«Ե՛կ Աշխարհը Պիրինք Արցախ» Նախաձեռնութիւնն ու Ափոն

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

Մշակութային Արցախ

Ափօ Սահակեանի հեղինակային երգերը ամենեւին չէին տարբերեր շատերուս ծանօթ ու սիրելի ազգային-ազատագրական երգերէն։

Երգիչ, երգահան, գրող Ափօ Սահակեանը ժամանած է Երուսաղեմէն։ «Ե՛կ աշխարհը պիրինք Արցախ» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս Ափոն ամենահամարձակն է։ Ան առաջինը եկաւ Արցախ։ Համարձակ նաեւ այն առումով, որ երիտասարդ արուեստագէտը աշնանային պատերազմի 44 օրերէն 35-ը անցուցած է Արցախի մէջ՝ իր օգտակարութիւնը բերելով արցախցի հայրենակիցներուն։ Այդ օրերուն է, որ հաւանաբար երգահանի մտքին մէջ ծաւալած են քանի մը նոր երգերու բառերն ու երաժշտութիւնը, եւ երգերը գտած են լսողը։

-«Ապրած եմ եւ կ՝ապրիմ իսրայէլա-արաբական միջավայրի մէջ, բայց ազդուած եմ այն երգերէն, որոնք կը հնչէին իմ ընտանիքէս ներս, կ՝երգէին իմ ծնողները»,- կ՝ըսէ Ափոն,- «Շնորհակալ եմ ծնողներուս, որոնք կապը ամուր պահած են արեանս հետ։ Սս նոյնպէս սկսայ երգել ժողովրդական, ազգագրական երգեր։ Ու սկսայ նաեւ գրել ու իմ գրածը երգել։ «Մուսա լերան բարբառը», «Քարին տակը», «Կյասըս, քիսըս»․․․ Կը գրեմ նաեւ արցախեան բարբառով։ Շատ երգեր գրած եմ, մէկ մասը Արցախի մէջ այս օրերուն երգեցի»,- կը նշէ երգիչը։

Մայիս 7-ին, Ափոն Մարտունի էր։ Եւ ատիկա նոյն ծրագրի ծիրէն ներս։ Թուֆէնկեան բարեգործական հիմնադրամի «Ե՛կ աշխարհը պիրինք Արցախ» նախաձեռնութեան մեկնարկը մշակութային էր, բայց ատիկա սկիզբն է միայն։

-«Այս ծրագիրով սփիւռքահայ տարբեր գործիչներ պիտի հրաւիրենք Արցախ»,-փակագիծեր կը բանայ Թուֆէնկեան հիմնադրամի հանրային կապերու տնօրէն Ռուբէն Ճանպազեան,- «Տարբեր ձեւաչափերով պիտի կազմակերպենք հանդիպումներ։ Նախատեսած ենք, որ ընթացիկ տարին գոնէ չորս այսպիսի այցելութիւններ տեղի կ՝ունենան։ Մեզի պիտի միանան գործիչներ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութենէն»,- կը նշէ ան։

Ռ․ Ճանպազեան համագործակցող կողմերէն կը նշէ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակը։

-«Թուֆէնկեանի հետ նախատեսած ենք այս ծրագիրով կամուրջ ստեղծել Արցախի ու աշխարհի, Արցախի ու Սփիւռքի, Արցախի ու Մայր Հայաստանի, արցախցիի եւ, առհասարակ, հայ մտաւորականի, հայ արուեստագէտի, հայ մարդու միջեւ՝ աշխարհի որ ծայրն ալ բնակի ան»,- կը պատմէ Համազգայինի արցախեան գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան։

-«Կ՝ուզենք ըսել, որ արցախցին իր երկրին, իր տան մէջկը կամենայ խաղաղ ապրիլ ու ստեղծագործել, եւ այս անորշութեան մէջ կը շարունակէ արարել»,- կ՝ըսէ Աւագեան։

Ռ․ Ճանպազեան եւ Հ․ Աւագեան կը նշեն՝ նախաձեռնութեան միացած եւ համերգային ծրագիրներուն իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերած են նաեւ «Կինի Ստեփանակերտ» սրճարանը, Պոլ Էլիւարի տուն ֆրանքոֆոնիայի կեդրոնը, «ՋՋ» տաքսի ծառայութիւնը:

Ափօ Սահակեան, նուագախումբի անդամներն ու արցախցի երիտասարդները ծրագրի անդրանիկ հանդիպումը սկսած են երգերով, աւարտած շուրջպարով։

Հանդիպման ներկայ եղած է Արցախի Հանրապետութեան ԿԳՄՍ նախարար Անահիտ Յակոբեան։