Ցեղասպանութեան Դասաւանդման Նիւթեր Բաժնուեցան Առաւել Քան 3 Միլիոն Ուսուցիչի

Աշխարհ, Սփիւռք

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակին առիթով, Միացեալ Նահանգներու Ազգային կրթութեան միութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման տպագիր եւ թուային նիւթեր բաժնեց առաւել քան 3 միլիոն ուսուցիչի։

Յիշեցնենք, թէ Յուլիս 2021-ին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կրթական բաժանմունքէն եւ Քալիֆորնիոյ ուսուցիչներու միութեան պատուիրակ Թալին Արսէնեանի ջանքերով, Ազգային կրթութեան միութիւնը բանաձեւ մը վաւերացուց, Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը քաջալերելու նպատակով։ Այս քայլը բանաձեւին գործնական առաջին քայլը կը հանդիսանայ։