Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ Տիգրանակերտի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Յովսէփ Եկեղեցւոյ Մէջ

Աշխարհ, Էրկիր

5 Դեկ­տեմբեր 2021-ին առա­ւօտեան, Տիգ­րա­նակեր­տի Հայ Կա­թողի­կէ Սուրբ Յով­սէփ եկե­ղեց­ւոյ օծու­մը կա­տարե­լէ ետք, նոյն խո­րանին վրայ հան­դի­սաւոր սուրբ Պա­տարագ մա­տու­ցա­նեց մաս­նակցու­թեամբ մե­ծաթիւ հա­ւատա­ցեալ­նե­րու։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ակօս»-էն։

Սուրբ Պա­տարա­գին սպա­սա­րկեցին Ոս­կե­բերան եկե­ղեց­ւոյ դպիր­նե­րը իսկ եր­գե­ցողու­թիւնը կա­տարեց Ոս­կե­բերան դպրաց դա­սը։ Գե­րապայ­ծառ Տէ­րը շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց տեղ­ւոյն եւ պե­տական իշ­խա­նու­թիւննե­րուն, այս նո­րոգու­թեան աւար­տին առ­թիւ եւ ծրագ­րեց ամէն տա­րի հան­դի­սաւոր սուրբ Պա­տարագ մա­տու­ցա­նել, եւ հա­ւատ­քի լոյ­սը ան­պա­կաս պա­հել այս պատ­մա­կան սրբա­վայ­րէն։

Եկե­ղեցին կա­ռու­ցո­ւած էր ԺԸ. Եւ ԺԹ. դա­րերու մի­ջեւ։

2017 թո­ւակա­նին եկե­ղեցին Վա­գըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան կող­մէ վե­րաշի­նու­թեան սկսած եւ աւար­տած էր 2020 թո­ւակա­նին.

Ապ­րիլ 2020-ին եկե­ղեցին, մշա­կու­թա­յին եւ գե­ղարո­ւես­տա­կան ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րու հա­մար Տիճ­լէ հա­մալ­սա­րանին յատ­կա­ցուած էր եր­կար շրջա­նի մը հա­մար, սա­կայն միշտ Հայ Կա­թողի­կէ Առաջ­նորդա­րանին վե­րապա­հուած է հոն սրբա­զան արա­րողու­թիւններ կա­տարելը։