Յառաջիկայ Օրերուն Պիտի Յայտարարուի, Թէ Օդանաւային Որ Ընկերութիւնները Պիտի Իրականացնեն Երեւան-Պոլիս Չուերթները. Չաւուշօղլու

Աշխարհ, Հայաստան

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ (ԱՄԷ) ունեցած հանդիպումներուն յաջորդած ասուլին ժամանակ խօսած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելուն միտուած նախաձեռնութեան մասին: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Anadolu ajansi-ն։

Չաւուշօղլուն պնդած է, թէ Թուրքիան ու Ազրպէյճանը պատերազմէն ետք շարունակաբար դրական ուղերձներ կը յղեն ու աւելացուցած. «Յատկապէս կարեւոր է համընդգրկուն խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու մասին Ազրպէյճանի ըրած առաջարկը Հայաստանին: Ատիկա նաեւ ցոյց կու տայ մեր եւ Ազրպէյճանի նպատակն ու մօտեցումը»:

Չաւուշօղլուն նաեւ յայտարարած է, որ Թուրքիան կ՝ուզէ տեսնել տարածաշրջանին մէջ այնպիսի համատեղ նախագիծեր, որոնք պիտի բերեն խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ տնտեսական վերելք: Ան այս ծիրէն ներս խօսած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ չուերթներու վերանկանգնման մասին՝ տեղեկացնելով, որ Պոլիս-Երեւան թռիչքներու իրականացման համար իրենց արդէն դիմած են հայկական ու թրքական օդանաւային ընկերութիւններ:

«Անոնք կ՝ուսումնասիրուին մեր Փոխադրամիջոցի նախարարութեան ու Քաղաքացիական թռիչքներ իրականացնողներու կողմէ: Սկզբունքօրէն դրական կը վերաբերինք: Յառաջիկայ օրերուն պիտի յայտարարուի, թէ որ ընկերութիւնները կրնան թռիչքներ իրականացնել»,- ըսած է Չաւուշօղլուն:

Ան յոյս յայտնած է, որ Հայաստանը տարածաշրջանի խաղաղութեան ու հանգստութեան միտուած կարեւոր քայլեր պիտի ընէ։