Հայ Դատի Յանձնախումբը Կոչ Կ՚ուղղէ Գանատայի Կառավարութեան Դատապարտելու Պաքուի Յարձակողապաշտ Ընթացքը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը Մարտ 29-ին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կ՚անդրադառնայ Արցախի Հանրապետութեան մէջ լարուածութեան սրացման եւ խաղաղ հայ բնակչութեան դեմ Ազրպէյճանի բռնարարքներուն։

Յայտարարութեան մէջ յանձնախումբը խստօրէն կը դատապարտէ Արցախի դէմ Ազրպէյճանի որդեգրած յարձակողապաշտ քայլերը եւ կոչ կ՚ուղղէ Գանատայի կառավարութեան անյապաղ դատապարտելու Պաքուի քաղաքական այս ընթացքը  եւ օգտագործելու իր տրամադրութեան տակ գտնուող դիւանագիտական բոլոր միջոցները՝ զսպելու Ազրպէյճանի բռնութեան եւ տարածաշրջանը ապակայունացնելու փորձերը։

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ Մարտ 24-էն ի վեր սկիզբ առած ազրպէյճանական զինուած ուժերը քանի մը անգամ ներխուժած են Արցախի Հանրապետութեան տարածք՝ կոպտօրէն խախտելով 2020 թուականի Նոյեմբերի հրադադարի պայմանագիրը եւ յստակ դարձնելով Արցախի մէջ ռազմական գործողութիւններու վերսկսման իրենց մտադրութիւնը։

«Օգտագործելով հրետանի եւ «Պայրաքտար» TB2 անօդաչու թռչող սարքեր, ազրպէյճանական նորագոյն յարձակումները պատճառ դարձած են մարդկային զոհերու եւ հայկական գիւղերու խաղաղ բնակչութեան լքելու իրենց բնակավայրերը»,- կը շեշտուի հաղորդագրութեան մէջ։

Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ կը նշէ, որ Ազրպէյճան օգտուելով տարածաշրջանէն ներս ստեղծուած փխրուն իրավիճակէն՝ տարբեր միջոցներ կ՚որդեգրէ Արցախի բնակչութիւնը ահաբեկման ենթարկելու եւ բարոյալքելու համար՝ նպատակ ունենալով հայաթափել Արցախի Հանրապետութիւնը։

Յայտարարութիւնը կը զգուշացնէ, որ յարձակողաղաշտութեան եւ համակարգուած ապատեղեկատուութեան արշաւին հետ միատեղ նման հոգեբանական պատերազմը, չի կրնար անպատիժ մնալ։ Մինչ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրները յստակօրէն կոչ ուղղած են սանձելու ազրպէյճանական յարձակումները, Գանատան կը մնայ լուռ ի տես լարուածութեան սրացման։

Հաղորդագրութեան աւարտին Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՚ուղղէ Գանատայի կառավարութեան ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ ազրպէյճանական յետագայ բռնութիւնները կանխելու համար: