Արմէն Ռուստամեանը ԱԺ-ի Մէջ Ժողովուրդի Անունով Փաշինեանին Ներկայացուց Անոր Հրաժարականի Հանրային Պահանջը

Հայաստան

Ֆրանսայի հրապարակին վրայ հաւաքուած ժողովուրդին կողմէ գործուղուած ենք՝ ներկայացնելու Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի հանրային պահանջը եւ այդ նպատակով է, որ այստեղ ենք։ Այսօր, ըստ Yerkir.am-ի, յայտարարեց ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեանը՝ խորհրդարանի մէջ վարչապետ Փաշինեանի հետ հարցուպատասխանի ժամուն։

Ան ընթերցեց ընդդիմադիրներու խորհրդարան բերած Փաշինեանի հրաժարականի հանրային պահանջը, որ ձեւակերպուած էր Ֆրանսայի հրապարակին վրայ։

Նիկոլ Փաշինեանը պատասխանեց՝ կէտ առ կէտ անդրադառնալով հրաժարականի պահանջին՝ սովորութեան համաձայն իր յանցանքներու պատասխանատւութիւնը դնելով նախկիններուն վրայ։