտի չունենան, այլ հակառակ ազդեցութիւն պիտի գործեն եւ անոնց շնորհիւ ամէն օր աւելի շատ Լաոներ պիտի զարթնին:

Հանրահաւաքի մասնակիցները, այնուհետեւ, քայլերթ կատարեցին դէպի Արցախի պողոտայ եւ յեղափոխական երգեր հնչեցնելով նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններուն դէմ լոզունգներ վանկարկելով անցան Կլենտէյլի գլխաւոր փողոցներէն:

Քայլերթի աւարտին՝ բողոքի ցոյցի մասնակիցները համախմբուեցան Կլենտէյլի Հանրային գրադարանի շէնքին առջեւ, ուր եզրափակիչ ելոյթով հանդէս եկաւ ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան:

Քայլերթը աւարտեցաւ «Զարթիր Լաօ» երգով: