Ծանրաբարձ Տաթեւ Յակոբեան Աշխարհի Ախոյեանութեան 5-րդ Դիրքը Գրաւեց

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան ծանրաբարձութեան հաւաքականի անդամ Տաթեւ Յակոբեան՝ Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշկենտի մէջ կայացող ծանրաբարձութեան կանանց աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն՝
գրաւեց 5-րդ դիրքը:

Տաթեւ Յակոբեան մասնակցեցաւ 81 քկ ծանրութեան կարգի մրցումներուն: Ան 105 քկ բարձրացուց պոկումի վարժութիւններուն եւ 152 քկ` հրումին եւ գրաւեց 5-րդ դիրքը: