Ըմբիշ Արսէն Յարութիւնեան՝ Եւրոպայի Կրկնակի Ախոյեան

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ Արսէն Յարութիւնեան դարձաւ Եւրոպայի առաջնութեան ոսկէ մետալակիր: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Երկիր»-էն։

Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ ընթացող Եւրոպայի առաջնութեան 61քկ քաշային կարգի եզրափակիչին՝ Հայաստանի ներկայացուցիչ Արսէն Յարութիւնեան մրցեցաւ թուրք Սուլէյման Աթլիի հետ եւ ժամանակէն շուտ` 15:3 հաշուով յաղթեց անոր:

Արսէն Յարությունեան երկրորդ անգամ է կը դառնայ Եւրոպայի ախոյեան:

Նախօրէին՝ Եւրոպայի առաջնութեան 70քկ քաշային կարգի եզրափակիչին՝ Հայաստանի ներկայացուցիչ Արման Անդրէասեան ուժերը չափեց Վրաստանէն Զուրապ Եագոպիշվիլիի հետ ու զիջեցաւ 1:2 հաշուով: Անդրէասեան դարձաւ Եւրոպայի առաջնութեան արծաթէ մետալակիր:

Աւելի շուտ Եւրոպայի առաջնութեան պրոնզէ մետալակիր դարձած էր 57քկ քաշային Մանուէլ Խնձրցեանը, որ մրցած էր Գերմանիան ներկայացնող Նիգլաս Սդեչելի հետ ու առաւելութեան հասած՝ 6:2 հաշուով: