Մեզմէ Ո՞վ Պիտի Զղջայ. Սեւան Ա. Մանճիկեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Սուրիոյ պատերազմէն քանի մը տարի անց, երկու տղաքս Հայաստան մեկնեցան, իրենց ուսումն ու կեանքը հոն շարունակելու: Անոնք իրենց ուսումը շարունակելու համար կողմնակի աշխատանք ալ փնտռեցին ու երկուքը թիկունք-թիկունքի տուած իրենց ուսումը աւարտեցին, մինչդեռ Սուրիոյ պատերազմը տակաւին աւարտին չհասաւ…:

Եօթը երկար տարիներ անցած էին: Այդ տարիներու ընթացքին ես ու ամուսինս կեանքի ծանր պայմաններուն ու զանազան դժուարութիւններուն քաջութեամբ տոկացած էինք: Դիմացած էինք հրթիռներուն, ելեկտրականութեան հոսանքի անջատումին, վառելանիւթ ապահովելու դժուարութեան եւ դեռ ինչերո՜ւ եւ ինչերո՜ւ: Սակայն երբ տղաքը մեզի հետ խօսած էին. «Փառք Աստուծոյ» ըսած էինք ու վստահեցուցած անոնց, որ մենք լաւ ենք: Ուրախ էինք, որ անոնք լաւ, հանգիստ են ու յաջողակ դարձած են՝ երկար ճամբայ մը իրենց ճիգերով կտրելէ ետք:

Տղաքը քաջ գիտնալով, որ իրենց կարօտն ու օտարութիւնը պատերազմի ստեղծած պայմաններէն աւելի ծանր ու դժուար են, օր մըն ալ մեզի համար դէպի Երեւան օդանաւի տոմսեր ապահոված էին, որպէսզի այցելենք իրենց:

Երբ Երեւանի օդակայանի սպասման սրահին մէջ անցորդներու ու ժամանողներու մէջ մեզ որոնող աչքերը մեզ գտան, ծնողք-զաւակ հանդիպումի ուրախութիւնը ամոքեց կարօտին առթած ցաւն ու կոտտանքը. որքան փոխուած էին անոնք թէ՛ ֆիզիքապէս, թէ՛ մտածելակերպով: Ճիշդ է, որ միշտ իրենց հետ նկարներ փոխանակած էինք, video call-ով խօսած էինք, սակայն դէմ առ դէմ զիրար տեսնելը տարբեր բան էր՝ ողջագուրուիլ ու տեսնել, իրենց հասունութիւնը զգալ էր:

Տղաքը ճիգ չխնայեցին մեզ ուրախացնելու: Անոնք մեզի հետ լաւ ժամանակ անցընելու համար նիւթականի ու ժամանակի իմաստով իրենց կարելիութենէն աւելին տրամադրեցին:

Սուրիական պատերազմէն ետք, Երեւանը դարձած էր ոչ միայն հայրենիք, այլեւ զբօսաշրջութեան եւ տարբեր գաղութներէ ժամանած սուրիահայերու հանդիպման վայր:

Օր մըն ալ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակը տղոց հետ կը ճեմէինք թէ՛ հայրենիքը, թէ՛ տղաքը վայելելով, երբ յանկարծ հաճելի եւ ուրախ զուգադիպութեամբ մը մեր դասընկերոջ հանդիպեցանք: Ան Քանատայէն իր ընտանիքին հետ ժամանած էր Հայաստան:

Ինք մեր ու մեր զաւակներու լուրերով հետաքրքրուեցաւ, մենք ալ՝ իրենց նորութիւններով: Զանազան նիւթերու շուրջ զրուցեցինք երկա՜ր ատեն, իսկ երբ ցտեսութեան ու բաժանումի պահը մօտեցաւ, ան առաջարկեց մեր դասընկերներու «վերամիացումի ընթրիքին» ներկայ գտնուիլ: Վայրն ու ժամը տեղեկացուց, հեռաձայններու համարները փոխանակեցինք ու բաժնուեցանք:

Ուրախութիւնը պատած էր մեր սրտերը, անհամբեր էինք մեր դասընկերները տեսնելու համար: Տարիներէ ի վեր չէինք հանդիպած, կոտրուած ապակիի փշրանքներու նման ցիր ու ցան եղած էինք հոս ու հոն:

Յաջորդ օրը որոշուած վայրը հասանք, մեր ժամադրութենէն աւելի կանուխ, որպէսզի աւելի երկար ժամանակ վայելենք մեր դասընկերներուն ներկայութիւնը: Հետզհետէ բոլորը միացան մեզի: Խօսեցանք-խնդացինք, դպրոցական քաղցր յուշեր պատմեցինք, յիշեցինք մեր ուսուցիչներն ու անոնց իւրայատուկ արտայայտութիւնները եւ դեռ ինչպիսի՞ յուշեր մարմին առին ու տողանցեցին մեր մտապատկերին վրայ: Այս բոլորին կողքին պատմեցինք մեր ու մեր զաւակներուն մասին:

Ժամանակը անհաւատալիօրէն շուտ սահեցաւ, դեռ շատ ըսելիք ու խօսելիք նիւթեր ունէինք, բայց համարեա՛ աւարտած էր մեր հանդիպումին տրամադրուած ժամը, որ երկվայրկեանի մը տպաւորութիւնը թողած էր մեր վրայ: Բարեմաղթութիւններ փոխանակեցինք, կրկին տեսնուելու յոյսով ցտեսութիւն ըսինք իրարու եւ կրկին բաժնուեցանք:

Ամուսինս ու ես հետիոտն վերադարձանք տուն՝ անցնելով ապահով, խաղաղ, զով եւ լայն պողոտաներէ: Ճամբան զանազան նիւթերու շուրջ զրուցեցինք: Երկուքս ալ նկատած էինք, որ մեր եւ մեր ընկերներուն նիւթերը որքա՜ն տարբեր էին: Անոնց նիւթերը նոր գործերու մասին էին, իրենց զաւակները դպրոց-համալսարան տեղաւորած էին արդէն: Ճիշդ է, որ անոնք շատ մը դժուարութիւններու միջոցով անցած էին, բայց իրենց եւ իրենց զաւակներուն կեանքը նոր հունի մէջ դրած էին: Իրենց նոր բոյները հիւսած ու կեանքը ապահոված էին: Անցեալը իրենց ետին թողած, տուն-տեղ, գործ եւ հարազատներ քաղցր յուշեր դարձած էին ու կարօտով կը խօսէին այդ բոլորին մասին: Աւելին. անոնք հաշտուած էին նոր կեանքի պայմաններուն հետ, նոր տունի, գործի, նոր ընկերներու եւ թարմ յուշերու մասին կը խօսէին:

Իսկ մեր նիւթերը մեր զաւակներուն օտարութեան մէջ կրած դժուարութիւններն էին, ելեկտրականութեան հոսանքը, վառելանիւթը, պատերազմող երկրի մէջ յառաջացած կեանքի նորատեսակ դժուարութիւնները…:

Ես ու ամուսինս պահ մը յիշեցինք, թէ ինչպէ՛ս մէկը միւսին ետեւէն երկիրը լքող ու գաղթի ճամբան բռնող մեր ընկերներուն հրաժեշտ տալու պահուն աշնան տերեւաթափի տրտմութիւնը կ’ապրէինք: Մեր ընկերները աշնանային ծառի տերեւներուն նման կ’իյնային ծառէն, ու ամէն անգամ որ տերեւ մը իյնար, մեր մէջ բան մը կը կոտրուէր, կը կորսուէր…:

Մեր հոգիներն ու սրտերը կը փոթորկէին, սակայն մեր ուժեղ կամքը իր բարերար դերը կ’ունենար միշտ եւ մենք կրկին ոտքի կը կանգնէինք ու ալեկոծ ծովուն մէջ թիավարելով մեր օրերը առաջ կը տանէինք, միշտ հարց տալով թէ. «Մեզմէ ո՞վ պիտի զղջայ յառաջիկային…»: Ի դէպ, երբ զիրենք տարիներ առաջ ճամբայ կը դնէինք, կ’ըսէինք՝ «Աստուած չզղջացնէ»:

Այսօր, տարիներու թաւալումէն ետք, ես ինծի հարց կու տամ՝ «Մեզմէ ո՞վ պիտի զղջայ…»: