Փաշինեանը ԱԺ Ուղիղ Եթերը Անջատելէ Ետք Տուն Փախած է

Հայաստան

Sputnik Armenia-ի տեսախցիկը արձանագրած է, ինչպէս Նիկոլ Փաշինեանը կը փախչի ԱԺ դահլիճէն՝ ԱԺ ուղիղ եթերը անջատելէ անմիջապէս ետք։ Նշենք, որ ընդդիմադիր խմբակցութիւնները ներկայացուցին անոր հրաժարականի հանրային պահանջը։

Մինչ այդ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները, մասնաւորապէս` Գեղամ Մանուկեանն ու Ագնեսա Խամոյեանը, մօտեցան ամպիոնի մօտ կանգնած Փաշինեանին ու սկսան խօսիլ անոր հետ։

ԱԺ նախագահ Ալէն Սիմոնեանն ալ, հեռացող ընդդիմադիր պատգամաւորներուն ըսաւ. «Գացէ՛ք, գացէ՛ք 30-40 հազար մարդոց մօտ»։

Նշենք, որ ընդդիմադիր պատգամաւորները ԱԺ նիստին կը մասնակցէին Փաշինեանի հրաժարականի պահանջը ներկայացնելու համար։