Յաղթանակի, Պարտութեան, Յոյսի եւ Յանձնառութեան Մասին (Յ. Պալեան)

Uncategorized

Բռնութեամբ ձեռք բերուած յաղթանակը համարժէք է պարտութեան, քանի որ ան ժամանակաւոր է:

Կանտի (1869-1948), իմաստասէր եւ յեղափոխական

Անոնք որոնք տեղւոյն վրայ կը գտնուին, ներկան եւ ապագան ըմբռնելու աւելի իմաստութիւն ունին, գիտեն թէ ի՞նչ բան լաւ է, ի՞նչ բան վատ է ազգի գոյութենական հարցականներուն դիմաց, եթէ ճահճացած չըլլան թաղային-գաւառական պղտորութիններու մէջ: Այս տեսակէտէն իւրաքանչիւր հայու համար մտածման առարկայ պէտք է ըլլայ Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի միտքը, զոր կարդացի հայաստանեան թերթի մէջ: Ան ըսած է.

«Արցախցիները,  ինչքան էլ դա զարմանալի կարող է թուալ ոմանց` շարունակում են հաւատալ, որ անկախ, ինքնիշխան երկրորդ հայկական պետութիւնը հոմանիշ է ազգային արժանապատուութեան, առանց որի վտանգուած է հայկական ինքնութիւնն ու հայկական անկախ պետականութիւնն ընդհանրապէս»:

            Ի՜նչ կենսական գաղափարներ կան այս խօսքին մէջ. ազգային արժանապատուութիւն, ինքնութիւն, հայկական անկախ պետականութիւն…

            Արդարեւ, եթէ հայութեան թշնամիները յաջողին ի սպառ անհետացնել Արցախի հայկական պետութիւնը, հոն տեղի կ’ունենայ հայաթափութիւն, երկիրը կը թրքանայ: Եթէ թուրք-ազերի ծաւալապաշտները յաջողին այդ ընել, Հայաստան եւ միջազգային համայնքը այդ լուծումը ընդունին որպէս կատարուած իրողութիւն, ոչ մէկ հոգեբարոյական եւ քաղաքական արգելք պիտի մնայ, որ տեւաբար մեծ ու պզտիկ նախայարձակումներու ենթակայ Հայաստանն ալ չարժանացնեն այդ վիճակին:

Հայաստան պարտուած է 44օրեայ պատերազմինր որ դեռ կը շարունակուի սահմանին վրայ, հակառակ կնքուած համաձայնութիւններու եւ յայտարարութիւններու: Հակառակ ընտրական յաջողութեան, Հայաստանի իշխանութիւնները, պարտութեան հետեւանքով թէեւ վարկաբեկուած, երկրին մէջ եւ երկրէն դուրս կը շարունակեն յաղթականի յատուկ ոճով կառավարել երկիրը, չեն յաջողիր կամ չեն ուզեր ազգային ՄԷԿՈՒԹԻՒՆ ստեղծել:

            Կարծէք Հայատանի կառավարութիւնը եւ ժողովուրդը պարտութիւնը հերոսութիւն կը համարեն, եւ անգլիացի բանաստեղծ Ռիւտեարտ Քիփլինկի իմաստութիւնը որդեգրած են, որ ըսած է. «Յաղթանակէն վերջ հանդիպիլ պարտութեան եւ նոյն ձեւով ընդունիլ զոյգն այդ խաբող»: Քիփլինկի իմաստութիւնը կը վերաբերի անհատական կեանքին, անհատի ընկճուածութիւնը ընկերային-հաւաքական աղէտ չ’ըլլար: Երկրի մը, պետութեան մը պարտութիւնը հաւաքականութեան համար ունի ծանրակշիռ հետեւանքներ, ոչ միայն հոգեբանական եւ բարոյական, այլ՝ գոյութենական, ինչ կը վերաբերի ինքնութեան, հայրենիքի, ընկերային կեանքի, յառաջդիմութեան եւ բարօրութեան:

            Պարտութեան ընկճուածութիւնը դարմանելու համար, նոր կեանք սկսելու համար, ժողովուրդներ բնական ողջախոհութեամբ, կը դիմեն իշխանափոխութեան:

            Նոր դէմք: Նոր խօսք: Նոր յոյս:

            Հակառակ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ընտրական յաղթանակներու, Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութիւնը կը շարունակէ մնալ պարտուածի ընկճուածութեան մէջ: Հետեւանքներէն գլխաւորը ապագայի նկատմամբ լաւատեսութեան բացակայութիւնն է: Ապահովութեան եւ բարօրութեան յոյսը երբ կը չքանայ, ամբոխային տրամաբանութիւնը կ’ուղղուի դէպի արտագաղթ, այլ երկինքներու տակ գտնելու համար այն բոլորը որոնց զրկանքը կը զգան մարդիկ: Իշխանափոխութիւնը յոյսի պատուհան կրնար ըլլալ, նոյնիսկ եթէ անոր յաջողութեան պայմանները չնչին ըլլային:

            Պէտք է լսել, թէ ի՞նչ կ’ըսէ հզօր բրիտանական կայսրութեան դէմ պայքարած եւ յաղթանակած Մահաթմա Կանտին. «Բռնութեամբ ձեռք բերուած յաղթանակը համարժէք է պարտութեան, քանի որ ան ժամանակաւոր է»: Հայաստան պարտուած է բռնութեան եւ բրտութեան անհաւասար մարտի մէջ: Այս հաստատումը որքան ալ ճիշդ ըլլայ, չ’արդարացներ քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարութեան սխալներն ու անկարողութիւնը, որոնց համար իշխանութիւնը պարտաւոր էր հաշուետուութիւն եւ ինքնաքննադատութիւն ընել հանրային դատարանի առջեւ: Այդ պէտք էր որ պահանջէր քաղաքականօրէն հասուն եւ ազգայինը ամէն բանէ վեր դասող գիտակից հանրութիւնը:

            Հայաստանի եւ սփիւռքի ղեկավարութիւնները (ա՜խ այս յոգնակին), եւ ի հարկէ իշխանութիւնը, կարծէք լիովին չեն ըմբռնած պարտութեան հոգեբարոյական, տարածքային, մարդկային, նիւթական եւ քաղաքական հարուածի հետեւանքները, եւ կը շարունակեն դասական դարձած մրցակցութիւնները: Եթէ աւելի իմաստուն ըլլային, Ազգային Փրկութեան եւ Վերականգնումի հասկացողութեամբ իշխանութիւն մը կը ստեղծէին, որպէսզի փոխանակ պառակտուելու, միասնաբար դիմագրաւէին ազգային գոյութեան դէմ եղած սպառնալիքները:

Այս աթոռի կամ իշխանութեան հարց  չէ, այլ պատմութեան հանգուցային պահուն իրա՛ւ ղեկավարութիւն ստեղծելու հասունութիւն եւ յանձնառութիւն: Յաւելեալ պարտքի գիտակցութիւն:

            Պարտութիւն եւ գոյութենական սպառնալիքներ բաւարար պատճառներ պէտք է ըլլային սովորական մրցակցութիւնները, փառասիրութիւնները եւ իշխանատենչութիւնները գերանցելու: Պատմական օրինակելի վկայութիւններ կան: Ֆրանսայի ազատագրական եւ դիմադրական շարժման մեծ ղեկավարը, զօրավար Շարլ տը Կոլ, արտակարգ իմաստութիւն ցուցաբերեց եւ գործակցութիւն հաստատեց պարտութիւնը մերժող բոլոր ուժերուն հետ, անկախաբար անոնց քաղաքական ըմբռնումներէն, համայնավարներ ալ առաւ իր կառավարական կազմին մէջ:

            Մեր փոքրիկ երկրին մէջ ամէն մէկը կը ճանչնայ միւսը, կարողութիւնները թաքուն չեն: Մտաւորական մեծ ուժերը, քաղաքական-պատմական, տնտեսական-ելեւմտական-վարչական, զինուորական եւ գիտական, յաճախ կը մոռցուին, իրենց նպաստը չեն բերեր վերականգնումի գործին: Ճիշդ պէտք է ըմբռնել. մտաւորական-մասնագիտական կարողութիւնները կ’անտեսուին: Այսպէս է կացութիւնը, քանի որ ապագային յառող վերականգնումի եւ հզօրացման ղեկավարում չունեցանք եւ չունինք: Մեքենայութիւնները, մանիպուլացիաները, այսօր յաջողութիւններ կրնան ունենալ, թաղային փառասիրութիւններ կրնան բաւարարել, բայց ո՛չ ապագայի եւ ո՛չ ալ վերականգնումի երաշխիք են:

            Պետութեան ղեկավարումը երբ կը ճահճանայ մեծ ու պզտիկ հաշուեյարդարներու մակարդակին, անկարող կ’ըլլայ կուրծք տալու դժուարութիւններու եւ սպառնալիքներու:

            Նման պարագաներու երբեմն կը յայտնուին նախախնամական կամ բարձր հեղինակութիւն ունեցող անձնաւորութիւններ: Բայց երբ կը դիտեմ մեր իրականութիւնը, ներսը եւ դուրսը, մեծեր եւ պզտիկներ այնքան զիրար խծբծեցին, խծբծանքը համարեցին քաղաքական մրցակցութիւն, որ կարծէք դռները փակուած են հեղինակութիւններու առջեւ:

            Այս մասին խօսիլ եւ լսել թշնամանք չէ իշխողին ուղղուած, նոր փառասիրութիւններու ածուին ջուր բերելու միտում չէ: Այլ եսէն եւ հատուածականութենէն անդին նայելու փորձ, զոր այնքան դիպուկ կերպով սահմանած է ֆրանսայի նախկին նախագահներէն Ժագ Շիրաք: Ան ըսած էր. «Քաղաքականութիւնը սոսկ կարելիին արուեստը չէ: Կան պահեր երբ ան կը դառնայ անհրաժեշտը կարելի դարձնելու արուեստը»:

            Այսօր, մոռնալով թաղային մրցակցութիւնները, իմաստութիւն եւ յանդգնութիւն պէտք է ունենանք որոշելու, ներսը եւ դուրսը, թէ Ի՞ՆՉ Է ԱՆՀՐԱԺԵՇՏԸ ԱԶԳԻՆ ՀԱՄԱՐ ԵՒ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԱՅԴ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏԸ ԿԱՐԵԼԻ ԴԱՐՁՆԵԼ:

            Առանց յատուկ անուններու, առանց հին կամ նոր քէներու:

            Որպէսզի վերականգնումի, զոհողութեան եւ ղեկավարման եռանկիւնին մէջ իրականութիւն դարձնենք Մահաթմա Կանտիի իմաստուն խօսքը.  «Բբռնութեամբ ձեռք բերուած յաղթանակը համարժէք է պարտութեան, քանի որ ան ժամանակաւոր է»:

Այս ընել կարելի է  ոչ թէ իրարու դէմ նիզակ ճօճելով, այլ նիզակ ուղղելով ճիշդ թիրախի:

            Ինչո՞ւ չենք լսեր պատմութեան իմաստութիւնը, եւ երբեմն չենք ըսեր, թէ «դուն ճիշդ ես», կամ՝ «դուն ալ իրաւունք ունիս»: Այս կ’ըլլայ քաղաքական հասունութեան իմաստութիւն:

            Այս զգացական հայրենասիրութենէ եւ տուրիստական հայասիրութենէ տարբեր որակ է: