Ակնարկ. Մարդասիրականէն Սահմանազատում-Սահմանագծում, Անցնելով Անգարա-Երեւանէն. «Ազդակ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Պրիւքսելի եռակողմ հանդիպումը եւս փաթեթային բովանդակութիւն քննարկեց: Արցախ-Ազրպէյճան, Հայաստան-Ազրպէյճան հակամարտութիւններ եւ անշուշտ` տարածաշրջանային համագործակցութիւններ ներառած է: Յստակ, ժամկէտային սահմանումներով գործողութիւններու պայմանաւորուածութեան մասին տակաւին գէթ հրապարակային պաշտօնական յայտարարութիւն չկայ:

Կայ ընդհանուր միտում չհակադրուելու Մոսկուայի միջնորդութեամբ կայացած ընդհանուր համաձայնութիւններուն: Անոր նախաբանը կատարած էր նախագահ Փութինը Սոչիով կանխելով Պրիւքսելը եւ այդ առիթով յայտարարելով, որ Շարլ Միշելը կը սպասէ ձեզ շուտով:

Երանգային ուղերձը այն էր, որ Պրիւքսելը  հիմնականին մէջ պիտի զբաղի մարդասիրական խնդիրներով` բուն հանգուցալուծումները վերապահելով Մոսկուային: Չմոռնանք նկատելու, որ ի տարբերութիւն Սոչիի, որ ուղղակի հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան յատկացուած էր, Պրիւքսելը Արեւելեան գործընկերութեան համաժողովի պարունակին մէջ էր:

Հիմա տեսնենք, որ յայտարարութեան մարդասիրական բաժինը ինչպէ՞ս բանաձեւուած է.

«Նախագահ Միշելը ընդգծած է, որ առանցքային մարդասիրական հարցերու լուծումը վճռորոշ նշանակութիւն ունի: Ան ողջունած է Ազրպէյճանի կողմէ տասը հայ բանտարկեալի ազատ արձակումն ու ականապատ դաշտերու մնացած բոլոր քարտէսներու տրամադրումը Հայաստանի կողմէ: Ան կոչ ուղղած է ամբողջապէս եւ արագ կերպով լուծելու բոլոր առանցքային մարդասիրական հարցերը, ինչպիսիք են միւս ձերբակալուածներու ազատ արձակումը եւ անհետ կորսուածներու ճակատագիրի լուծումը` ընդունելով, որ երկու կողմերու մարդասիրական ժեսթերը նոյնպէս կը նպաստեն վստահութեան ամրապնդման եւ կ՛օգնեն են ստեղծելու պայմաններ, որոնք կը նպաստեն խաղաղութեան եւ հաշտեցման յառաջխաղացման: Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ աջակցիլ մարդասիրական ականազերծման ջանքերուն, այդ շարքին` փորձագիտական խորհրդատուութիւններու տրամադրման եւ հակամարտութենէ տուժած բնակչութեան վերականգնման եւ վերակառուցման հարցով օգնութիւն ցուցաբերելու միջոցով: Եւրոպական Միութիւնը նաեւ կը շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ վստահութեան ամրապնդման միջոցներուն»:

Մարդասիրական բաժինը ըստ յայտարարութեան ունի վճռորոշ նշանակութիւն հարցերու լուծման գործընթացին մէջ: Այստեղ կայ հաւասարեցում երկու կողմերու մարդասիրական բնոյթի առած քայլերուն: Ականապատուած քարտէսներու դիմաց ռազմագերիներու ազատ արձակում (թէկուզ եզրի փոփոխութեամբ. բանտարկեալ փոխան ռազմագերի): Կոչը` բոլոր ձերբակալեալները (եւ ոչ ռազմագերիները) ազատ արձակելու միակողմ հասցէ ունի լռելեայն: Պարզ է, որ հայկական կողմը ազրպէյճանցի ռազմագերի չունի, եւ այստեղ վարձկան ահաբեկիչները այդ հասկացողութեան մէջ չեն ներառուիր: Բայց ակնկալութիւնը երկկողմանի է: Երկու կողմերը մարդասիրական քայլեր պէտք է առնեն, որոնք կը նպաստեն վստահութեան ամրապնդման: Պարզ է Միշելի ակնարկը: Քարտէս ռազմագերիի դիմաց:

Անորոշ է «հակամարտութենէն տուժած բնակչութեան վերականգնում» բանաձեւի իրականացումը: Արագ կերպով կը մտաբերուի նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան 7-րդ կէտը` «ներքին տեղահանուած անձերը եւ փախստականները կը վերադառնան նախկին ԼՂԻՄ տարածք եւ յարակից շրջաններ` ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի վարչութեան վերահսկողութեան ներքոյ»: Բնականաբար չեն ճշդուած տուժածներու վերականգնման ծրագիրի մանրամասնութիւնները` եղանակ, ժամկէտ, միջոցներ: Վճռորոշ առանցքայնութիւնը Շարլ Միշելի բառերով մարդասիրական գործողութիւններու իրականացումն է: Թերեւս շեշտադրումը, յայտարարութեան 8-րդ կէտի իրականացման` կ՛իրականացուի ռազմագերիներու եւ պատանդներու, ինչպէս նաեւ զոհուածներու դիակներու փոխանակում»:

Հակամարտութեան եւ տարածաշրջանի ապաշրջափակման բաղադրիչները ընդհանուր ցանկութեան սահմաններուն մէջ նշուած են:

Դարձեալ կեդրոնանալով մարդասիրական բաժինին վրայ աւելորդ չէ մտածելը, որ ականապատուած քարտէսները հայկական կողմը արդէն փոխանցած ըլլայ Մոսկուային: Մոսկուան կը միջնորդէ, ռազմագերի կը հայրենադարձէ իր ներկայացուցիչին միջոցով. կը հետեւի ականապատման քարտէսի թղթածրարի որոշ բաժինի փոխանցումը:

Այս բոլոր գործընթացներուն զուգահեռ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը կ՛ողջունէ Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ երկխօսութեան սկսելու համար ներկայացուցիչներու նշանակումը:

Ուաշինկթըն, Մոսկուա, Պրիւքսել դերերու տեղաբաշխումի երեւոյթ կայ: Միացեալ Նահանգները կը զբաղին Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու հաստատման, Եւրոպան` մարդասիրական աշխատանքներով, իսկ Մոսկուան, սկսելու համար սահմանազատման եւ սահմանագծման ընթացակարգով: