Ակնարկ. Անգարայի Միջնորդութիւնը Եւ Հարաւային Կովկասի Գոյավիճակի Շարունակումը. «Ազդակ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Անգարայի ինքնաառաջադրումը իբրեւ միջնորդ` ռուս-ուքրանական հակամարտութեան, իր առաջին գործնական դրսեւորումները ունեցաւ: Անթալիոյ մէջ պատերազմող կողմերու ներկայացուցիչներուն հանդիպումը հրադադարի չյանգեցաւ, այնուամենայնիւ նախնական արդիւնքներ արձանագրեց: Ասիկա Անգարայի դերակատարութեան  եւ տարածաշրջանային գործօն դառնալու երաշխիքի նախադրեալ է: Նախնական արդիւնքները ուքրանական որոշ ռազմավարական տարածքներու ուղղութեամբ ռուսական զինուորական գործողութիւններու կրճատումի մասին են: Սկսած է խօսուիլ արդէն ռուսական զօրքերու Քիեւէն հեռանալու մասին: Կանուխ է նման նահանջային տեղաշարժ հաստատելը, այդուհանդերձ ընդհանուր միտումները տեսանելի են:

Անգարան մէկ կողմէ դատապարտեց Ռուսիոյ ներխուժումը, միւս կողմէ չմիացաւ Արեւմուտքի որդեգրած համընդհանուր ճնշամիջոցային քաղաքականութեան. այլ խօսքով` պատժամիջոցներուն: Թէ՛ Արեւմուտքի եւ թէ՛ Ռուսիոյ ուղղութեամբ արձակուած ուղերձները հող կը պատրաստէին պատերազմի դադրեցման համար միջնորդի կարգավիճակ ստանձնելու փորձերուն:

Անգարան իր առնչութիւնը հիմնաւորեց նաեւ անով, որ խաղաղութեան հաստատումը կը շահագրգռէ Սեւծովեան բոլոր երկիրները: Պատերազմական գործողութիւններու ընդարձակման հաւանականութիւնը նուազեցնելու մղումը ակներեւ էր այստեղ: Մինչ Քիեւը կը յայտարարէր ՕԹԱՆ-ին չանդամակցելու, չէզոքութիւն որդեգրելու եւ Մոսկուայի հետ բանակցութիւններ սկսելու պատրաստակամութեան մասին:

Աշխարհագրական այս միջավայրին մէջ Անգարան Մոսկուայի հետ կը փորձէ համակարգել իր գործողութիւնները: Հարաւային Կովկասի մէջ գոյավիճակի փոփոխութեան նկրտումները զուտ ազրպէյճանական ներշնչանքներ չունէին անշուշտ: Փառուխն ու Քարագլուխը Անգարայի առնուազն համաձայնութեամբ, եթէ ոչ պատուէրով իրականացած գործողութիւններ են: Փոխանցելու` սահմանազատման եւ սահմանագծման օրակարգի անցնելու հրամայականը:

Սահմանափակ գործողութիւններ են, եթէ ընդունինք, որ մեծ հաշուով առկայ է տակաւին ռուս-թրքական համաձայնութիւնը կամ ռազմավարական մերձեցումը: Նոյն մղումներէն թելադրուած տրամաբանութեամբ պէտք է դիտել նաեւ կազատարի փակում-վերանորոգումը:

Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն դէպի Արցախ ռազմական ոտնձգութիւններու տեղափոխումը քաղաքական այլ առիթ կը ստեղծէ հայկական կողմին համար: Եթէ կ՛առարկուէր, որ ԵԱՀԿ-ը լիազօրուած է արցախեան հակամարտութեան հանգուցալուծման միջնորդական առաքելութիւն իրականացնելու, հետեւաբար իրաւասութիւն չունի Հայաստան – Ազրպէյճան սահմաններուն վրայ արձանագրուող միջադէպերը զսպելու, ապա հիմա ԵԱՀԿ-ի տիրոյթ վերադարձած են դէպքերը թէ՛ մարդասիրական եւ թէ՛ ռազմական առումներով:

Այս առումով ալ պէտք է ընկալել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու իրար լրացնող եւ քայլ մը դէպի հասցէականութիւն գացող յայտարարութիւնները: Թէ՛ Մոսկուան, թէ՛ Ուաշինկթընը եւ թէ՛ Փարիզը աւելի ուղղակի կը խօսին իրենց մտահոգութեան մասին` մատնացոյց ընելով ազրպէյճանական զօրքերը: Երանգային տարբերութիւններ կան անշուշտ երեք երկիրներու պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ: Այդուհանդերձ դրական առումով խախտած է համահաւասարութեան կանոնի օրէնքը:

ԵԱՀԿ-ի վերագործարկումը չի բխիր անշուշտ Անգարայի շահերէն: Ուաշինկթընն ու Փարիզը` հակակշռելու համար Մոսկուա – Անգարա համաձայնութեամբ կայացած գոյավիճակը, հիմա կրնան աշխուժութեան փաստեր հրամցնել: Միւս կողմէ, Արցախի մէջ կայունութեան խախտումը  ռուսական խաղաղապահ դերակատարութեան ձախողութիւն է: Հետեւաբար աւելի համոզիչ կրնայ դառնալ գործողութիւններու սահմանափակուած ըլլալը իբրեւ ճնշամիջոց` սահմանազատումն ու սահմանագծումը արագացնելու: Այլապէս, աւելի՛ն` չի բխիր իրողական երկու միջնորդներու շահերէն:

Անգարայի միջնորդութեան առաջին դրսեւորումները ռուս-ուքրանական պատերազմող կողմերուն միջեւ կը յուշեն, որ տարածաշրջանին մէջ տակաւին ի զօրու է Մոսկուա – Անգարա ռազմավարական գործընկերութեամբ նոր գոյավիճակներ ստեղծելու իրողութիւնը: