Օնթարիոյի Աժաքս Քաղաքը 24 Ապրիլը Յայտարարեց Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Գանատայի Օնթարիօ նահանգի Աժաքս քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը 24 Ապրիլը յայտարարեց Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր։ Այս մասին կը յայտնէ Թորոնթոյի Հայ Դատի յանձնախումբը։

Այս առիթով, 2 Մայիս 2022-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն քաղաքապետարանի շէնքին առջեւ:

Այս նախաձեռնութեան մէջ կարեւոր ներդրում ունեցաւ Աժաքսի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Ճորճ Խրլաքեանը։